ԳՈՅԺ
Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինը խոր ցաւով կը գուժէ դաշնակցական ընկերներ, Հ.Յ.Դ. կամաւորական 2-րդ վաշտի հրամանատար ՄՀԵՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆի, նոյն վաշտի ազատամարտիկներ ԳԷՈՐԳ ՀԱՃԵԱՆի եւ ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԱՐԹԻՆի նահատակութիւնը: Անոնք հերոսաբար ինկան 6 Հոկտեմբերին` Արցախի մէջ, ռազմավարական կարեւորագոյն նշանակութեան բարձունքի ազատագրման համար մղուած ծանր մարտի ընթացքին` ջախջախիչ հակահարուած տալով թշնամիին:
Մեր հերոս ընկերները զոհաբերեցին իրենց կեանքը` փառաւոր նոր
էջով պսակելով մերօրեայ ազատագրական պայքարը:
Հ.Յ.Դ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՄԱՐՄԻՆ — 7 Հոտեմբեր 2020