­Գա­վա­լա­յի հայ­կա­կան վար­ժա­րա­նը թէ՛ տե­ղա­կան հա­մայն­քի եւ թէ՛ ­Հայ Գ­թու­թեան ­Խա­չի ­«Սե­ւան» մաս­նա­ճիւ­ղին հա­մար կա­րե­ւոր ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն է։ ­Կը գոր­ծէ շա­բա­թա­կան մէկ օր, ­Գա­վա­լա քա­ղա­քի ­Սուրբ ­Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ սրա­հէն ներս, դա­սա­ւան­դող Ք­րիս­տի­նէ ­Մա­թե­ւո­սեա­նի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեամբ։
Դպ­րո­ցին շնոր­հիւ ծնող­նե­րը հնա­րա­ւու­թիւն կ­‘ու­նե­նան ի­րենց զա­ւակ­նե­րը հայ­կա­կա­նու­թեամբ կրթե­լու եւ հայ­րե­նա­սի­րու­թեամբ դաս­տիա­րա­կե­լու։ ­Շա­բա­թա­կան դպրո­ցի թան­կա­գին պա­հե­րը կ­‘օգ­նեն որ փոք­րիկ­նե­րը դաս­տիա­րա­կո­ւին հայ­կա­կան մշա­կոյ­թով, ծա­նօ­թա­նան հա­յե­րէն լե­զո­ւի նրբու­թիւն­նե­րուն, գիր ու գրա­կա­նու­թեան, ու միա­ժա­մա­նակ նաեւ շփո­ւե­լու ի­րա­րու հետ, խօ­սե­լով հա­յե­րէն լե­զուն եւ լսե­լով հայ­րե­նի­քի մա­սին։
­Հայ Գ­թու­թեան ­Խա­չի ջան­քե­րուն շնոր­հիւ՝ ար­դէն եր­կար տա­րի­ներ կը հա­շո­ւէ դպրո­ցի գո­յու­թիւ­նը։ ­Մեծ պատ­րաս­տա­կա­մու­թեամբ եւ դաս­տիա­րակ­նե­րու ու Գ­թու­թեան ­Խա­չու­հի­նե­րու ջան­քե­րով, կա­րե­լի ե­ղած է պա­հել զայն եւ օգ­տո­ւիլ տո­ւած ար­դիւնք­նե­րէն։ ­Ցա­ւով պէտք է ար­ձա­նագ­րել, թէ երկ­րի տնտե­սա­կան ճգնա­ժա­մի պատ­ճա­ռով, շա­տեր մեկ­նե­ցան դէ­պի այլ եր­կիր­ներ, ո­րու հե­տե­ւան­քով ալ ա­շա­կերտ­նե­րուն թի­ւը նո­ւա­զե­ցաւ։ Այս տա­րի դպրոց կը յա­ճա­խեն 5 ա­շա­կերտ­ներ. տար­բեր տա­րի­քի տղաք։ ­Դա­սա­ժա­մը կը տե­ւէ 2 ժամ, ­Շա­բաթ օ­րե­րը հիմ­նա­կա­նօ­րէն։ ­Դա­սա­գիր­քե­րուն զու­գա­հեռ տե­ղե­կա­տո­ւու­թիւ­նը կը փո­խան­ցո­ւի տե­սա­նիւ­թե­րու եւ խա­ղե­րու մի­ջո­ցաւ, որ­պէս­զի գի­տե­լի­քը ա­ւե­լի դիւ­րաւ ըմբռ­նո­ւի փոք­րիկ­նե­րուն կող­մէ, ո­րոնք սի­րով եւ մեծ ու­րա­խու­թեամբ կը յա­ճա­խեն ի­րենց դպրո­ցը։
Ծ­նող­նե­րը կը վստա­հեց­նեն, որ կրթու­թիւ­նը եւ դպրո­ցա­կան տար­բեր մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը մե­ծա­պէս կը նպաս­տեն, որ ի­րենց զա­ւակ­նե­րը հա­ւա­տա­րիմ ըլ­լան հայ­կա­կան ար­ժէք­նե­րուն եւ ճանչ­նան ու սի­րեն ի­րենց հայ­րե­նի­քը, մեր հո­գու եր­կիր՝ ­Հա­յաս­տա­նը։
­Կը շնոր­հա­ւո­րենք ­Գա­վա­լա­յի հայ­կա­կան վար­ժա­րա­նի եւ իր նո­ւի­րեալ ու­սուց­չու­հիի ու օ­ժան­դակ մար­մին­նե­րու աշ­խա­տան­քը։