Հ.Կ.­Խա­չի ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու ար­տա­դա­սա­րա­նա­յին գոր­ծու­նէու­թեան ծի­րէն ներս, տա­րի­նե­րէ ի վեր մաս­նա­ւոր նշա­նա­կու­թիւն կը գրա­ւէ ա­շա­կեր­տու­թեան այ­ցե­լու­թիւ­նը «Ա­զատ Օր»-ի խմբագ­րա­տու­նը եւ յու­նա­հայ օ­րա­թեր­թի հրա­տա­րա­կու­թեան գոր­ծըն­թա­ցի ծա­նօ­թա­ցու­մը։
­Հա­մա­վա­րա­կի պատ­ճա­ռով՝ մօտ ե­րեք տա­րո­ւան ընդ­մի­ջու­մէ ետք, ­Հինգ­շաբ­թի, 10 ­Նո­յեմ­բեր 2022-ի ա­ռա­ւօ­տուն, Հ.Կ.­Խա­չի «Ա. եւ Ժ. ­Ճէ­նա­զեան» մի­ջա­նա­կարգ վար­ժա­րա­նի ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը, ի­րենց տնօ­րէ­նու­հի ընկ. Ար­շա­լոյս ­Սափ­րի­չեա­նի ու­ղեկ­ցու­թեամբ, այ­ցե­լե­ցին «Ա­զատ Օր»-ի խմբագ­րա­տու­նը եւ հիւ­րըն­կա­լո­ւե­ցան պաշ­տօ­նէու­թեան կող­մէ։
­Թեր­թի տնօ­րէն ընկ. ­Մայք ­Չի­լին­կի­րեան բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց ա­շա­կերտ­նե­րուն, ա­պա մեր պա­տա­նի­նե­րուն ներ­կա­յա­ցուց յու­նա­հայ գա­ղու­թի մա­մու­լի պատ­մու­թիւ­նը եւ զա­նա­զան հանգ­րո­ւան­նե­րը։ Ան անդ­րա­դար­ձաւ «Ա­զատ Օր»-ի պատ­մու­թեան ու հրա­տա­րա­կու­թեան, տա­լով յատ­կան­շա­կան տե­ղե­կու­թիւն­ներ թեր­թի 77 տա­րի­նե­րու ան­խա­փան ներ­կա­յու­թեան մա­սին յու­նա­հայ գա­ղու­թին մէջ։ Ըն­կե­րը կա­րե­ւո­րեց հայ մա­մու­լի հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը որ­պէս տե­ղե­կա­տո­ւա­կան մի­ջոց, այ­լեւ հայ լե­զո­ւի ու հա­յա­պահ­պան­ման ազ­դակ։
­Սոյն հան­դիպ­ման, պա­տեհ ա­ռիթ ըն­ծա­յո­ւե­ցաւ ա­շա­կերտ­նե­րուն խօ­սե­լու ­Հա­յաս­տա­նէն Ա­թէնք ժա­մա­նած Ե­րե­ւա­նի ման­կա­վար­ժա­կան հա­մալ­սա­րա­նի հա­մաշ­խար­հա­յին պատ­մու­թեան ամ­պիո­նի տնօ­րէն փրոֆ. ­Խա­չա­տուր Ս­տե­փա­նեան, որ ար­տա­յայ­տո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի կրթա­կան հա­մա­կար­գին մա­սին, ծան­րա­նա­լով հա­մալ­սա­րա­նա­կան ուս­մանց ո­լոր­տին վրայ։ Ըն­կե­րը յոյս եւ փա­փաք յայտ­նեց, որ ներ­կայ ա­շա­կեր­տու­թե­նէն մաս մը ա­ռի­թը ու­նե­նայ ու­սա­նե­լու ­Հա­յաս­տա­նի մէջ եւ ստա­նա­լու բարձր վկա­յա­կան­ներ հայ­րե­նի ա­կա­դե­մա­կան կրթա­րան­նե­րէն։
Այ­ցե­լող ա­շա­կերտ­նե­րը մեծ հե­տաքրք­րու­թիւն ցոյց տո­ւին թեր­թի հրա­տա­րա­կու­թեան շուրջ եւ շա­րու­նա­կա­կան հար­ցում­նե­րով ու­զե­ցին յա­ւե­լեալ տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղել «Ա­զատ Օր-ի մա­սին։
­Տեղ­ւոյն վրայ, ա­շա­կերտ­նե­րը եւ ա­նոնց տնօ­րէ­նու­հին հա­մա­ձայ­նե­ցան յա­ռա­ջի­կայ ա­միս­նե­րու ըն­թաց­քին պատ­րաս­տել ի­րենց է­ջը թեր­թին հա­մար, որ պի­տի պա­րու­նա­կէ յօ­դո­ւած­ներ եւ աշ­խա­տու­թիւն­ներ պա­տա­նի­նե­րուն կող­մէ։ Ա­ռա­ջար­կը ըն­դու­նո­ւե­ցաւ խան­դա­վա­ռու­թեամբ ու կը մնայ տես­նել այդ աշ­խա­տան­քի ար­դիւն­քը «Ա­զատ Օր»-ի է­ջե­րուն մէջ։
­Յա­ջոր­դա­բար, ա­շա­կերտ­նե­րը ա­ռիթ ու­նե­ցան այ­ցե­լել թեր­թի բա­ժին­նե­րը եւ ծա­նօ­թա­նալ հա­մա­կարգ­չա­յին շա­րու­մի ու է­ջադ­րու­մի ձե­ւա­ւոր­ման, մօ­տէն ապ­րե­լով թեր­թի ա­ռօ­րեայ պատ­րաս­տու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը։