Թե­սա­ղո­նի­կէի հայ հա­մայն­քը հո­գե­ւոր խոր ապ­րում­նե­րով եւ հա­ւատ­քի ջերմ մթնո­լոր­տով նշեց ­Սուրբ ­Յա­րու­թեան տօ­նին նա­խոր­դող եւ յա­ջոր­դող սրբա­զան օ­րե­րը՝ սկսե­լով ­Ծաղ­կա­զար­դի տօ­նա­կա­տա­րու­թե­նէն։
­Կի­րա­կի, 5 Ապ­րիլ 2026-ին, Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, հան­դի­սա­ւո­րա­պէս մա­տու­ցո­ւե­ցաւ ­Ծաղ­կա­զար­դի ­Սուրբ ­Պա­տա­րա­գը՝ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դի հոծ ներ­կա­յու­թեամբ։ Նշ­մա­րե­լի էր յատ­կա­պէս մա­նուկ­նե­րու եւ ե­րե­խա­նե­րու մեծ թի­ւը՝ նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ ­Ծաղ­կա­զար­դի տօ­նը նո­ւի­րո­ւած է ա­նոնց։ ­Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին, ­Հայր սուր­բը փո­խան­ցեց օ­րո­ւան քա­րո­զը՝ լու­սա­բա­նե­լով տօ­նին խոր­հուր­դը եւ ա­նոր հո­գե­ւոր պատ­գա­մը։ Այս ա­ռի­թով, ե­կե­ղեց­ւոյ ­Տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ պատ­րաս­տո­ւած նո­ւէր­ներ բաշ­խո­ւե­ցան մա­նուկ­նե­րուն՝ ա­ւե­լի պայ­ծա­ռաց­նե­լով տօ­նա­կան մթնո­լոր­տը։ Ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7:00-ին, տե­ղի ու­նե­ցաւ Դռն­բա­ցէ­քի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, ո­րուն ըն­թաց­քին ­Հայր սուր­բը քա­րո­զին ընդ­մէ­ջէն հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն ուղ­ղեց հո­գե­ւոր խրատ­ներ եւ խորհր­դա­ծա­կան պատ­գամ­ներ՝ հրա­ւի­րե­լով զա­նոնք խո­րաց­նե­լու ի­րենց հա­ւատ­քը եւ ա­ւե­լի գի­տակ­ցա­բար ապ­րե­լու քրիս­տո­նէա­կան կեան­քը։
Ա­ւագ Ե­րեք­շաբ­թի, ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7:00-ին, ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կա­տա­րո­ւե­ցաւ «­Տասն ­Կու­սա­նաց»-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մեր­գու­թիւ­նը, ո­րուն ներ­կայ գտնո­ւե­ցան նաեւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի միօ­րեայ դպրո­ցի ա­շա­կեր­տու­հի­նե­րը։ ­Ժա­մեր­գու­թեան ա­ւար­տին, ­Հայր sուր­բը փո­խան­ցեց օ­րո­ւան խոր­հուր­դին նո­ւի­րո­ւած իր հո­գե­ւոր խօս­քը՝ ընդգ­ծե­լով պատ­րաս­տա­կա­մու­թեան եւ արթ­նու­թեան կեն­սա­կան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը քրիս­տո­նէա­կան կեան­քին մէջ։
Ա­ւագ ­Հինգ­շաբ­թի ա­ռա­ւօ­տեան, մա­տու­ցո­ւե­ցաւ ­Սուրբ ­Հա­ղոր­դու­թեան հան­դի­սա­ւոր ­Պա­տա­րա­գը: Այս ա­ռի­թով, հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը կա­նուխ ժա­մե­րէն հա­մախմ­բո­ւե­ցան ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ՝ հա­ղոր­դո­ւե­լու եւ մաս­նակ­ցե­լու այս խո­րա­խոր­հուրդ ա­րա­րո­ղու­թեան։
­Կէ­սօ­րէ ետք, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան hօր նա­խա­գա­հու­թեամբ, տե­ղի ու­նե­ցաւ Ոտնլո­ւա­յի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, ո­րուն ա­ւար­տին Սր­բա­զա­նը իր հայ­րա­կան պատ­գա­մը ուղ­ղեց ներ­կա­նե­րուն եւ խորհր­դանշա­կան տաս­ներ­կու ա­շա­կերտ­նե­րուն՝ ընդգ­ծե­լով խո­նար­հու­թեան, ծա­ռա­յու­թեան եւ սի­րոյ ո­գին իբ­րեւ քրիս­տո­նէա­կան կեան­քի հիմ­նա­սիւ­ներ, եւ հրա­ւի­րե­լով հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը՝ այս ար­ժէք­նե­րը գործ­նա­կա­նօ­րէն կեան­քի կո­չե­լու ի­րենց ա­ռօ­րեա­յին մէջ։
­Նոյն օ­րը գի­շե­րը՝ ժա­մը 8:30-ին, Սրբա­զան ­Հօր նա­խա­գա­հու­թեամբ, ­Հայր սուր­բին եւ սար­կա­ւագ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ, տե­ղի ու­նե­ցաւ «­Խա­ւար­ման կարգ»-ը, ո­րուն ըն­թաց­քին, եր­գո­ւող շա­րա­կան­նե­րէն ա­ռանձ­նա­կի տպա­ւո­րիչ էր «Ո՞ւր ես ­Մայր իմ» շա­րա­կա­նը՝ Սրբա­զան հօր կա­տա­րո­ղու­թեամբ։ Ա­պա Ա­ռաջ­նոր­դը փո­խան­ցեց իր հայ­րա­կան պատ­գա­մը՝ անդ­րա­դառ­նա­լով Ք­րիս­տո­սի չար­չա­րանք­նե­րուն խոր ի­մաս­տին եւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը ա­ռաջ­նոր­դե­լով ներ­քին խորհր­դա­ծու­թեան եւ հո­գե­ւոր արթնու­թեան։ Ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը իր ա­ւար­տին հա­սաւ «­Խա­չի ­Քո Ք­րիս­տոս» հո­գե­ցունց շա­րա­կա­նով։
Ա­ւագ Ուր­բաթ, ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մե­րէն սկսեալ, Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ ­Տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բը զբա­ղե­ցաւ Ք­րիս­տո­սի խորհր­դան­շա­կան ­Գե­րեզ­մա­նի զար­դա­րան­քով։ Ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7:30-ին, կա­տա­րո­ւե­ցաւ «­Կարգ ­Թաղ­ման», նա­խա­գա­հու­թեամբ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր։ Ա­րա­րո­ղու­թե­նէն ետք, տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր թա­փօ­րը, ո­րուն ըն­թաց­քին ե­ղաւ նաեւ հան­դի­պում եւ ող­ջա­գու­րում ­Յու­նաց ե­կե­ղեց­ւոյ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ՝ եղ­բայ­րա­կան սի­րոյ մթնո­լոր­տի մէջ։ Սր­բա­զա­նը հոս եւս փո­խան­ցեց իր հայ­րա­կան խօս­քը՝ ընդգ­ծե­լով Ք­րիս­տո­սի զո­հա­բե­րա­կան սի­րոյ խոր­հուր­դը եւ ա­նոր կո­չը՝ մար­դուն կեան­քին մէջ վե­րա­նո­րո­գում եւ հա­ւատ­քի ամ­րապն­դում բե­րե­լու։
Ա­ւագ ­Շաբ­թո­ւան ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7:00-ին, տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Սուրբ ­Յա­րու­թեան Ճ­րա­գա­լոյ­ցի ժա­մեր­գու­թիւ­նը, որ­մէ ետք մա­տու­ցո­ւե­ցաւ ­Սուրբ ­Պա­տա­րա­գը՝ շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վի­ւին կող­մէ։ Իր քա­րո­զին մէջ, ան փո­խան­ցեց ազ­գա­յին եւ հո­գե­ւոր խոր ապ­րում­ներ՝ շեշ­տե­լով ­Յա­րու­թեան պատ­գա­մին կեն­սա­կան նշա­նա­կու­թիւ­նը։ Ս. ­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին, պա­տա­րա­գիչ հո­գե­ւոր հո­վի­ւը ­Սուրբ ­Խո­րա­նէն Ք­րիս­տո­սի լոյ­սը փո­խան­ցեց հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն, մինչ սար­կա­ւագ­նե­րը միա­բե­րան հնչե­ցու­ցին «Այ­սօր ­Յա­րեաւ ի ­Մե­ռե­լոց» շա­րա­կա­նը՝ ստեղ­ծե­լով խո­րա­պէս յու­զիչ եւ միա­ժա­մա­նակ տօ­նա­կան մթնո­լորտ։
Ս. ­Զատ­կո­ւան ­Պա­տա­րա­գը մա­տու­ցո­ւե­ցաւ ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10:30-ին, ո­րուն ըն­թաց­քին հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը համախմբո­ւած փա­ռա­բա­նե­ցին մեր ­Տի­րոջ հրա­շա­փառ ­Յա­րու­թիւ­նը՝ լե­ցո­ւած հա­ւատ­քով, յոյ­սով եւ սի­րով։
Ք­րիս­տոս յա­րեաւ ի մե­ռե­լոց
օրհ­նեալ է յա­րու­թիւնն Ք­րիս­տո­սի

ԹՂԹԱԿԻՑ