Ուրախութեամբ կը ծանուցենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակներուն, թէ Յունաստանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ ԳԵՐԱՇՆՈՐՀ Տ. ԳԵՂԱՄ Ս. ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ ներկայ պիտի գտնուի Նէոս Գոզմոս(Ֆիքս)ի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցի, ուր պիտի հանդիսապետէ եւ պատգամէ:
Աւագ Հինգշաբթի՝ 13 Ապրիլ 2023-ին՝ Խաւարման(Հսկում)ի երեկոյեան արարողութիւններուն, ինչպէս նաեւ Ս. Զատկին՝
Կիրակի 16 Ապրիլ 2023-ի առաւօտեան Հրաշափառ Յարութեան Ս. Եւ Անմահ Պատարագին:
Ուստի կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդը, մասնակից դառնալու հոգեպարար արարողութիւններուն եւ լսելու Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամները:
Ս. ՅՈՎՀ. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑԻ