Տա­սը Կու­սա­նաց

Ա­ւագ Ե­րեք­շաբ­թի, 11 Ապ­րիլ 2023-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7-ին, Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «­Տա­սը Կու­սա­նաց» յի­շա­տա­կի ժա­մեր­գու­թիւ­նը, որ նո­ւի­րո­ւած է Յի­սու­սի երկ­րորդ գա­լուս­տի խոր­հուր­դին, մաս­նակ­ցու­թեամբ՝ Թե­սա­ղո­նի­կէի հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին եւ ի­րենց զա­ւակ­նե­րուն: ­Նա­խա­գա­հու­թեամբ շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վիւ հոգշ. Տ. Ե­ղիա աբղ. Մալ­խա­սեա­նին եւ ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ ե­կե­ղեց­ւոյ դպրաց դա­սի սար­կա­ւագ­նե­րուն, կա­տա­րո­ւե­ցաւ ե­րե­կո­յեան ժա­մեր­գու­թիւ­նը, ո­րուն ըն­թաց­քին տե­ղի ու­նե­ցան ա­ղօթք­ներ, մաղ­թանք­ներ եւ Աս­տո­ւա­ծաշն­չա­կան ու Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ըն­թեր­ցում­ներ:
­Ժա­մեր­գու­թեան ա­ւար­տին, երբ հայր սուր­բը սկսաւ ըն­թեր­ցել Տա­սը Կու­սա­նաց Ա­ւե­տա­րա­նա­կան այն հա­տո­ւա­ծը, ուր նշո­ւած է ա­ռա­կը, շրջա­նիս բա­րե­պաշտ փոք­րիկ հայ աղ­ջիկ­նե­րը, իբ­րեւ խորհր­դա­նիշ տա­սը կոյ­սե­րուն, ի­րենց ձեռ­քե­րուն մէ­կա­կան մո­մե­րով կանգ­նե­ցան Ս. Խո­րա­նին դի­մաց:
Ա­ւար­տին, հայր սուր­բը օ­րո­ւան Ա­ւե­տա­րա­նա­կան հա­տո­ւա­ծը բա­ցատ­րեց փոք­րիկ աղ­ջիկ­նե­րուն եւ շնոր­հա­ւո­րեց ա­նոնց ծնող­նե­րը՝ մաղ­թե­լով, որ ա­նոնք երբ մեծ­նան յի­շեն այս գե­ղե­ցիկ օ­րը եւ ի­րենց կար­գին ու­րիշ­նե­րուն բա­րի օ­րի­նակ դառ­նան: Ա­պա հայր սուր­բին ձե­ռամբ, ա­նոնք ստա­ցան յու­շա­նո­ւէր­ներ, տրա­մադ­րո­ւած՝ ե­կե­ղեց­ւոյս Թա­ղա­կան խոր­հուր­դին կող­մէ:

Ս. Հա­ղոր­դու­թեան Պա­տա­րագ

Ա­ւագ Հինգ­շաբ­թի, 13 Ապ­րիլ 2023-ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10:30-ին, Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցո­ւե­ցաւ Ս. եւ Ան­մահ Պա­տա­րագ՝ ի յի­շա­տակ մեր Տի­րոջ եւ Փր­կի­չին՝ Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի Վեր­ջին Ընթ­րի­քին ժա­մա­նակ Ս. Հա­ղոր­դու­թեան հաս­տատ­ման: Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տու­ցեց շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վիւ՝ հոգշ. Տ. Ե­ղիա աբղ. Մալ­խա­սեա­ն: Ս. Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը ստա­ցան Ս. Հա­ղոր­դու­թիւն:
Ն­շենք, որ ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րէն սկսեալ, թե­սա­ղո­նի­կա­հայ շուրջ 100 հա­ւա­տա­ցեալ­ներ ե­կան ե­կե­ղե­ցի Ս. Հա­ղոր­դու­թիւն ստա­նա­լու, որ­մէ ետք, ե­կե­ղեց­ւոյս Տիկ­նանց միու­թեան ան­դա­մու­հի­նե­րը կազ­մա­կեր­պած էին պատ­շաճ հիւ­րա­սի­րու­թիւն՝ ե­կե­ղեց­ւոյ շրջա­փա­կէն ներս:

Ոտն­լո­ւա­յի ա­րա­րո­ղու­թիւն

Ա­ւագ Հինգ­շաբ­թի, 13 Ապ­րիլ 2023-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 6-ին, Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, նա­խա­գա­հու­թեամբ շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վի­ւին եւ ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ ե­կե­ղեց­ւոյս սպա­սա­ւոր­նե­րուն, տե­ղի ու­նե­ցաւ մեր Տի­րոջ եւ Փր­կի­չին Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի Վեր­ջին Ընթ­րի­քին ժա­մա­նակ կա­տա­րած Ոտն­լո­ւա­յի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, ներ­կա­յու­թեամբ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու հոծ բազ­մու­թեան: Ա­ւե­լի քան 12 պա­տա­նի­ներ, ե­րե­խա­ներ, ե­րի­տա­սարդ­ներ եւ տա­րեց­ներ կա­մա­ւոր կեր­պով ե­կած էին ե­կե­ղե­ցի՝ ի­րենց ոտ­քե­րը լո­ւալ տա­լու հա­մար: ­Շա­րա­կան­նե­րով եւ Աս­տո­ւա­ծաշնչա­կան ու Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ըն­թեր­ցում­նե­րով, այս գե­ղե­ցիկ, եւ խո­րի­մաստ ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը կը խորհրդան­շէ Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի խո­նար­հու­թիւնն ու հե­զու­թիւ­նը: Ինք, իբ­րեւ Աս­տո­ւա­ծոր­դի, Իր ա­շա­կերտ­նե­րուն ոտ­քե­րը լո­ւաց: Ար­դա­րեւ, հայր սուր­բը ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին, «Այ­սօր ան­ճառ» շա­րա­կա­նով սկսաւ իւ­րա­քան­չիւր պա­տա­նիի եւ ե­րե­խա­յի ոտ­քե­րը լո­ւալ, ա­նոնց ոտ­քե­րուն վրայ օրհ­նո­ւած իւղ դնե­լով՝ ի նշան այն պոռ­նիկ կնոջ, որ Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի ոտ­քե­րը իւ­ղով օ­ծեց:
­Սոյն հո­գե­պա­րար ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին, հայր սուր­բը ե­րե­խա­նե­րուն խօ­սե­ցաւ խո­նար­հու­թեան եւ հե­զու­թեան մա­սին, իբ­րեւ գե­րա­գոյն օ­րի­նակ բե­րե­լով Յի­սուս Ք­րիս­տո­սը: Ան շնոր­հա­ւո­րեց ծնող­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց զա­ւակ­նե­րուն քայ­լե­րը կ­’ուղ­ղեն դէ­պի ե­կե­ղե­ցի ու յոր­դո­րեց բո­լո­րը նոյն բա­րի օ­րի­նա­կին հե­տե­ւե­լով ի­րենց զա­ւակ­նե­րը ա­ռաջ­նոր­դել ե­կե­ղե­ցի:

Խա­ւար­ման գի­շեր

Ա­ւագ Հինգ­շաբ­թի, 13 Ապ­րիլ 2023-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 8:30-ին Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ մեր Տի­րոջ եւ Փրկի­չին՝ Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի Չար­չա­րանք­նե­րուն, Խա­չե­լու­թեան, Խա­ւար­ման Գի­շե­րո­ւան սրտա­ռուչ ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, նա­խա­գա­հու­թեամբ շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վի­ւին, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ ե­կե­ղեց­ւոյս սպա­սա­ւոր­նե­րուն եւ ներ­կա­յու­թեամբ շրջա­նի մէջ գոր­ծող ազգ. հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու եւ կա­ռոյց­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ միու­թիւն­նե­րու եւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու բազ­մու­թեան: Ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին, մէջ ընդ մէջ սաղ­մոս­նե­րու եւ «Այ­սօր Ան­ճառ»ի յա­ջոր­դա­կա­նու­թեամբ կար­դա­ցո­ւե­ցան եօթ Ա­ւե­տա­րան­նե­րը: «­Փառք Ի Բար­ձունս»ի ըն­թաց­քին, ե­կե­ղեց­ւոյ բո­լոր ջա­հե­րը մա­րե­ցան եւ հո­գե­պա­րար ու խորհրդա­ւոր պա­հուն լսո­ւե­ցաւ «Ո՞ւր Ես Մայր Իմ» խա­չե­լու­թեան տա­ղը, շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վի­ւին եւ տիկ. Սի­րա­նուշ Չա­լը­քեա­նին կա­տա­րո­ղու­թեամբ:
Պա­րու­րո­ւած հո­գի­ներն ու սիր­տե­րը գօ­տեպն­դեց հայր սուր­բը իր քա­րո­զով, օ­րո­ւան խոր­հուրդն ու պատ­գա­մը փո­խան­ցե­լով բո­լո­րին:
Ա­ւար­տին, «­Խա­չի Քո Ք­րիս­տոս» շա­րա­կա­նին եր­գե­ցո­ղու­թեամբ, ան­գամ մը եւս հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դը երկր­պա­գեց Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի պատ­կե­րին առ­ջեւ եւ Ս. Ա­ւե­տա­րանն ու Խա­չը համ­բու­րե­լով քրիս­տո­նէա­կան իր ուխ­տը վե­րա­նո­րո­գեց:

Թաղ­ման կարգ եւ հան­դի­սա­ւոր թա­փօր

Ա­ւագ Ուր­բաթ, 14 Ապ­րիլ 2023-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7:00-ին, Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կա­տա­րո­ւե­ցաւ մեր Տի­րոջ եւ Փրկի­չին՝ Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի Թաղ­ման կար­գը, նա­խա­գա­հու­թեամբ շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վի­ւին, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ ե­կե­ղեց­ւոյս սար­կա­ւագ­նե­րուն եւ ներ­կա­յու­թեամբ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին: Ե­կե­ղեց­ւոյ ա­տեա­նին մէջ տե­ղադ­րո­ւած էր ծա­ղիկ­նե­րով զար­դա­րո­ւած Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի գե­րեզ­մա­նը: Ե­րե­կո­յեան ժա­մեր­գու­թեան կի­սուն, հայր սուրբն ու սար­կա­ւագ­նե­րը ծնկա­չոք Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի գե­րեզ­մա­նին առ­ջեւ եր­գե­ցին «­Սուրբ Աս­տուած» շա­րա­կա­նը ի յի­շա­տակ ի­րենց Աս­տո­ւա­ծորդ­ւոյն Թաղ­ման կար­գին:
Ա­ւար­տին, տա­րի­նե­րու սո­վո­րու­թեան հա­մա­ձայն, տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր թա­փօր, ուր հայր սուր­բին կող­մէ Ա­ւե­տա­րան­նե­րու ըն­թեր­ցու­մով, Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Ցի­միս­քի» փո­ղո­ցէն դուրս գա­լով հան­դի­պե­ցան յոյն ուղ­ղա­փառ «Ս. Կոս­տան­դի­նոս եւ Է­լէ­նի» ե­կե­ղեց­ւոյ հան­դի­սա­ւոր թա­փօ­րին եւ հոն հայր սուրբն ու յոյն ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղեց­ւոյ վար­դա­պե­տը ի­րա­րու մաղ­թանք­ներ կա­տա­րե­լով՝ ող­ջա­գու­րո­ւե­ցան:
­Յե­տոյ, «­Ցի­միս­քի» փո­ղո­ցին վրայ գտնո­ւող հայ­կա­կան խաչ­քա­րին կող­քով մուտք գոր­ծե­ցին ե­կե­ղե­ցի ու ե­կե­ղեց­ւոյ մուտ­քին հայր սուր­բը վեր­ջին Ա­ւե­տա­րա­նը ըն­թեր­ցեց եւ «­Պահ­պա­նիչ» ա­ղօթ­քով եզ­րա­փա­կեց հան­դի­սա­ւոր թա­փօ­րը:
Ն­շենք, որ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րը, իբ­րեւ հա­ւատ­քի գե­րա­գոյն օ­րի­նակ, Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի գե­րեզ­մա­նին տա­կէն անց­նե­լով Տիկ­նանց միու­թեան ան­դա­մու­հի­նե­րուն կող­մէ մէ­կա­կան ծա­ղիկ ստա­ցան եւ մեկ­նե­ցան ի­րենց տու­նե­րը:

Ս. Յա­րու­թեան տօն

­Շա­բաթ, 15 Ապ­րիլ 2023-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7-ին, Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ճ­րա­գա­լոյ­ցի ժա­մեր­գու­թիւն, Ս. Գիր­քե­րու ըն­թեր­ցում, ա­պա Ս. եւ Ան­մահ Պա­տա­րագ: Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տու­ցեց ե­կե­ղեց­ւոյս հո­գե­ւոր հո­վի­ւը, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ ե­կե­ղեց­ւոյս սպա­սա­ւոր­նե­րուն, ներ­կա­յու­թեամբ շրջա­նիս մէջ գոր­ծող ազգ. կա­ռոյց­նե­րու, հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու եւ միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու եւ հա­ւա­տա­ցեալ հոծ բազ­մու­թեան: Ժա­մեր­գու­թեան ա­ւար­տին, ե­րեք «Ո­ղոր­մեա»նե­րու ճա­շու ժա­մեր­գու­թեան յա­ջոր­դե­ցին Աս­տո­ւա­ծաշն­չա­կան ըն­թեր­ցո­ւած­ներ, Դա­նիէլ Մար­գա­րէին «Ո­չինչ է պի­տոյ» ըն­թեր­ցուածն ու Ս. Պա­տա­րա­գը:
­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին, հայր սուր­բը ե­կե­ղեց­ւոյ Ս. Խո­րա­նէն վա­ռեց ճրա­գը՝ Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի լոյ­սը եւ յա­ջոր­դա­բար փո­խան­ցեց հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին, ո­րոնք ի­րենց ձեռ­քե­րուն մէջ ու­նէին զար­դա­րո­ւած մո­մեր: Ա­պա ե­կե­ղեց­ւոյս դպրաց դասն ու ժո­ղո­վուր­դը միա­բե­րան եր­գե­ցին «Այ­սօր յա­րեաւ» շա­րա­կա­նը: Ս. Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին ժո­ղո­վուր­դին բաժ­նո­ւե­ցան Թա­ղա­կան խոր­հուր­դին կող­մէ պատ­րաս­տո­ւած զատ­կա­կան հաւ­կիթ­նե­րը: Յա­ջորդ օ­րը, Կի­րա­կի, 16 Ապ­րի­լին մա­տու­ցո­ւե­ցաւ Ք­րիս­տո­սի հ­րա­շա­փառ Յա­րու­թեան Ս. Պա­տա­րա­գը:
Իսկ Եր­կու­շաբ­թի, Մե­ռե­լո­ցի յի­շա­տա­կու­թեան օ­րը, Հայր Սուր­բը Թե­սա­ղո­նի­կէի ազգ. գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ կա­տա­րեց Գե­րեզ­մա­նօրհ­նէք եւ յա­ջոր­դող օ­րե­րուն սկսաւ Ս. Զատ­կո­ւան տ­նօրհ­նէ­քը:

Թղթակից