Տասը կուսանաց
Աւագ Երեքշաբթի, 15 Ապրիլ 2025-ին, երեկոյեան ժամը 07:00-ին, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Տասը Կուսանաց» յիշատակի ժամերգութիւնը, որ նուիրուած է Յիսուսի երկրորդ գալուստի խորհուրդին, մասնակցութեամբ՝ Թեսաղոնիկէի հաւատացեալ ժողովուրդին։
Նախագահութեամբ շրջանիս հոգեւոր հովիւ Եղիա վրդ. Մալխասեանին եւ ընկերակցութեամբ եկեղեցւոյ սարկաւագներուն, կատարուեցաւ Երեկոյեան ժամերգութիւն, որուն ընթացքին տեղի ունեցան աղօթքներ, մաղթանքներ եւ Աստուածաշնչական ու Աւետարանական ընթերցումներ: Բարեպաշտ հայ աղջիկները, իբրեւ խորհրդանիշ տասը կոյսերուն, իրենց ձեռքերուն մէկական մոմերով կանգնեցան Ս. Խորանին դիմաց:
Աւարտին, հայր սուրբը օրուան Աւետարանական հատուածը բացատրեց եւ շնորհաւորեց անոնց ծնողները՝ մաղթելով, որ անոնք երբ մեծնան յիշեն այս գեղեցիկ օրը եւ իրենց կարգին ուրիշներուն բարի օրինակ դառնան:
Ս. Հաղորդութեան պատարագ
Աւագ Հինգշաբթի, 17 մատուցուեցաւ ս. եւ անմահ պատարագ որու աւարտին հաւատացեալները ստացան Ս. Հաղորդութիւն: Եկեղեցւոյս «Տիկնանց» միութեան անդամուհիները կազմակերպած էին պատշաճ հիւրասիրութիւն՝ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս:
Ոտնլուայի արարողութիւն
Նոյն օրուան երեկոյեան, նախագահութեամբ Թեմիս բարեջան առաջնորդ Սահակ եպս. Եմիշեանի, կատարուեցաւ Ոտնլուայի արարողութիւնը, ներկայութեամբ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան: Աւելի քան 12 պատանիներ, երեխաներ, երիտասարդներ եւ տարեցներ կամաւոր կերպով եկած էին եկեղեցի՝ իրենց ոտքերը լուալ տալու համար:
Սրբազան հայրը երեխաներուն խօսեցաւ խոնարհութեան եւ հեզութեան մասին, իբրեւ գերագոյն օրինակ բերելով Յիսուս Քրիստոսը: Ան շնորհաւորեց ծնողները, որոնք իրենց զաւակներուն քայլերը կ‘ուղղեն դէպի եկեղեցի ու յորդորեց բոլորը նոյն բարի օրինակին հետեւելով իրենց զաւակները առաջնորդել եկեղեցի:
Խաւարման գիշեր
Երեկոյեան ժամը 08:30-ին, տեղի ունեցաւ մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Չարչարանքներուն, Խաչելութեան, Խաւարման Գիշերուան սրտառուչ արարողութիւնը, նախագահութեամբ Առաջնորդ սրբազան հօր, ընկերակցութեամբ հոգեւոր հովիւին ու սարկաւագներուն եւ ներկայութեամբ հաւատացեալներու բազմութեան:
«Փառք Ի Բարձունս»ի ընթացքին, եկեղեցւոյ բոլոր ջահերը մարեցան եւ հոգեպարար ու խորհրդաւոր պահուն լսուեցաւ «Ո՞ւր Ես Մայր Իմ» խաչելութեան տաղը, Առաջնորդ Սրբազան հօր եւ սոլիստ սոփրանօ տիկ. Սիրան Ջալիքեանի կատարողութեամբ:
Պարուրուած հոգիներն ու սիրտերը գօտեպնդեց Սրբազան հայրը իր քարոզով, օրուան խորհուրդն ու պատգամը փոխանցելով բոլորին:
Թաղման կարգ եւ հանդիսաւոր թափօր
Աւագ Ուրբաթ, 18 Ապրիլի երեկոյեան, կատարուեցաւ Քրիստոսի Թաղման կարգը, նախագահութեամբ Սրբազան հօր եւ ընկերակցութեամբ հոգեւոր հովիւին ու սարկաւագներուն եւ ներկայութեամբ հաւատացեալ ժողովուրդին: Աւարտին, տարիներու սովորութեան համաձայն, տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր թափօր եւ հանդիպում յոյն ուղղափառ մօտակայ եկեղեցւոյ հանդիսաւոր թափօրին։
Ս. Յարութեան տօն
Աւագ Շաբաթ, 19 Ապրիլի երեկոյեան, եղի ունեցաւ Ճրագալոյցի ժամերգութիւն, Ս. Գիրքերու ընթերցում, ապա ս. եւ անմահ պատարագ: Ս. պատարագը մատուցեց եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւը, հաւատացեալ հոծ բազմութեան ներկայութեամբ: Պատարագի աւարտին, Հայր սուրբը եկեղեցւոյ Ս. Խորանէն վառեց ճրագը եւ յաջորդաբար փոխանցեց հաւատացեալ ժողովուրդին, որ միաբերան երգեց «Այսօր Յարեաւ» շարականը:
Իսկ Երկուշաբթի, Մեռելոցի յիշատակութեան օրը, հայր սուրբը Թեսաղոնիկէի ազգ. գերեզմանատան մէջ կատարեց գերեզմանօրհնէք։
Առաջնորդ սրբազան հօր այցելութիւնը Թեսաղոնիկէի մետրոպոլիտին
Շաբաթ, 19 Ապրիլի առաւօտուն, Յունաստանի Հայոց թեմի առաջնորդ Սահակ եպս. Եմիշեան, ընկերակցութեամբ Թեսաղոնոկէի հոգեւոր հովիւ Եղիա վրդ. Մալխասեանի եւ Թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչ պրն. Պետրոս Հալաճեանի այցելեց Թեսաղոնիկէի Մետրոպոլիտին։
Մետրոպոլիտ Ֆիլոթէոս ջերմ ընդունելութեամբ դիմաւորեց Առաջնորդ սրբազանն ու անոր ընկերակցողները։ Հանդիպման ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան հայրը շնորհակալական խօսք ուղղելով շնորհաւորեց Ս. Զատիկը եւ կարեւորութեամբ շեշտեց յոյն եւ հայ եկեղեցիներու դրական եւ ջերմ յարաբերութիւնները։ Հանդիպման աւարտին մետրոպոլիտն ու Առաջնորդը փոխանակեցին նուէրներ։
Թղթակից










