Իր աշխատանքային ծրագիրներուն ծիրէն ներս, Երկուշաբթի, 18 Մայիս 2026-ին, Յունաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Եաննիս Լովերտոս այցելեց Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցին եւ տեսակցութիւն ունեցաւ շրջանի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։
Եկեղեցւոյ մուտքին ան դիմաւորուեցաւ հոգեւոր հովիւ Տ. Եղիա վրդ. Մալխասեանի, թաղային խորհուրդի ատենապետ Քրիս Ղալիլէասի, անդամ Յակոբ Գասպարեանի, Հ.Յ.Դ. Կեդր. Կոմիտէի անդամ ընկ. Կարօ Նատեանի եւ շրջանի կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Տիգրան Պլէճեանի կողմէ։
Նախարարը եւ իր պատուիրակութիւնը ծանօթացան եկեղեցւոյ ներքնամասին, ապա հակիրճ տեղեկութիւններ տրուեցան պատմութեան շուրջ, ինչպէս նաեւ անդրադարձ եղաւ թեսաղոնիկահայ համայնքի ներկայութեան ու ներդրումին մասին քաղաքի հասարակական կեանքէն ներս։ Ան նաեւ առիթ ունեցաւ մուտք գործել Հ.Գ.Խաչի «Մալաքեան-Գասպարեան» Ծաղկոցը եւ իրազէկ դառնալ վարժարանի գործունէութեան շուրջ։ Յաջորդեց հիւրասիրութիւն սրահին մէջ, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ հետաքրքրական զրոյց մը՝ համայնքը յուզող հարցերուն, կրթական ու մշակութային կեանքին, նաեւ ապագայ ծրագիրներուն առնչութեամբ։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Արտաքին գործոց փոխնախարարը այցելեց Թեսաղոնիկէի հայկական եկեղեցին










