Երեք տարի առաջ գործարկուեցաւ ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ www.armlands.com արեւմտահայերէն մանկապատանեկան կայքը՝ նպատակ ունենալով պահպանել եւ զարգացնել համապատասխան տարիքի աշակերտներու արեւմտահայերէնը։

Մէկ ամիսէ ի վեր՝ կայքի կողքին կը գործէ ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-yօutube ալիքը, ուր տեղ կը գտնեն տարբեր տարիքի համար, մատչելի արեւմտահայերէնով եւ գրաւիչ ձեւաչափով տեսանիւթեր, որոնք այժմ մաս կը կազմեն Ամերիկայի, Գանատայի, Քուէյթի, Ֆրանսայի եւ այլ երկրներու հայկական դպրոցներու կրթական ծրագրին։ Կայքն ու ալիքը հետեւորդներ ունին աշխարհի աւելի քան 18 երկրներէն եւ այս կարճ ժամանակի ընթացքին ունեցած է 10,000-է աւելի դիտում, որուն զգալի մասը եղած է խմբակային դասերու ընթացքին։

Թիւեր եւ կենդանիներԵրկրաչափական ձեւեր, Նուագարաններ, Այբուբեն, ԳոյներԿենդանիներ եւ ձագեր՝ տեսանիւթեր են, զոր հաճոյքով կը դիտեն դեռ դպրոց չյաճախած աշխարհի հայ փոքրիկները։

Շուշիի ազատագրումըՇուշիի ազատագրումը 2, Մենք-ՀայաստանՄենք-Արցախ, Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը, Բուրդ, բամպակ եւ մետաքսՀինգ զգայարանները՝ ուսուցողական տեսանիւթեր են նախակրթարանի աշակերտներու համար։

Հեքիաթներու շարք, հեքիաթները կը կարդան յայտնիներ՝ մանկագիր, ՀՀ նախագահի Տիկին Նունէ Սարգսեան, Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Սիլվա Եուզպաշեան։ Սիրուած դերասան Դաւիթ Յակոբեան,

ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-yօutube շաբաթական նուազագոյնը երկու նիւթ պիտի ներկայացնէ իր հետեւորդներուն։

ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ- ամէն օր նորութիւններ եւ ուսուցողական տեսանիւթեր պիտի մատուցէ իր ընթերցողներուն։

Ծանօթ. Նիւթերը դիտելու համար սեղմեցէ՛ք կարմիր բառերուն վրայ։