Երեքշաբթի՝ 13 Փետրուարին, Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցան Արցախեան Շարժումի 30ամեակին նուիրուած տօնական երթ եւ հանրահաւաք:
Ըստ «Արցախփրես»ի՝ երթին մասնակիցները պաստառներով, դրօշներով, կոչերով՝ «միացո՜ւմ» վանկարկելով՝ մայրաքաղաքի կեդրոնական փողոցներէն շարժեցան դէպի Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակ, ուր տեղի ունեցաւ Ղարաբաղեան Շարժումի 30ամեակին նուիրուած տօնական ձեռնարկը:
Հանրահաւաքին օրհնութեան խօսք յղեց Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան:
Ձեռնարկի ընթացքին ցուցադրուեցան Ղարաբաղեան Շարժումին մասին պատմող վաւերագրական ժապաւէններ:
Հանրահաւաքին՝ շնորհաւորական ելոյթով հանդէս եկաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, որ ըսաւ, թէ 1988 թուականը բեկումնային եղաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ: «Երեք տասնամեակ առաջ, այս օրերուն, համայն հայութիւնը համախմբուեցաւ, դարձաւ մէկ բռունցք՝ ամբողջ աշխարհին ազդարարելով սեփական բնօրրանին մէջ ազատ ու անվտանգ ապրելու համար մաքառելու իր պատրաստակամութեան մասին: Համաժողովրդային այս պոռթկումը մարտահրաւէր էր բռնատիրութեան, հալածանքներու, մարդկային իրաւունքներու խախտումներու, բոլոր այն արհաւիրքներուն դէմ, որոնց մէջէն անցած է մեր ժողովուրդը իր բազմադարեայ պատմութեան ընթացքին: Եւ այս Շարժումին պսակումը դարձաւ հայոց անկախ պետականութեան վերականգնումը: Այս գոյապայքարին մէջ, դժբախտաբար, մենք ունեցանք նաեւ անդառնալի կորուստներ: Հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին իրենց կեանքը նուիրաբերեցին մեր ժողովուրդի լաւագոյն զաւակները: Անոնք զոհ չեն, անոնք մարտիրոսացուած հերոսներ են, որոնք անմահացան եւ կը շարունակեն իրականացնել հայրենիքի պաշտպանի իրենց սուրբ առաքելութիւնը՝ ոգեշնչելով եւ պարտաւորեցնելով անմնացորդ ծառայելու հայրենիքին, աշխատելու ի փառս անոր զարգացման ու զօրացման: Այս բոլոր տարիներու ընթացքին մենք միշտ զգացած ենք Մայր Հայաստանի յատուկ հոգատարութիւնը Արցախի նկատմամբ: Անհնար է պատկերացնել մեր ձեռքբերումներն ու յաղթանակները առանց Հայաստանի գործօն եւ անմիջական մասնակցութեան: Այսօր ալ միասին կը լուծենք մեծ ու պատասխանատու հարցեր: Բոլորս հաստատակամ ենք եւ պիտի կատարենք ամէն ինչ, որպէսզի ապագան ըլլայ յուսալի, մեր հայրենիքը՝ աւելի հզօր ու բարեկեցիկ: Հակառակորդը միշտ պէտք է գիտնայ, որ մեզի հետ ուժի լեզուով խօսիլը դատապարտուած է ձախողութեան: Մեր ժողովուրդը, մեր բանակը եւ ամբողջ հայութիւնը որեւէ պահու արժանի հակահարուած պիտի տան մեր ազատութեան ու անվտանգութեան սպառնացող իւրաքանչիւր ոտնձգութեան»,- յայտնեց նախագահը: Ձեռնարկի ընթացքին, տեսակապի միջոցաւ, իրենց շնորհաւորական ուղերձները յղեցին նաեւ Հայաստանի, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Մեծն Բրիտանիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Խորհրդարանի քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ ու մշակութային յայտնի գործիչներ: Աւարտին հնչեցին ազգային երգեր, պարեղանակներ՝ Վերածնունդի հրապարակը վերածելով ազգային մեծ տօնախմբութեան հարթակի:
Արցախեան Շարժումի 30ամեակին նուիրուած տօնական հանրահաւաք
Արցախեան Շարժումի 30ամեակին նուիրուած տօնական հանրահաւաք