Ատրպէյճանական հակահայ քարոզչութեան դէմ որպէս հակազդեցութիւն, Հինգշաբթի՝ 16 Փետրուարին երեկոյեան, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան մեծ թիւով ընկերներ ներկայ գտնուեցան Յունաստանի մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Ռահման Մուսթաֆայէֆի գիրքի ներկայացման, նիւթ ունենալով «Ատրպէյճան՝ մեծ ուժերու կարգին, 1918-1920»։ Ներկայացումը կազմակերպուած էր Յունաստանի Ամերիկեան Գոլէճի Institute of Diplomacy and Global Affairs-ի կողմէ Աթէնքի կեդրոն՝ Փլաքայի մէջ գտնուող սրահին մը մէջ, որուն նախագահեց նախկին նախարար Անտրէաս Անտրիանոփուլոս։
Ազերի դեսպանը իր գիրքին ներկայացման խօսքին մէջ շարունակաբար յարձակողական եւ խեղաթիւրիչ նշումներ կատարեց Հայաստանի եւ Ղարաբաղի վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ յաճախակի կերպով անդրադարձ ըրաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան մասին։
Հարցումներու բաժնին, Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի կողմէ ընկերը խօսք առնելով, շեշտակիօրէն անդրադարձաւ դեսպանի տուած սխալ եւ անհիմն տեղեկութիւններուն մասին, անոնք մէկ առ մէկ ճշդեց եւ լուսարձակի տակ առաւ Ատրպէյճանի շարունակական յարձակողական գործողութիւնները Հայաստանի եւ Ղարաբաղի դէմ, Թուրքիոյ տրամադրած հսկայ զինուորական աջակցութիւնը Ատրպէյճանին, երկրէն ներս ժողովրդավարութեան սկզբունքներու եւ մարդոց իրաւունքներու ոտնակոխումը, մամլոյ ազատութեան կանխարգիլումը, ինչպէս նաեւ վերջերս անարդարօրէն ձերբակալուած լրագրող Ալեքսանտր Լափշինի հարցը։
Բնականաբար, սոյն հարցադրումները եւ հաստատումները խանգարեցին դեսպանին եւ օրուայ հանդիսավարին, որոնք ի վիճակի չեղան պատասխանելու հարցումներուն։ Ստեղծուեցաւ լարուած մթնոլորտ մը, Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան անդամները պաստառ մը բացին որուն վրայ արձանագրուած էր թէ Ղարաբաղը կը պատկանի հայ ժողովուրդին, ապա բացականչեցին նմանօրինակ լոզունքներ եւ խաղաղօրէն մեկնեցան։ Նշումի արժանի է, որ երեկոյի մասնակցողներու թիւը միայն 17 հոգի էր։
Յատկապէս Փետրուար ամսուն՝ Արցախեան հերոսապատումի օրերու նշման առիթով, ատրպէյճանական հակահայ քարոզչական այս փորձը, անգամ մը եւս, իր արժանի պատասխանը առաւ՝ շնորհիւ Հ.Յ.Դ Երիտասարդական Միութեան անդամներու յանդուգն քայլին։
Ատրպէյճանի դեսպանի ելոյթը
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան անդամները խանգարեցին Ատրպէյճանի դեսպանի ելոյթը - Ատրպէյճանի հակահայ քարոզչութիւնը իր արժանի պատասխանը առաւ Աթէնքի մէջ