Երկուշաբթի¸ 19 Դեկտեմբեր 2022–ին Յունաստանի Թեմի Առաջնորդ՝ գերշ. Տ. Գեղամ Ս. արք. Խաչերեան ացելեց Մեսինիասի Մետրոպոլիտ Տ. Խրիսոսթոմոսին Քալամաթայի առաջնորդարանէն ներս։ Առաջնորդ Սրբազան հօր կ’ընկերակցէին հոգեւոր հովիւներ Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեան եւ Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեան¸ ինչպէս նաեւ Քալամաթայի «Ս. Նիկողայոս» եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդի ատենապետուհի տիկ. Սոֆիա Յարութիւնեան։ Առաջնորդ Սրբազան հայրը իր շնորհակալութիւնները յայտնելով Մետրոպոլիտին՝ ընդունելութեան համար¸ փոխանցեց, թէ այցելութեան հիմնական նպատակը յանուն Յունաստանի Հայոց ազգային Առաջնորդարանին՝ անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնել է Մետրոպոլիտին¸ իր հայրական հոգածութեան համար¸ յատկապէս միթրոփոլիի Ս. Նիկողայոս եկեղեցին օրինական համաձայնագրով ազգային Առաջնորդարանի տրամադրութեան տակ դրած ըլլալով Քալամաթայի հայոց հոգեւոր եւ ազգային կարիքներու մատակարարման համար¸ շեշտելով, որ Մետրոպոլիտը համաձայնագրութեան վերանորոգումը կատարարեց ինքնաբերաբար։ Նոյն առիթով¸ Առաջնորդ Սրբազան հայրը տօնական օրերու եւ ամանորի առիթով սրտագին բարեմաղթութիւններ յայտնեց թէ Ազգային իշխանութեանց եւ թէ Քալամաթայի հայերուն անունով եւ այս առթիւ¸ մետրոպոլիտին նուիրեց Հայաստանէն բերուած Կենաց Ծառի ձեռագործ յուշանուէր մը։ Մետրոպոլիտը իր շնորհակալութիւնները յայտնելով Առաջնորդ Սրբազան հօր¸ անգամ մը եւս հաւաստիացուց, թէ Քալամաթայի եւ շրջակայքի բոլոր հայերը ու հարազատութեամբ կ’ըդունի եւ իր հայրական հոգածութեան տակ ունի զիրենք։ Առաջնորդ Սրբազան հայրն ու ընկերակիցները Միթրոփոլիէն ներս եղան Մետրոպոլիտին կէսօրուան ճաշի հիւրը։
ԹՂԹԱԿԻՑ