Երկուշաբթի, 9 Յունուար 2023–ին, Յունաստանի Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. արք. Խաչերեան, տօնական օրերուն առիթով, շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ Յունաստանի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ համայնքապետ` վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեանին, Գոքինիոյ համայնքապետարանէն ներս։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանային Թեմիս Կրօնական ժողովի ատենապետ Արժ. Տ. Պարետ քհնյ. Խաչերեան եւ Ժողովի անդամ արժ. Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեան։
Առաջնորդ Սրբազան հայրը ամանորեան եւ Աստուածայայտնութեան տօներուն շնորհաւորական բարեմաղթութիւնները փոխանցեց վերապատուելիին։ Այցելութիւնը նաեւ առիթ ընծայեց անդրադառնալու առհասարակ յունահայ գաղութին առնչուած հարցերուն եւ համատեղ յառաջ տարուելիք աշխատանքներուն։
Վերապատուելին ողջունելով Առաջնորդ Սրբազան հօր այցելութիւնը եւ տօնական օրերու առթիւ շնորհաւորական բարեմաղթութիւնները, ինք եւս հաստատեց եղբայրական հարազատ մթնոլորտի մէջ կայացած նման հանդիպումներուն դրական ներգործութիւնը մեր ազգային կեանքի բնագաւարներէն ներս։
Յայտնենք, որ սոյն այցելութեան նախօրեակին վերապատուելին պաշտօնական այցելութիւն տուած էր Առաջնորդ սրբազանին ազգային առաջնորդարանէն ներս։

ԹՂԹԱԿԻՑ