­Սի­րե­լի ա­շա­կերտ­ներ,

Ա­հա­ւա­սիկ ձեր կեան­քի յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու շղթա­յին վրայ նոր օ­ղակ մը կ­՚ա­ւել­նայ։ Որ­պէս շրջա­նա­ւարտ­ներ, ձե­զի հա­մար ան­ցեա­լը կը դառ­նայ յի­շո­ղու­թիւն ու փոր­ձա­ռու­թիւն իսկ ա­պա­գան` խոս­տում եւ տե­սիլք։
­Ձեր ստա­ցած վկա­յա­կան­նե­րը սո­վո­րա­կան վկա­յա­կան­ներ չեն, ա­նոնք ինք­նու­թեան եւ ազ­գա­յին ո­գիի հաս­տա­տագ­րեր են։ Այ­սօր, որ­պէս հունձք հայ դարբ­նո­ցին, դուք կը դառ­նաք մէկ մաս­նի­կը հայ ի­րա­կա­նու­թեան, հարս­տա­ցած մեր պատ­մու­թեամբ, մշա­կոյ­թով եւ հո­գե­ւոր ար­ժէք­նե­րով։
Ս­փիւռ­քի մէջ հայ դպրո­ցը սոսկ կրթա­կան կա­ռոյց մը չէ, ան ո­գե­ղէն ան­դաս­տան է, ուր ծիլ կ­՚առ­նեն հայ լե­զուն, հայ երգն ու ա­ղօթ­քը։ ­Ձեզ­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը փոք­րիկ ջա­հա­կիր մըն է մեր ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րուն եւ պատ­մու­թեան։
­Սի­րե­ցէք հա­յե­րէ­նը, հայ­կա­կա­նը։ ­Շա­րու­նա­կե­ցէք խօ­սիլ, գրել, ապ­րիլ հա­յե­րէն։
­Ձեր ձեռք բե­րած գի­տե­լի­քը՝ հայ մշա­կոյթ, պատ­մու­թիւն թէ լե­զուն, թող դառ­նայ հիմք ձեր ա­պա­գայ գոր­ծու­նէու­թեան։ Ուր որ ալ գտնո­ւիք՝ ու­սա­նող, ար­հես­տա­ւոր, բժիշկ թէ ա­րո­ւես­տա­գէտ, հայ մնա­լու ըն­թաց­քը շա­րու­նա­կե­ցէք հպար­տու­թեամբ ու յանձ­նա­ռու­թեամբ։
Այ­սօր ձեզ­մէ ո­մանք կ­՚ա­ւար­տեն ման­կա­պար­տէ­զը կամ նա­խակր­թա­րա­նը իսկ ո­մանք հրա­ժեշտ կու տան հայ դպրո­ցին, բայց ձեր կա­պը հայ դպրո­ցին հետ պէտք չէ ընդ­հա­տո­ւի։ ­Դուք հայ դպրո­ցէն ստա­ցաք ոչ միայն գի­տու­թիւն, այ­լեւ՝ ինք­նու­թիւն։
Շ­նոր­հա­ւո­րու­թիւն եւ յա­ջո­ղու­թիւն ձեր հե­տա­գայ կեան­քին մէջ։

ՀԱՅ ԵՂԷՔ, ՈՉ ՄԻԱՅՆ ԽՕՍՔՈՎ ԱՅԼ` ՍՐՏՈՎ ԵՒ ԳՈՐԾՈՎ։

Ա­ղօ­թա­րար՝
ՍԱՀԱԿ ԵՊՍ. ԵՄԻՇԵԱՆ
Ա­ռաջ­նորդ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց