ԱՆԴՐԱՆԻԿ (Օզանեան, 1866-1927)

ԱՆԴՐԱՆԻԿ (Օզանեան, 1866-1927). ­Հա­յոց Ա­զա­տա­մար­տի ան­պար­տե­լի Ար­ծի­ւը Ն.

0
2947

Իբ­րեւ ար­ծիւ սա­ւառ­նում ես լեռ ու ժայռ,
Թն­դաց­նում ես եր­կինք, գե­տինք տեն­չա­վառ,
­Սուրբ ա­նունդ պի­տի յի­շո­ւի դա­րէ դար,
Հս­կայ լե­րինք քեզ ա­պաս­տան, Անդ­րա­նիկ։

30 Օ­գոս­տո­սի այս օ­րը, 91 տա­րի ա­ռաջ, Մ. ­Նա­հանգ­նե­րու ­Քա­լի­ֆոր­նիա նա­հան­գի Ֆ­րեզ­նօ քա­ղա­քին մէջ, բո­ցա­վառ իր աչ­քե­րը յա­ւի­տե­նա­պէս փա­կեց հայ ժո­ղո­վուր­դի նոր ժա­մա­նակ­նե­րու ա­ռաս­պե­լա­տիպ ­Քաջն ու ­Հե­րո­սը՝ ԱՆԴՐԱՆԻԿ։
­Շատ է գրո­ւած ժա­մա­նա­կա­կից հա­յոց պատ­մու­թեան ե­զա­կի ու ար­ծո­ւեթ­ռիչ այս Հս­կա­յին մա­սին, որ 1890ա­կան­նե­րու վեր­ջե­րուն ­Սաս­նոյ լեռ­նե­րէն սկսաւ սա­ւառ­նիլ հա­յոց երկ­նա­կա­մա­րին վրայ, ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս խորհր­դան­շեց հայ ժո­ղո­վուր­դին մար­տա­կան ցայ­տուն ար­ժա­նիք­նե­րը՝ քա­ջու­թիւնն ու խի­զա­խու­թիւ­նը, յանդգ­նու­թիւնն ու անձ­նա­զո­հու­թիւ­նը, ռազ­մու­նա­կու­թիւնն ու տո­կու­նու­թիւ­նը, քսա­նե­րորդ դա­րու ա­ռա­ջին քսա­նա­մեա­կի հա­յոց դա­րա­կազ­միկ բո­լոր վե­րի­վայ­րում­նե­րուն վրայ դրաւ իր անջն­ջե­լի դրոշ­մը եւ… ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան նո­ւա­ճու­մէն ետք հե­ռա­ցաւ ­Հա­յաս­տան Աշ­խար­հէն՝ հե­ռա­ւոր Ֆ­րեզ­նո­յի ցուրտ հո­ղին մէջ իր վերջ­նա­կան ան­դոր­րը գտնե­լու հա­մար…
­Վախ­ճա­նե­ցաւ՝ «­Գործս կէս մնաց»… տրտուն­ջը շրթնե­րուն։
­Շատ է գրո­ւած եւ տա­կա­ւին շատ ու շատ պի­տի գրո­ւի ­Հա­յոց Ա­զա­տա­մար­տի ան­պար­տե­լի Ար­ծի­ւին մա­սին, որ անլ­ռե­լի երգ դար­ձաւ նախ նոյ­նինքն հայ ժո­ղո­վուր­դի բո­լոր խա­ւե­րու շրթնե­րուն։ ­Բա­նաս­տեղծ­նե­րէն ա­ռաջ ժո­ղովր­դա­յին մեր ա­շուղ­նե­րը վանկ առ վանկ հիւ­սե­ցին փառ­քը քաջ ֆե­տա­յիի, անձ­նու­րաց յե­ղա­փո­խա­կա­նի եւ հա­մազ­գա­յին հե­րո­սի ինք­նա­տիպ մարմ­նա­ւո­րու­մը հան­դի­սա­ցած այս մեծ ­Դաշ­նակ­ցա­կա­նին, որ ինչ­պէս Ա­ւե­տիս Ա­հա­րո­նեան պի­տի ընդգ­ծէր ան­զու­գա­կան հայ­դու­կա­պե­տին ու ան­վի­ճե­լի զօ­րա­վա­րին մա­հո­ւան ա­ռի­թով գրո­ւած իր մե­նագ­րու­թեան մէջ՝
«Անդ­րա­նիկ հայ ժո­ղովր­դի հա­մար ան­հատ չէ, այլ մարմ­նա­ցումն է մի հզօր ու ան­սա­սան գա­ղա­փա­րի։ Եւ իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ նա ժո­ղովր­դի ե­րե­ւա­կա­յու­թեան մէջ ա­նանձ­նա­ցած, դիւ­ցազ­նա­կան է։ ­Կուռք է Անդ­րա­նի­կը, զոր մեր ժո­ղո­վուրդն է կռել, կո­փել ու քան­դա­կել հա­մա­պա­տաս­խան իր դա­րա­ւոր իղ­ձե­րի, ձգտում­նե­րի, ամ­բողջ իր ի­տէա­լին, ար­դա­րու­թեան եւ ի­րա­ւուն­քի ծա­րաւ իր հո­գու պա­հանջ­նե­րին։
«- Անդ­րա­նիկ գե­րա­զան­ցօ­րէն յե­ղա­փո­խա­կան էր։ Ըմ­բոս­տա­ցած հո­ղի ցա­սումն ու ընդվ­զու­մը։
«Եւ հէնց դրա հա­մար է, որ հո­ղի ու քրտին­քի մար­դիկ այն­պէս պինդ սի­րե­ցին նրան։
«Ա­ռաջ­նորդ, շէֆ էր ծնո­ւած Անդ­րա­նիկ։ Ա­մէն տեղ ու ա­մէն պա­րա­գա­նե­րում Անդ­րա­նիկ մնում էր տի­րա­կան, իշ­խող ու հրա­մա­յող։
«- ­Կու­սակ­ցու­թեան չէր կա­րող տո­կալ Անդ­րա­նիկ, թէեւ ոտ­քից գլու­խը դաշ­նակ­ցա­կան էր։ Ա­ւե­լի՛ն կ’ա­սեմ. նա կու­սակ­ցու­թիւն բնաւ չէր էլ հաս­կա­նում, ա­ւե­լի եւս՝ պե­տա­կա­նու­թիւն, ո­րի մա­սին շատ թիւր ըմբռ­նում ու­նէր»…
­Շատ է գրո­ւած նաեւ ու մա­նա­ւանդ ­Դաշ­նակ­ցու­թե­նէն «խռո­ված» բաժ­նո­ւե­լու եւ իբ­րեւ այդ­պի­սին աչ­քե­րը փա­կե­լու Անդ­րա­նի­կի վեր­ջին տա­րի­նե­րու ող­բեր­գու­թեան մա­սին։
«­Քաջ Անդ­րա­նիկ»ի մա­հո­ւան 91ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած յու­շա­տետ­րի այս է­ջով հարկ չկայ վե­րա­բա­նա­լու այդ դառն թղթած­րա­րը, ո­րով­հե­տեւ՝
— ­Նախ՝ ինչ­պէս Հ­րաչ ­Տաս­նա­պե­տեան կ­’ընդգ­ծէ, ­Դաշ­նակ­ցու­թե­նէն ան­դին՝ «­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան օ­րե­րուն ան­հա­մա­ձայ­նու­թիւն­ներ կ­’ու­նե­նայ ­Հան­րա­պե­տու­թեան կա­ռա­վա­րու­թեան հետ եւ կ’անց­նի ար­տա­սահ­ման»…
— Ա­պա՝ ինչ­պէս ­Գաբ­րիէլ ­Լա­զեան կը վկա­յէ, «Անդ­րա­նիկ խռո­ված մե­ռաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հետ։ ­Վեր­ջի­նը չպա­տաս­խա­նեց Անդ­րա­նի­կի կող­մէ ե­ղած վի­րա­ւո­րանք­նե­րուն եւ միշտ պա­հեց իր գուր­գու­րան­քը հե­րո­սին հան­դէպ։ Անդ­րա­նի­կի ամ­բողջ կեան­քը ան­քակ­տե­լի կա­պե­րով միա­ցած է ­Դաշ­նակ­ցու­թեան պատ­մու­թեան հետ»։
— ­Վեր­ջա­պէս եւ ա­մէ­նէն կա­րե­ւո­րը, ինչ­պէս որ ­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեան պի­տի նշէր 1928ի ­Յու­նո­ւար 29ին, «­Յա­ռաջ»ի է­ջե­րուն, Անդ­րա­նի­կի ա­ճիւն­նե­րուն Ֆ­րան­սա տե­ղա­փո­խու­թեան եւ ­Փէր ­Լա­շէ­զի մէջ թաղ­ման ա­ռի­թով՝ «­Հե­րո­սը որ կը թա­ղո­ւի այ­սօր, օ­տար հո­ղի վրայ, ու­նե­ցաւ փառ­քի եւ դառ­նու­թեան օ­րեր։
«­Փառք՝ ­Հա­յաս­տա­նի լեռ­նե­րուն վրայ, «իբ­րեւ ար­ծիւ»։ ­Դառ­նու­թիւն՝ քա­ղա­քի մէջ, իբ­րեւ զէն­քը վար դրած մարդ, որ ակ­ռայ կը կրճտէ, գոր­ծը կի­սատ մնա­լուն հա­մար։
«… ­Զին­քը չհասկ­ցող­նե­րը ու­զե­ցին իբ­րեւ դրա­մագ­լուխ ծա­ռա­յեց­նել իր վրի­պում­նե­րը։ ­Մին­չեւ այ­սօր ալ, այդ լպրծուն գետ­նին վրայ կե­ցեր են, ա­ռանց ըմբռ­նե­լու որ ա­տով ոչ թէ կը բարձ­րաց­նեն, այլ կը փոք­րաց­նեն հե­րո­սը»…։
Ա­մէն պա­րա­գա­յի, Անդ­րա­նիկ վե­րապ­րե­ցաւ Ա­զա­տու­թեան ­Ճա­նա­պար­հին իր դի­մագ­րա­ւած բո­լոր վտանգ­նե­րէն, օր­հա­սա­կան ճա­կա­տում­նե­րէն եւ մա­հո­ւան հետ ա­նո­ղոք «հան­դի­պում­նե­րէն», բայց ա­հա այդ­պէ՛ս, սու­րը ետ պա­տեա­նին մէջ դրած եւ ­Հա­յաս­տան ղրկած՝ ա­ռաս­պե­լա­կան հե­րոս­նե­րու տիե­զե­րա­կան օ­րի­նա­կով, իր կար­գին մա­հո­ւան յանձ­նո­ւե­ցաւ ռազ­մի դաշ­տե­րէն հե­ռու, այ­լեւ՝ հայ­րե­նի հո­ղէն հե­ռու եւ շա՜տ հե­ռու…
1866ին ­Շա­պին ­Գա­րա­հի­սար, հա­մեստ ա­տաղ­ձա­գոր­ծի մը ըն­տա­նե­կան յար­կին տակ ծնած Անդ­րա­նիկ Օ­զա­նեա­նը ծնուն­դով ճա­կա­տագ­րո­ւած էր, կար­ծէք, մարմ­նա­ւո­րե­լու հայ ժո­ղո­վուր­դին ար­դի ժա­մա­նակ­ներ մուտք գոր­ծե­լու խո­յան­քը։ Ու­նե­ցաւ հա­մեստ ծա­գում, ապ­րե­ցաւ պարզ հա­յու կեան­քով, ու­զեց ար­դար վաս­տա­կով ա­պա­հո­վել իր օ­րա­ւուր հա­ցը, բայց շա­րու­նա­կա­բար դէմ յան­դի­ման գտնո­ւե­ցաւ թրքա­կան բռնա­տի­րու­թեան եւ կե­ղե­քու­մին, հա­յա­ջինջ խոր­շա­կին եւ թրքա­մոլ խա­ւա­րամ­տու­թեան։
­Հա­զիւ ե­րի­տա­սարդ էր, 18 տա­րե­կան, երբ հա­յոց ա­ւան­դա­կան օ­րէն­քով ա­մուս­նա­ցաւ, բայց դժբախ­տու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ կորսնց­նե­լու իր կի­նը եւ, այ­նու­հե­տեւ, ամ­բող­ջո­վին կա­պո­ւե­ցաւ իր ազ­գին։
­Հա­յոց յե­ղա­փո­խա­կան զար­թօն­քը վա­րա­կած էր նաեւ ­Շա­պին ­Գա­րա­հի­սա­րի հա­յու­թիւ­նը եւ Անդ­րա­նիկ փա­րե­ցաւ տեղ­ւոյն Վ­ռամ­շա­պուհ քա­հա­նա­յի (որ հե­տա­գա­յին պի­տի դառ­նար ­Փա­րի­զի հա­յոց ա­ռաջ­նորդ) կազ­մած յե­ղա­փո­խա­կան գաղտ­նի խմբա­կին։ ­Մատ­նու­թեան մը հե­տե­ւան­քով խմբա­կը գաղտ­նա­զեր­ծո­ւե­ցաւ, իսկ ան­դամ­նե­րը ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցան։ Ե­րի­տա­սարդ Անդ­րա­նիկ կար­ճա­տեւ բան­տար­կու­թե­նէ ետք ա­զատ ար­ձա­կո­ւե­ցաւ, ան­ցաւ ­Պո­լիս, ուր ա­տաղ­ձա­գոր­ծի աշ­խա­տան­քով իր կեան­քը կ­’ա­պա­հո­վէր եւ, միա­ժա­մա­նակ, պան­դուխտ հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու մօտ, ազ­գա­յին-յե­ղա­փո­խա­կան շուն­չով ինք­նա­կազ­մա­կերպ­ման աշ­խա­տանք կը ծա­ւա­լէր։ Այդ­պէ՛ս մաս­նակ­ցե­ցաւ 1895ի ­Պա­պը Ա­լիի մեծ ցոյ­ցին, ո­րուն ան­փա­ռու­նակ վախ­ճա­նէն ետք ան­ցաւ ­Կով­կաս, ծա­նօ­թա­ցաւ եւ ան­դա­մագ­րո­ւե­ցաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան։ Եր­կիր մտնե­լու եւ յե­ղա­փո­խա­կան բուն գոր­ծին նո­ւի­րո­ւե­լու կրա­կով կ­’այ­րէր նաեւ Անդ­րա­նիկ, որ 1897ի ­Յու­լի­սին, պարս­կա­կան սահ­մա­նէն ­Վան անց­նող ­Վազ­գէ­նի եւ ­Գուր­գէ­նի խում­բին հետ, իբ­րեւ պարզ զի­նո­ւոր մտաւ Եր­կիր, ան­ցաւ ­Սա­սուն եւ իր ճա­կա­տա­գի­րը կա­պեց ­Տա­րօն Աշ­խար­հին։
­Շատ կարճ ժա­մա­նա­կի մէջ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ Անդ­րա­նի­կի հռչա­կը՝ իբ­րեւ քաջ ֆե­տա­յի, խի­զախ մար­տիկ եւ յան­դուգն ռազ­միկ, որ թէ՛ կազ­մա­կեր­պա­կան բնա­տուր տա­ղանդ ու­նէր, թէ՛ ռազ­մա­կան վտան­գա­ւոր պա­հե­րը դի­մագ­րա­ւե­լու բա­ցա­ռիկ ըն­դու­նա­կու­թիւն։ Իսկ ժո­ղո­վուր­դի զա­ւա­կի իր նկա­րագ­րով, ըն­կե­րա­յին բնա­ւո­րու­թեամբ եւ պար­զու­թեամբ՝ Անդ­րա­նիկ ան­մի­ջա­պէս դար­ձաւ սա­սուն­ցի թէ ­Հա­յաս­տան Աշ­խար­հի տար­բեր շրջան­նե­րէն ­Սա­սուն փու­թա­ցած հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու սի­րե­լին ու վստա­հե­լին։
­Սե­րոբ Աղ­բիւ­րի մատ­նու­թե­նէն եւ ա­նարգ գլխա­տու­մէն ետք, Անդ­րա­նիկ իր ըն­կեր­նե­րով լու­ծեց ­Սե­րո­բի վրէ­ժը, գլխա­տեց Պ­շա­րա ­Խա­լի­լը եւ, այ­նու­հե­տեւ, ­Սաս­նոյ յե­ղա­փո­խա­կան կազ­մա­կերպ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ՝ ­Վա­հա­նի, Հ­րայր Դ­ժոխ­քի, ­Գուր­գէ­նի, ­Գէորգ ­Չա­ւու­շի եւ ա­նո­ւա­նի հայ ֆե­տա­յի­նե­րու կող­քին, Անդ­րա­նիկ մեծ ներդ­րում ու­նե­ցաւ, յատ­կա­պէս Ա­ռա­քե­լոց ­Վան­քի պատ­մա­կան կռո­ւին հե­րո­սու­թեան իր հռչա­կը նո­ւի­րա­գոր­ծե­լով։
­Սաս­նոյ երկ­րորդ ապս­տամ­բու­թեան, Անդ­րա­նիկ ընտ­րո­ւե­ցաւ զի­նո­ւո­րա­կան ընդ­հա­նուր հրա­մա­նա­տար եւ ամ­բող­ջա­պէս ար­դա­րա­ցուց ի­րեն հան­դէպ ցու­ցա­բե­րո­ւած վստա­հու­թիւ­նը։ Ոչ միայն հրաշք­ներ գոր­ծեց կռիւ­նե­րու ըն­թաց­քին, այ­լեւ մեծ ռազ­մա­գէ­տի հնա­րամ­տու­թեամբ ղե­կա­վա­րեց ֆե­տա­յի­նե­րու ­Սա­սու­նէն հե­ռա­ցու­մը դէ­պի ­Վան եւ պարս­կա­կան սահ­ման, երբ նա­հան­ջի ո­րո­շու­մը կա­յա­ցու­ցին ­Տա­րօ­նի եւ ­Վաս­պու­րա­կա­նի յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման ղե­կա­վար­նե­րը, Աղ­թա­մար կղզիի վրայ ի­րենց մեծ խորհր­դակ­ցու­թեան ժա­մա­նակ։
Այ­նու­հե­տեւ հայ ժո­ղո­վուր­դի աս­տան­դա­կան կեան­քին բաժ­նե­կի­ցը դար­ձաւ Անդ­րա­նիկ, ո­րուն ա­նունն ու քա­ջա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը ա­ռաս­պե­լա­կա­նա­ցու­ցած էին ար­դէն հայ ա­շուղ­ներն ու գրող­նե­րը։ ­Հայ ժո­ղո­վուր­դի աչ­քին Անդ­րա­նիկ մարմ­նա­ւո­րեց հա­յոց Ա­զա­տա­մար­տը եւ այդ հռչա­կով ու դափ­նեպ­սա­կով՝ ո՛ւր որ ալ գնաց, Ե­գիպ­տոս, ­Ժը­նեւ թէ ­Պուլ­կա­րիա, ա­մէ­նուր Անդ­րա­նիկ ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս տէր կանգ­նե­ցաւ հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման մար­տա­կան ղե­կա­վա­րի՝ դաշ­նակ­ցա­կան հայ­դու­կա­պե­տի իր կո­չու­մին։
Իբ­րեւ այդ­պի­սին մաս­նակ­ցե­ցաւ Հ.Յ.Դ. 4րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին եւ մեծ ներդ­րում ու­նե­ցաւ հայ ա­զա­տագ­րա­կան շար­ժու­մը ա­րեւմ­տա­հա­յու եւ ա­րե­ւե­լա­հա­յու պա­ռակ­տու­մէն փրկե­լու եւ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ա­ւե­լիով միա­կամ ու հզօր վե­րա­կանգ­նե­լու դժո­ւա­րին գոր­ծին յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կու­մին մէջ։ Իբ­րեւ այդ­պի­սին իր ղե­կա­վար մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ նաեւ ­Պուլ­կա­րիոյ մէջ Հ.Յ.Դ. ­Զի­նո­ւո­րա­կան վար­ժա­րա­նի ստեղծ­ման ու կազ­մա­կերպ­ման մէջ՝ ­Ռոս­տո­մի կող­քին։
1908ի Օս­մա­նեան ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան նկատ­մամբ թե­րա­հա­ւա­տու­թեան դրօշ պար­զող ա­ռա­ջին դաշ­նակ­ցա­կան­նե­րէն ե­ղաւ Անդ­րա­նիկ, որ ի տես Իթ­թի­հա­տի հետ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան սկզբնա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան՝ նաեւ հրա­պա­րա­կաւ ու ցու­ցադ­րա­կա­նօ­րէն ­Դաշ­նակ­ցու­թե­նէն հե­ռա­ցաւ, բայց միայն ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս, ո­րով­հե­տեւ երբ 1913ի ­Պալ­քա­նեան ­Պա­տե­րազ­մին ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը դի­մեց իր հայ­դու­կա­պե­տին, Անդ­րա­նիկ ան­վե­րա­պա­հօ­րէն լծուե­ցաւ հայ­կա­կան գուն­դի կազ­մու­թեան՝ պուլ­կար­նե­րու կող­քին պա­տե­րազ­մի դաշտ իջ­նե­լու եւ ան­վի­ճե­լի զօ­րահ­րա­մա­նա­տա­րի իր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը վերջ­նա­կա­նա­պէս նո­ւի­րա­գոր­ծե­լու հա­մար։
Այ­նու­հե­տեւ զօ­րահ­րա­մա­նա­տա­րի աս­պա­րէզ մը ե­ղաւ Անդ­րա­նի­կի կեան­քը։ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հետ գա­ղա­փա­րա­կան իր պոր­տա­կա­պը անխ­զե­լի պա­հե­լով հան­դերձ՝ Անդ­րա­նի­կի մէջ զօ­րահ­րա­մա­նա­տար գոր­ծի­չը շա­րու­նակ բախ­ման մէջ ե­ղաւ դաշ­նակ­ցա­կան կազ­մա­կեր­պա­կան գոր­ծի­չին հետ. հա­կադ­րուե­ցաւ օ­րո­ւան մար­մին­նե­րու քա­ղա­քա­կան ո­րո­շում­նե­րուն եւ կազ­մա­կեր­պա­կան տնօ­րի­նում­նե­րուն. ընդ­հան­րա­պէս թե­րա­հա­ւա­տու­թեամբ եւ վե­րա­պա­հու­թեամբ մօ­տե­ցաւ ­Թիֆ­լիս կեդ­րո­նա­ցած ղե­կա­վա­րու­թեան քայ­լե­րուն եւ կար­գադ­րու­թիւն­նե­րուն։ ­Բայց երբ Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րոն պաշ­տօ­նա­պէս դի­մեց ար­դէն ազ­գա­յին հե­րոս Անդ­րա­նի­կին, ո­պէս­զի իր ղե­կա­վար դե­րը ստանձ­նէ 1915ին ­Հայ ­Կա­մա­ւո­րա­կան ­Շարժ­ման կազ­մա­կերպ­ման մէջ, Անդ­րա­նիկ ան­վա­րան ըն­դա­ռա­ջեց եւ ստանձ­նեց ­Կա­մա­ւո­րա­կան Ա­ռա­ջին ­Գուն­դի հրա­մա­նա­տա­րու­թիւ­նը։
­Մեծ ­Զօ­րա­վա­րի գոր­ծու­նէու­թեան տա­րի­ներ ե­ղան, մին­չեւ 1920 թո­ւա­կա­նը եւ ­Հա­յաս­տա­նէն վերջ­նա­կան հե­ռա­ցու­մը, Անդ­րա­նի­կի ո­գո­րում­նե­րը ռազ­մա­դաշ­տե­րուն վրայ։ ­Յատ­կա­պէս ­Դիլ­մա­նի ճա­կա­տա­մար­տը պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թեամբ դափ­նեպ­սակ կազ­մեց Անդ­րա­նիկ ­Զօ­րա­վա­րի զի­նո­ւո­րա­կան կեան­քին մէջ՝ դաշ­նակ­ցա­կան ֆե­տա­յին եւ հա­յոց ազ­գա­յին հե­րո­սը ար­ժա­նաց­նե­լով ցա­րա­կան բա­նա­կի սպա­յա­կոյ­տին բարձ­րա­գոյն գնա­հա­տան­քին։
­Բայց 1917ի ­Պոլ­շե­ւի­կեան յե­ղա­փո­խու­թեամբ սկսած ռուս-թրքա­կան ռազ­մա­ճա­կա­տի ընդ­հա­նուր փլու­զու­մը իր ծան­րա­գոյն անդ­րա­դար­ձը ու­նե­ցաւ ինչ­պէս ­Հա­յաս­տա­նի ու հայ ժո­ղո­վուր­դի, նոյն­պէս եւ Անդ­րա­նի­կի ազ­գա­նո­ւէր գոր­ծու­նէու­թեան վրայ։ ­Յատ­կա­պէս ­Կար­նոյ մէջ իր ռազ­մա­կան ձա­խո­ղու­թե­նէն եւ քա­ղա­քի պար­պու­մէն ետք, Անդ­րա­նիկ մատ­նո­ւե­ցաւ ներ­քին ան­դո­հան­քի, որ շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ մին­չեւ իր մա­հը՝ հա­կա­սու­թիւն­նե­րու, ինք­նա­հաս­տատ­ման եւ ինք­նաժխ­տու­մի ծանր պա­հեր ստեղ­ծե­լով անն­ման Անդ­րա­նի­կի կեան­քի վեր­ջա­լոյ­սին։
Բ­նաւ չըն­դու­նեց ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հռչա­կու­մը. ­Հա­յաս­տա­նի ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան ստեղ­ծու­մը «թուր­քե­րու նո­ւէ­րը» հռչա­կող­նե­րէն ե­ղաւ. նոյ­նիսկ Ե­րե­ւա­նի վրայ յար­ձա­կե­լու սպառ­նա­լիք ալ ը­րաւ… ­Բայց մին­չեւ ­Հա­յաս­տա­նէն վերջ­նա­կան հե­ռա­ցու­մը, որ ի դէպ ­Դաշ­նա­կից­նե­րու՝ անգ­լիա­կան բա­նա­կի հրա­մա­նա­տա­րու­թեան ցուց­մուն­քով կա­տա­րո­ւե­ցաւ, Անդ­րա­նիկ իր կա­մա­ւոր­նե­րով փու­թաց հոն, ուր թրքա­կան վտանգ կար։ ­Զան­գե­զու­րը, իբ­րեւ այդ­պի­սին, հան­դի­սա­ցաւ թրքա­կան զօր­քի դէմ հա­յոց պաշտ­պա­նու­թեան վեր­ջին ռազ­մա­ճա­կա­տը Անդ­րա­նի­կի եր­կա­րա­մեայ գոր­ծու­նէու­թեան ըն­թաց­քին։
Ար­տա­սահ­ման անց­նե­լով՝ Անդ­րա­նիկ ամ­բող­ջա­պէս շրջա­պա­տո­ւե­ցաւ հայ ու­նե­ւոր եւ պահ­պա­նո­ղա­կան խա­ւին կող­մէ։ ­Պօ­ղոս ­Նու­պար փա­շա­յի կնքա­հայ­րու­թեամբ ա­մուս­նա­ցաւ ալ։ Գ­րեց եւ խօ­սե­ցաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան դէմ, որ սա­կայն եր­բեք հան­դէս չե­կաւ ան­վի­ճե­լի իր զաւ­կին դէմ, ընդ­հա­կա­ռակն՝ միայն հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ ու նե­րո­ղամ­տու­թեամբ հետեւեցաւ ա­նոր ներ­քին տո­ւայ­տան­քին, ո­րով­հե­տեւ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան ա­նո­ղոք ճա­կա­տագ­րին հա­րա­զատ ու դառ­նա­գոյն ցո­լա­ցումն էր Անդ­րա­նի­կի կեան­քի վեր­ջա­լոյ­սին վրայ իշ­խող այդ ամ­բողջ ան­դո­հան­քը։
Ա­հա այդ­պէ՛ս Անդ­րա­նիկ ի­րեն նուի­րո­ւած մե­ծահռ­չակ «­Սու­րը» նո­ւի­րեց ­Հա­յաս­տա­նի խորհր­դա­յին կա­ռա­վա­րու­թեան, լծո­ւե­ցաւ ­Հայ­րե­նի­քի օգ­նու­թեան հաս­նե­լու եւ ար­տերկ­րի հայ տա­րա­գիր­նե­րու կեան­քի դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը յաղ­թա­հա­րե­լու գոր­ծին։ Ան­ցաւ ու հաս­տա­տո­ւե­ցաւ Ֆ­րեզ­նօ, ուր եւ չդի­մա­ցաւ այ­լեւս տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին զինք տա­ռա­պե­ցու­ցած սուր յօ­դա­ցա­ւե­րուն։
­Հա­զիւ 61 տա­րե­կան էր ­Դաշ­նակ­ցա­կան ­Ֆե­տա­յին, ­Հա­յոց ­Զօ­րա­վարն ու Ազ­գա­յին ­Հե­րո­սը, երբ 30 Օ­գոս­տոս 1927ին առ­յա­ւէտ փա­կեց իր աչ­քե­րը։ Ֆ­րեզ­նո­յի ցուրտ հո­ղէն իր ա­ճիւն­նե­րը փո­խադ­րո­ւե­ցան ­Փա­րիզ եւ ազ­գա­յին մեծ շու­քով ամ­փո­փո­ւե­ցան ­Փէր Լա­շէ­զի գե­րեզ­մա­նա­տու­նը։ ­Հա­կա­ռակ հայ­րե­նի­քի մէջ թա­ղո­ւե­լու Անդ­րա­նի­կի կտա­կին՝ ա­տե­նին ­Խորհր­դա­յին ­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը չու­զե­ցին կա­տա­րել Անկրկ­նե­լի ­Հա­յուն կտա­կը եւ միայն 2000ին, վե­րան­կա­խա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան օ­րով, Անդ­րա­նիկ իր ար­ժա­նի տեղն ու վերջ­նա­կան հան­գիս­տը գտաւ Ե­ռաբլու­րի մէջ։
­Հա­յոց Ա­զա­տա­մար­տի ան­պար­տե­լի Ար­ծի­ւին յի­շա­տա­կին՝ այ­սօր չենք կրնար չյի­շել յատ­կա­պէս ­Սիա­ման­թո­յի «­Հա­յոր­դի­նե­րը» շար­քին Անդ­րա­նի­կի նո­ւի­րո­ւած դի­պուկ պատ­գա­մը.
«­Խօ­սե­ցաւ ին­ծի ան եւ իր բա­ռե­րը ի­րա­րու ե­տե­ւէ եւ կարգ առ կարգ
­Խիստ էին եւ քաղցր եւ ճշմա­րիտ եւ քի­նա­խոյզ եւ առ­նա­կան…
«Ոտ­քի՛ կե­ցի՛ր այն ա­տեն, եղ­բայ­րա­ցի՛ր խում­բե­րուս եւ մրրկո­ւէ՛ ա­նոնց հետ,
Ո­րով­հե­տեւ գիտ­ցիր որ այս զո­հա­բե­րու­մի, ընդվ­զու­մի եւ յոյ­սի օ­րե­րուն
­Մեր ա­մէն մէ­կուն հա­մար ան­կող­նի մէջ հո­գի տա­լը վա­տու­թիւնն է վա­տու­թիւն­նե­րուն»…
Ան­զու­գա­կան Անդ­րա­նիկ այդ­պի­սի՛ վա­տա­գոյն վախ­ճան ու­նե­ցաւ, ո­րով­հե­տեւ ռազ­մի դաշ­տէն չհե­ռա­ցաւ վա­հա­նով կամ վա­հա­նի վրայ, այլ հե­ռա­ւոր Ֆ­րեզ­նո­յի մէջ եւ փա­փուկ սնա­րի վրայ իր ան­զօր կա­տա­ղու­թեամբ մա­շե­ցաւ, հան­գե­ցաւ ու ­Փէր ­Լա­շէ­զի պան­թէո­նին մէջ Ազ­գա­յին ­Հե­րո­սի փառ­քով… դամ­բա­րան ու­նե­ցաւ։
­Դար­ձեալ ­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեա­նի բա­ռե­րով՝ «Անդ­րա­նի­կը թա­ղե­լով ­Փէր ­Լա­շէ­զի մէջ, կաղ­նե­փայ­տէ սնտու­կով, մեր ուխ­տը պի­տի ըլ­լայ ոչ թէ ցու­ցադ­րել զայն իբ­րեւ հին փառ­քի ա­մուլ յի­շա­տա­կա­րան մը, ինչ­պէս ­Լե­ւոն ­Լու­սի­նեա­նը, այլ իբ­րեւ կեն­դա­նի մա­սունք մը, որ ուժ եւ հա­ւատք պի­տի կա­թեց­նէ թմրու­թեան դա­տա­պար­տո­ւած հո­գի­նե­րուն մէջ։
«Իր դամ­բա­րա­նը պէտք է դառ­նայ ներշն­չա­րան մը, որ­պէս­զի ա­ւե­լի ա­մուր քա­լենք դէ­պի Անդ­րա­նիկ­նե­րու ե­րա­զը,- դէ­պի հայ­րե­նի­քի եւ ժո­ղո­վուր­դի ա­զա­տու­թիւ­նը»։
Այ­սօր ար­դէն իր պաշ­տած ­Հա­յաս­տան Աշ­խար­հին գիր­կը վե­րա­դար­ձած է 30 Օ­գոս­տոս 1927ին վախ­ճա­նած ­Սաս­նոյ Ար­ծի­ւը, որ իր սե­րուն­դին հետ մարմ­նա­ւո­րեց ե­րա­զը ամ­բող­ջա­կան ­Հա­յաս­տա­նի ու ամ­բող­ջա­կան հա­յու­թեան ա­զա­տու­թեան եւ ան­կա­խու­թեան:
Ե­րազ՝ ո­րուն հաս­նե­լու եր­թը կը շա­րու­նա­կո­ւի։
­Պի­տի՛ շա­րու­նա­կո­ւի։