Եր­կու­շաբ­թի, 17 ­Մարտ 2025-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7։30-ին, ­Գո­քի­նիոյ Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան, ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ու ­Տիկ­նանց մարմ­նոյ կազ­մե­րուն հետ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տո­ւաւ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց ­Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ ­գերշ. Տ. ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեա­նին։
Ազգ. Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի սրա­հին մէջ, Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան հօր ջերմ ըն­դու­նե­լու­թե­նէն ետք, Տ. ­Պա­րէտ քա­հա­նայ նախ յա­նուն ­Գո­քի­նիոյ Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ մեծ ըն­տա­նի­քին, խո­րա­պէս շնոր­հա­ւո­րեց Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր ե­պիս­կո­պո­սա­կան ձեռ­նադ­րու­թիւնն ու օ­ծու­մը, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Կի­րակի, 23 ­Փետ­րո­ւար 2025-ին, Ան­թի­լիա­սի ­Մայ­րա­վան­քին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սի ձե­ռամբ եւ օրհ­նու­թեամբ։ Ա­պա ան նշեց իր խո­րազ­գաց տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը պատ­մա­կան այդ օ­րո­ւան կա­պակ­ցու­թեամբ, ո­րուն մեծ ու­րա­խու­թեամբ ներ­կայ գտնո­ւե­ցաւ։ Ա­ւար­տին ան Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր մաղ­թեց քա­ջա­ռող­ջու­թիւն, ուժ եւ կա­րո­ղու­թիւն ու յա­ջո­ղու­թիւն։ ­Հարկ է նշել, որ ձեռ­նադ­րու­թեան եւ օծ­ման եր­կօ­րեայ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը, տեղ­ւոյն վրայ սփռո­ւե­ցան նաեւ Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ կայ­քէ­ջէն։
­Գերշ. Տ. ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեան ի սրտէ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց քա­հա­նայ հօր, ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դին ու ­Տիկ­նանց մարմ­նոյ այ­ցե­լու­թեան ու բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րուն հա­մար։ Ան ը­սաւ, թէ յա­ճա­խա­կի այ­ցե­լու­թեամբ ար­դէն քա­ջա­տե­ղեակ դար­ձած է ­Գո­քի­նիոյ հա­յու­թեան ու ե­կե­ղեց­ւոյ կա­րե­ւոր ա­ռա­քե­լու­թեան։ Ան յատ­կա­պէս գնա­հա­տեց ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ու ­Տիկ­նանց մարմ­նոյ ան­դամ­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց ըն­տա­նե­կան ու աշ­խա­տան­քա­յին պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն կող­քին, ի­րենց նո­ւի­րեալ ծա­ռա­յու­թիւ­նը կը բե­րեն Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ ընդ­մէ­ջէն մաս­նա­ւո­րա­բար ­Գո­քի­նիոյ հա­յու­թեան եւ ընդ­հան­րա­պէս ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մին։
Ա­պա Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­հայ­րը անդ­րա­դար­ձաւ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ներգ­րա­ւե­լու շատ կա­րե­ւոր կէ­տին մա­սին։ Ան յայտ­նեց, թէ ներ­կա­յի գի­տութեան զար­գաց­ման եւ ա­ռօ­րեայ կեան­քին յա­ռա­ջա­ցու­ցած պայ­ման­նե­րը տես­նե­լով, ե­կե­ղե­ցին այ­լեւս իր հո­գե­ւոր մթնո­լոր­տով պէտք է մենք զգա­լի դարձ­նենք ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն։ ­Գի­տե­լիք կամ տե­ղե­կու­թիւն փո­խան­ցե­լը այ­լեւս բա­ւա­րար չեն։ Այլ զգա­ցա­կան գետ­նի վրայ պէտք է կա­պել զա­նոնք մեր ե­կե­ղեց­ւոյ։ ­Խօս­քի ա­ւար­տին, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­հայ­րը յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց բո­լո­րին։
Ետ­քը տե­ղի ու­նե­ցաւ շատ մտեր­միկ զրոյց, ո­րու ըն­թաց­քին ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ու ­Տիկ­նանց մարմ­նոյ ան­դամ­նե­րը տե­ղե­կու­թիւն­ներ տո­ւին ե­կե­ղեց­ւոյ հետ կա­պո­ւած աշ­խա­տանք­նե­րուն, ծրա­գիր­նե­րուն եւ կա­րիք­նե-րուն մա­սին։ Ա­ւար­տին ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուրդն ու ­Տիկ­նանց մար­մի­նը, ­Թե­մակալ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր յանձ­նեց գե­ղե­ցիկ նո­ւէր մը։

ԹՂԹԱԿԻՑ