Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ «Մանչեսթըր Եունայթըտ»ի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան «Եւրոպա Լիկ»ի բաժակը նուաճելէ ետք, ՈւԵՖԱյի պաշտօնական կայքին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ այս բաժակը մեծ նշանակութիւն ունի իրեն համար:
«Շատ ուրախ եմ ոչ միայն յաղթանակի, այն նաեւ այն բանի համար, որ կրցայ կոլ մտցնել։ Ատիկա մեծ նշանակութիւն ունի իմ եւ իմ հայրենիքիս համար»,- ըսած է ան:
Յիշեցնենք, որ եզրափակիչին «Մանչեսթըր Եունայթըտ»ը 2:0 հաշիւով յաղթեց «Այաքս»ին: «Մանկունեացիներու» կազմին մէջ երկրորդ կոլը հեղինակած է Հայաստանի հաւաքականի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան: