Հայ Կապոյտ Խաչի Ֆիքսի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը հրաւիրէ իր անդամուհիները ներկայ ըլլալու աւանդական գաթայի կտրումի հաւաքոյթին, որ տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի, 13 Յունուար 2025-ին, երեկոյեան ժամը 6-ին, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Աւետիքեան» սրահէն ներս:
Ամանորի գաթան պիտի օրհնէ եւ իր խօսքը պիտի ուղղէ ներկաներուն
շրջանի հոգեւոր հովիւ Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեան:
Կը հրաւիրուին քոյր մասնաճիւղերու եւ Շրջանային վարչութեան ընկերուհիները միասնաբար տօնական եւ ընկերային հաճելի երեկոյ մը անցնելու:
Հաւաքոյթի ընթացքին տեղի պիտի ունենայ bingo խաղը:
Պիտի յաջորդէ հիւրասիրութիւն:
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ