Ամանորեայ գաթայի հաւաքոյթ Գոքինիոյ մէջ

0
14
Հ.Կ.Խաչի Գոքինիոյ «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը կազմակերպէ Ամանորեայ գաթայի հաւաքոյթ Չորեքշաբթի, 15 Յունուար, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Զաւարեան կեդրոնի «Զաքարեան-Սարաճեան» սրահներէն ներս:
Օրակարգ՝ «Մարզանքի անհրաժեշտութիւնը բոլոր տարիքներուն համար»
պիտի ներկայացնէ մասնաճիւղի անդամ ընկհ. Վարդ Քենտիկեան։
Մասնաճիւղի Ամանորեայ գաթան պիտի օրհնէ Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Պարետ քհնյ. Խաչերեան։
Կը հրաւիրուի Շրջանային Վարչութիւնը, քոյր մասնաճիւղերը եւ բոլոր անդամուհիները:
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ