­Տա­րի­նե­րու սո­վո­րու­թեան հա­մա­ձայն, այս ան­գամ եւս Հ.Յ.Դ. ­Գո­քի­նիոյ «­Վա­րան­դեան» կո­մի­տէն կազ­մա­կեր­պեց ա­մա­նո­րեան գա­թա­յի ե­րե­կոյ՝ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նի «­Զա­քա­րեան -­Սա­րա­ճեան» զոյգ սրահ­նե­րուն մէջ։
­Վեր­ջին քա­նի մը տա­րի­նե­րուն, պա­տեհ ա­ռի­թը կը ստեղ­ծո­ւի՝ սոյն ե­րե­կո­նե­րուն ա­պա­հո­վել նաեւ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ­Փի­րէա­յի, ­Նի­քէա­յի, ­Քո­րի­տա­լո­յի եւ շրջա­կայ­քի ե­րես­փո­խա­նա­կան, մարզ­պե­տա­կան եւ քա­ղա­քա­պե­տա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն։
Եր­կու­շաբ­թի, 13 ­Յու­նո­ւար 2025-ի ե­րե­կո­յեան, մեծ թի­ւով յոյն պաշ­տօ­նա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ՝ ե­րես­փո­խան­ներ, քա­ղա­քա­պե­տեր եւ մարզ­պե­տա­կան խոր­հուրդ­նե­րու ան­դամ­ներ, ինչ­պէս նաեւ շրջա­նի ազ­գա­յին եւ միու­թե­նա­կան կեան­քի գոր­ծօն­նե­րու վար­չա­կան միա­ւոր­նե­րը հա­մախմ­բո­ւե­ցան՝ միաս­նա­բար նշե­լու եւ բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լու ­Նոր տա­րո­ւան ա­ռի­թով։
­Բա­ցու­մը կա­տա­րեց ընկ. ­Յա­կոբ ­Յո­վա­կի­մեան, որ ող­ջու­նեց յոյն պաշ­տօ­նա­կան ան­ձե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը եւ ընդգ­ծեց ա­նոնց զօ­րակ­ցու­թիւ­նը հա­յու­թեան ընդ­հան­րա­կան եւ գա­ղու­թա­յին հար­ցե­րուն։ Ան նաեւ անդ­րա­դարձ կա­տա­րեց Ար­ցա­խի հա­յա­թափ­ման մա­սին, ընդգ­ծե­լով թուրք եւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թեան վտան­գը տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին հո­լո­վոյթ­նե­րուն մէջ։ ­Հա­կիրճ կեր­պով ներ­կա­յա­ցուց գո­քի­նիա­հայ գա­ղու­թի կեան­քը, իր ազ­գա­յին, կրթա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան ե­րես­նե­րով։
Ե­րե­կոն ճո­խա­ցու­ցին մեր վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կեր­տու­թեան նո­րա­կազմ միա­ցեալ երգ­չա­խում­բի ան­դամ­նե­րը, ո­րոնք ե­րա­ժիշտ ­Միհ­րան ­Չա­լը­քեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան տակ, ե­րաժշ­տա­կան նո­ւա­գա­րան­նե­րով, ներ­կա­յա­ցու­ցին փունջ մը հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան եր­գեր, խլե­լով բո­լո­րին ջերմ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րը եւ խան­դա­վառ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը։
Ե­րե­կո­յի նպա­տակն էր նաեւ պար­գե­ւատ­րել ­Նի­քէա­յի եւ ­Փի­րէա­յի եր­կա­րա­մեայ նախ­կին քա­ղա­քա­պետ Ս­թե­լիոս ­Լո­ղո­թե­թի­սը, որ­պէս հա­յու­թեան մշտա­կան բա­րե­կամ։ Օ­րո­ւան հան­դի­սա­վա­րը, անդ­րա­դառ­նա­լով ­Գո­քի­նիոյ հայ գա­ղու­թին ի նպաստ կա­տա­րած ան­ցեա­լի ի­րա­գոր­ծում­նե­րուն, բեմ հրա­ւի­րեց նախ­կին քա­ղա­քա­պե­տը, որ յու­զո­ւած նշեց, թէ ինչ որ ը­րաւ հա­յու­թեան հա­մար, ան կը սե­պէ իր պաշ­տօ­նի պար­տա­կա­նու­թիւ­նը։ Ընդգ­ծեց, որ ­Գո­քի­նիոյ ու ­Նի­քէա­յի հա­յու­թիւ­նը ի­րո­ղա­պէս զար­գա­ցուց շրջա­նը, որ գաղ­թա­կա­յա­նէ մը վե­րա­ծո­ւե­ցաւ ար­դի քա­ղա­քի, շնոր­հիւ ժո­ղո­վուր­դի ձեռ­նե­րէ­ցու­թեան եւ հա­ւա­քա­կան կամ­քին։ Ան յայտ­նա­պէս խօ­սե­ցաւ Ար­ցա­խի կրած ող­բեր­գու­թեան մա­սին, դա­տա­պար­տե­լով ատրպէյ­ճա­նա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը եւ հա­յա­թա­փու­մը։
­Զօ­րակ­ցու­թիւն յայտ­նեց հա­յու­թեան պայ­քա­րին եւ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ար­դար ճա­նա­չու­մին ի նպաստ մղո­ւած պայ­քա­րին։ Իր խօս­քի ա­ւար­տին յայտ­նեց, թէ պա­տիւ կը զգայ ե­ղած պար­գե­ւատ­րու­մին հա­մար, որ­պէս գնա­հա­տանք հայ ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ։ Ա­պա, յու­զիչ մթնո­լոր­տի մէջ ընկ. ­Գէորգ Ա­ւա­գեան յանձ­նեց յու­շա­տախ­տա­կը նախ­կին քա­ղա­քա­պե­տին։
Շր­ջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան կա­տա­րեց գա­թա­յի օրհ­նու­թիւ­նը եւ հա­տու­մը, իր բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րը ար­տա­յայ­տե­լով ներ­կայ բազ­մու­թեան։
Ա­ւար­տին, մտեր­միկ մլթնո­լոր­տի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հիւ­րա­սի­րու­թիւն։ Ակնյայտ էր յոյն պաշ­տօ­նա­կան հիւ­րե­րու գո­հու­նա­կու­թիւ­նը, ո­րոնք ա­ռա­ւել հե­տաքրք­րո­ւե­ցան հա­յու­թեան ի­րա­վի­ճա­կին ու տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն մա­սին։ Ա­նոնք ան­գամ մը եւս ի­րենց պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին օգ­տա­կար դառ­նա­լու շրջա­նի հա­յու­թեան կա­րիք­նե­րուն։

ԹՂԹԱԿԻՑ