Աստուծոյ կամքով եւ թեմիս բարեջան առաջնորդին տնօրինութեամբ, Կիրակի, 1 Դեկտեմբեր 2024-ի առաւօտուն, Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ հիմնադրութեան տօնին առիթով, տեղի պիտի ունենայ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ եւ մատաղօրհնէք:
Սուրբ Խորանիս պիտի պատարագէ ու յաւուր պատշաճի քարոզէ
Յունաստանի Հայոց թեմի առաջնորդ
ԳԵՐՊ. Տ. ՍԱՀԱԿ Ծ.ՎՐԴ. ԵՄԻՇԵԱՆ
Երեգեցողութիւնը պիտի կատարուի քառաձայն՝ եկեղեցւոյս «Այվազեան» վոկալ խումբին կողմէ, ղեկավարութեամբ դպրապետ Մկրտիչ Գրիգորեանի եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ տ. Տիրուհի Աշրեան-Գրիգորեանի։
Սկիզբ Սուրբ Պատարագի՝ առաւօտեան ժամը 10:00-ին:
Անոնք որոնք կը փափաքին մատաղի պատրաստութեան համար նուիրատուութիւն կատարել, կը խնդրենք հեռաձայնել տիկին Թշխուհի Պօզիկեանին (6978892493)։
Նաեւ կարելի է նուիրատուութիւնները կատարել Alpha Bank դրամատան միջոցաւ, եկեղեցւոյ հաշիւին, IBAN: GR9701401050105002002027684
Մեր սրտագին փափաքն է, որ մեր հաւատացեալ ժողովուրդը մասնակից դառնայ Սուրբ Պատարագին եւ ստանայ առաջնորդ հօր օրհնութիւնն ու մատաղը:
ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ