Եր­կու­շաբ­թի, 27 ­Յու­նո­ւար 2025, ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նին մէջ, նա­խա­գա­հու­թեամբ թե­միս բա­րե­ջան ա­ռաջ­նորդ` գերպ. Տ. ­Սա­հակ ծ. վրդ. Ե­մի­շեա­նի, կա­տա­րո­ւե­ցաւ Ազ­գա­յին վար­չու­թեան տա­րե­կան գա­թա­յի կտրու­մը։ ­Ներ­կայ էին Ազ­գա­յին կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ան­դամ` տոք. Ար­մէն ­Տէ­րեան, Ա­թէն­քի եւ ա­րո­ւար­ձա­նե­րու հո­գե­ւոր հո­վիւ­նե­րը, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րը, ­Հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր պետ վերպ. ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեա­նը, թե­մա­կան պատ­գա­մա­ւոր­ներ, միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ­Հո­գա­բար­ցու­թեան եւ ­Թա­ղա­կա­նու­թեան ան­դամ­ներ եւ այլ հրա­ւի­րեալ­ներ։
­Բաց­ման խօս­քը կա­տա­րեց Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ան­դամ` տիկ. Ան­նէթ ­Բագ­րա­տու­նին։ Ազ­գա­յին վար­չու­թեան խօս­քը փո­խան­ցեց վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ` պրն. ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեա­նը։ Այս տա­րի Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ո­րոշ­մամբ յետ մա­հու պար­գե­ւատ­րո­ւե­ցաւ հան­գու­ցեալ ­ԲաբգԷն ­Գա­սա­պեա­նը` նո­ւի­րեալ հա­յոր­դի եւ ­Լե­ւոն եւ ­Սո­ֆիա ­Յա­կո­բեան դպրո­ցի վաս­տա­կա­ւոր տնօ­րէն։ Պրն. ­Գա­սա­պեա­նի կեն­սագ­րա­կա­նը նե­րե­կա­յա­ցուց ­Լե­ւոն եւ ­Սո­ֆիա ­Յա­կո­բեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի` տիկ. ­Վիք­թո­րիա ­Մա­ղա­քեան։
Ա­ւար­տին Ա­ռաջ­նորդ հայր սուր­բը գնա­հա­տեց բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք հա­ւա­տար­մու­թեամբ կը շա­րու­նա­կան ծա­ռա­յել թե­մին եւ ազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րուն։ ­Հայր սուր­բը շեշ­տեց ե­րի­տա­սար­դու­թեան ներ­կա­յու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը եւ ծա­ռա­յու­թեան հրա­մա­յա­կա­նը։ Ա­ռաջ­նոր­դը ներ­կա­նե­րը հրա­ւի­րեց միաս­նա­կան ու­ժե­րով վե­րաշ­խու­ժաց­նել ­Յու­նաս­տա­նի հայ գա­ղու­թը իր բո­լոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րով։
Ա­պա Ա­ռաջ­նորդ հայր սուր­բը, հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ օրհ­նեց գա­թան եւ հրա­ւի­րեց ներ­կա­նե­րը հիւ­րա­սի­րու­թեան։