Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ եւ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ՝ «­Հա­մազ­գա­յին» ­Հայ Կր­թա­կան եւ Մ­շա­կու­թեան ­Միու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ղ. ­Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան, ­Կի­րա­կի՝ 11 ­Մարտ 2018ի ա­ռա­ւօ­տեան Ս. եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րա­գէն ան­մի­ջա­պէս ետք, «­Սուրբ Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «­Մա­կար Եկ­մա­լեա­նի կեանքն ու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը 1856-1905» խո­րագ­րով դա­սա­խօ­սա­կան ե­լոյթ, կա­տա­րո­ղու­թեամբ՝ տիկ. Ա­րաք­սի ­Վա­հեւ­նու­նիի, ներ­կա­յու­թեամբ՝ շրջա­նին մէջ գոր­ծող միու­թիւն­նե­րու, հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու եւ կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ մշա­կու­թա­սէր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու։
­Տիկ. ­Վա­հեւ­նու­նի հա­յե­րէն եւ յու­նա­րէն լե­զու­նե­րով ներ­կա­յա­ցուց հան­րա­ծա­նօթ ե­րա­ժիշ­տին կեանքն ու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը եւ վեր ա­ռաւ ա­նոր ներդ­րու­մը՝ յատ­կա­պէս ու մաս­նա­ւո­րա­բար Ս. ­Պա­տա­րա­գի եր­գե­ցո­ղու­թեան եւ այլ ե­րաժշ­տա­կան գոր­ծե­րու ընդ­մէ­ջէն։
­Դա­սա­խօ­սա­կան ե­լոյ­թի ըն­թաց­քին, մէջ ընդ մէջ, տիկ. ­Թա­մա­րա ­Սի­մո­նեան իր քաղցր ձայ­նով Ս. ­Պա­տա­րա­գէն մի քա­նի հա­տո­ւած­ներ մե­ներ­գեց։ Ա­ւար­տին, ­Հոգշ. ­Հայր ­Սուր­բը իր խօս­քին մէջ բարձր գնա­հա­տանք յայտ­նեց տիկ. ­Վա­հեւ­նու­նիին՝ կա­տա­րած լուրջ դա­սա­խօ­սու­թեան եւ տիկ. ­Սի­մո­նեա­նին՝ մե­ներ­գու­թեան հա­մար, ինչ­պէս նաեւ՝ կազ­մա­կեր­պիչ միու­թեան, որ շա­րու­նա­կա­բար այս­պի­սի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ կ’ի­րա­գոր­ծէ՝ յատ­կա­պէս մեր մե­ծե­րուն ան­մա­հա­նուն գոր­ծու­նէու­թիւ­նը վառ պա­հե­լու հա­մար։ Այ­նու­հե­տեւ, «­Տէր-­Զա­քա­րեան» սրա­հէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ պատ­շաճ հիւ­րա­սի­րու­թիւն։

Թղ­թա­կից