ՇԱՔԷ ԱՃԷՐԵԱՆ

1988 թո­ւա­կա­նը յի­շո­ղու­թեանս մէջ զօ­րա­ւոր դրոշ­մո­ւած կը մնայ եւ ը­սեմ, թէ ին­չո՛ւ։ ­­Պատ­ճա­ռը այն է, թէ այդ շրջա­նին ապ­րե­ցայ շատ ու­րախ եւ ան­մի­ջա­պէս յե­տոյ շատ տխուր եւ դժո­ւար օ­րեր։
Ու­րախ օ­րերս հե­տե­ւեալ­ներն էին.-
Ա­ռա­ջին.- Ին­ծի հա­մար շատ ու­րախ օր մը ե­ղաւ, երբ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով Հ. Կ. ­­Խա­չի ըն­տա­նի­քին մէջ գոր­ծե­լու եւ միու­թեանս ճամ­բով ազ­գիս օգ­տա­կար ըլ­լա­լու հա­մար վար­չա­կան ընտ­րո­ւե­ցայ։
Երկ­րորդ.- ­­Հայ­րե­նիքս տես­նե­լու ե­րազս ի­րա­կա­նա­ցած՝ ­­Հա­յաս­տա­նէն նոր վե­րա­դար­ձած, ու­րախ-զուարթ ու­րա­խու­թիւնս կը փոր­ձէի փո­խան­ցել շրջա­պա­տիս։ ­­Խան­դա­վա­ռո­ւած կը պատ­մէի հայ­րե­նի­քիս մա­սին, բայց այս մէ­կը եր­կար չտե­ւեց։ Ափ­սո՜ս։ Ու­րա­խու­թիւն, խան­դա­վա­ռու­թիւն ա­մէն ինչ կոր­սո­ւե­ցաւ, երբ ի­մա­ցանք ­­Դեկ­տեմ­բեր 7ի ­­Հա­յաս­տա­նի ա­հա­ւոր երկ­րա­շար­ժին մա­սին։ ­­Հե­ռա­տե­սի­լին առ­ջեւ գա­մուած կը հե­տե­ւէինք լու­րե­րուն։ ­­Կը տես­նէինք Ս­պի­տա­կը՝ գետ­նի հա­ւա­սար դար­ձած, ­­Գիւմ­րիի փլա­տակ­նե­րը, սաս­տիկ մեծ թի­ւով զո­հե­րը, ձիւն, ձմեռ, ան­տուն, ան­տէր մնա­ցած ե­րե­խա­նե­րը, տա­ռա­պող մա­միկ­ներն ու պա­պիկ­նե­րը, ո­րոնք փո­ղոց­նե­րը մնա­ցած էին, ան­պատս­պար…։ Ա­հա­ւոր պատ­կեր­ներ, ո­րոնք հո­գե­կան մեծ ցաւ կը պատ­ճա­ռէին բո­լո­րիս։
­­Գա­րէա-­­Կե­սա­րիա­նիի Հ. Կ. ­­Խա­չի օ­րո­ւան ա­տե­նա­պե­տու­հին՝ լու­սա­հո­գի տի­կին Ար­փի­նէ Մ­խի­կեա­նը, ան­մի­ջա­պէս ժո­ղո­վի հրա­ւի­րեց մե­զի եւ տե­ղե­կա­ցուց, թէ դրա­մա­հա­ւաք պի­տի ի­րա­գոր­ծո­ւի։ ­­Բո­լորս խոս­տա­ցանք՝ ձեռք-ձեռ­քի տո­ւած աշ­խա­տե­լու այս ուղ­ղու­թեամբ, որ­պէս­զի լաւ ար­դիւնք յա­ջողց­նենք։ Սկ­սանք շրջա­նի հա­յու­թեան ցան­կե­րը կազ­մել եւ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ մտա­ծել, թէ ի՞նչ ձե­ւով պի­տի մօ­տե­նանք մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն, նկա­տի ու­նե­նա­լով, թէ շրջա­նիս մէջ կան խառն ա­մուս­նու­թիւն­ներ կնքած ըն­տա­նիք­ներ, ո­րոնք եր­բեք ազ­գա­յին գոր­ծե­րով կամ հայ­կա­կան հար­ցե­րով չէին զբա­ղած ան­ցեա­լին։ ­­Նոյն­պէս ըն­տա­նիք­ներ կա­յին, ո­րոնք մեծ խնա­յո­ղու­թեամբ կ’ապ­րէին։ Ի՞նչ կրնա­յինք ը­սել այս ըն­տա­նիք­նե­րուն, ինչ­պէ՞ս մօ­տե­նալ։ ­­Յան­կարծ սա­կայն պա­տա­հե­ցաւ ան­հա­ւա­տա­լին։ ­­Մենք չմօ­տե­ցած՝ ա­նոնք մօ­տե­ցան մե­զի, պատ­րաս­տա­կամ ու ի­րենց գրպան­նե­րը լայն բա­ցած։ Այդ չէր բա­ւեր. շա­րու­նա­կա­բար կը կրկնէին, հարց կու­տա­յին, թէ ար­դեօք ու­րիշ ի՞նչ ձե­ւով կրնան օգ­տա­կար դառ­նալ։ Իսկ մենք շո­ւա­րած՝ ծայր աս­տի­ճան զգա­ցո­ւած, միայն շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նէինք։
­­Շատ յու­զիչ օ­րեր ան­ցու­ցի այդ շրջա­նին։ Այս բո­լո­րը ան­մո­ռա­նա­լի են ին­ծի հա­մար։