­Կի­րա­կի՝ 12 ­Փետ­րո­ւար 2017ին, Ս. եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րա­գէն ետք, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ­Հա­մազ­գա­յի­նի «­Ղա­զա­րոս ­Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ «սուր­ճի եւ մշա­կոյ­թի» հա­ւաք «­Տէր ­Զա­քա­րեան» սրա­հէն ներս: Օ­րո­ւան բա­նա­խօսն էր ­Յով­հան­նէս ­Սար­գիս Ա­ղա­պա­տեան՝ նիւթ ու­նե­նա­լով իր «­Հայ­կա­կան ազ­գա­նուն­նե­րը ու­նին ի­րենց պատ­մու­թիւ­նը» ա­նու­նով գիր­քը: Օ­րո­ւան բա­նա­խօ­սին հետ որ­պէս հիւր ներ­կայ էր ­Պա­րոն Եան­նիս ­Խա­սիո­դիս, որ իր սրտի խօս­քը ար­տա­սա­նեց եւ իր գնա­հա­տա­կա­նը յայտ­նեց սոյն ե­լոյ­թին եւ բա­նա­խօ­սի գիր­քին հա­մար:
Այս ե­լոյ­թը ու­նե­նա­լով իր ե­զա­կի իւ­րա­յատ­կու­թիւ­նը, պա­րոն բա­նա­խօ­սը լայ­նօ­րէն խօ­սե­ցաւ գիր­քին մա­սին՝ շեշ­տը դնե­լով հայ­կա­կան ազ­գա­նուննե­րուն պատ­մու­թեան եւ ա­նոնց ծա­գու­մին վրայ: Ա­մէն մէ­կուն սրտի պարտքն է ի­մա­նալ իր ա­նո­ւան կամ ազ­գա­նու­նին ծա­գու­մը, ո­րո­վե­տեւ հայ ազ­գը ու­նե­նա­լով իր տա­ռա­պան­քի, նաեւ յաղ­թա­նա­կի իր դա­րա­ւոր պատ­մու­թիւ­նը, անհ­րա­ժեշտ է ճանչ­նալ, թէ ո՛ր ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծին մէջ ստեղ­ծո­ւած են սոյն ազ­գա­նուն­նե­րը:
­Պա­րոն Ա­ղա­պա­տեա­նի գիր­քը մեծ ար­ժէք կը ներ­կա­յա­ցէ յու­նա­հայ գա­ղու­թի զա­ւակ­նե­րուն հա­մար. մատ­չե­լի գիրք մը, որ մեզ կը փո­խադ­րէ մեր պա­պե­րու օ­րե­րուն. գիր­քը ցոյց կու տայ հայ մշա­կոյ­թի ըն­դար­ձակ ու լայ­նա­ծա­ւալ աշ­խա­տան­քի ար­դիւն­քը, նաեւ այս գիր­քին պատ­ճառռվ կ­՛ան­մա­հա­նան հայ­կա­կան ազ­գա­նուն­նե­րը, ­Հայ ազ­գի զա­ւակ­նե­րու սրտե­րուն մէջ հպար­տու­թեան հետք մը ձգե­լով, որ պի­տի յա­ւեր­ժաց­նէ հայ ե­րի­տա­սար­դին ինք­նու­թեան ճա­նա­չու­մը:
­Դա­սա­խօ­սի խօս­քին ա­ւար­տէն ետք, խօսք ա­ռաւ նաեւ պա­րոն ­Յո­վիկ ­Գա­սա­պեան, որ տա­րի­ներ շա­րու­նակ կը գտնո­ւէր ­Հա­յաս­տան, ուս­ման պատ­ճա­ռով: ­Պա­րոն ­Յո­վիկ իր տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը ար­տա­յայ­տեց գիր­քին մա­սին, ա­ռա­ւել եւս խօ­սե­լով ­Հա­յաս­տա­նէն ներս տե­ղի ու­նե­ցող ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն մա­սին:
Այս ջերմ մթնո­լոր­տին մէջ խուռ­նե­րամ բազ­մու­թիւ­նը ու­շի ու­շով կը լսէր խօսք ար­տա­սա­նող հիւ­րե­րուն, որ­մէ ետք հա­մայն­քիս հո­գե­ւոր հո­վիւ Սմ­բատ Վրդ. ­Սա­պուն­ճեան կա­տա­րեց ­Հա­մազ­գա­յի­նի «­Ղա­զա­րոս ­Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան ­Գա­թա­յի բաշ­խու­մը: Ա­պա ներ­կա­նե­րը մօ­տե­ցան պա­րոն դա­սա­խօ­սին՝ ի­րեն հար­ցում­ներ ուղ­ղե­լու հա­մար եւ ու­նե­նա­լու ա­նոր գիր­քը:
­Վար­չու­թեան այս ձեռ­նար­կը իր ա­ւար­տին հա­սաւ յա­ջո­ղու­թեամբ՝ կրկին ան­գամ խոս­տա­նա­լով կա­տա­րե­լու նմա­նա­տիպ հա­ւաք­ներ, ո­րոնք կը լից­քա­ւո­րեն մեր հա­մայն­քի զա­ւակ­նե­րուն մտքե­րը: