­Մի­ջազ­գա­յին ա­ռաջ­նու­թիւն­նե­րու տէր, յու­նա­հայ տա­ղան­դա­ւոր եւ ծա­նօթ ե­րա­ժիշտ-յօ­րի­նող ­Միհ­րան ­Չա­լը­քեա­նի «Exceptional people» դա­սա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ, քա­ղա­քա­պե­տու­թեան սիմ­ֆո­նիք նուա­գա­խում­բի կա­տա­րո­ղու­թեամբ։
­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 4 ­Դեկ­տեմ­բեր 2019 ե­րե­կո­յեան, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ա­րիս­տո­տե­լեան» հա­մալ­սա­րա­նի դահ­լի­ճին մէջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ յա­տուկ հա­մերգ՝ նո­ւի­րո­ւած հաշ­ման­դամ ան­ձե­րուն։ ­Քա­ղա­քա­պե­տու­թեան սիմ­ֆո­նիք նո­ւա­գա­խում­բը ներ­կա­յա­ցուց ե­րի­տա­սարդ յօ­րի­նող­նե­րու դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան կտոր­ներ, ո­րոնք յա­տուկ կար­գով ընտ­րո­ւած էին եւ նե­րառ­նո­ւած՝ յայ­տա­գի­րին մէջ։
­Յատ­կան­շա­կան էր, որ ­Միհ­րան ­Չա­լը­քեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ յայ­տա­գի­րի եզ­րա­փա­կիչ մա­սին։ Ա­նի­կա հա­մեր­գի ա­մէ­նէն տպա­ւո­րիչ բա­ժինն էր, որ ար­ժա­նա­ցաւ նաեւ ներ­կայ ե­րաժշ­տա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան բարձր գնա­հա­տան­քին։ Ն­շենք, որ ե­լոյ­թին ներ­կայ ե­ղան հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս­ներ եւ ու­սա­նո­ղու­թիւ­նը, ծա­նօթ յօ­րի­նող­ներ ու ե­րա­ժիշտ­ներ եւ մեծ թի­ւով հա­սա­րա­կու­թիւն մը, ո­րոնք ե­կած էին ունկնդ­րե­լու այս յա­տուկ հա­մեր­գը, որ նո­ւի­րո­ւած էր սահ­մա­նա­փակ ֆի­զի­քա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րու տէր ան­ձե­րուն։
­Միհ­րան ­Չա­լը­քեան, որ իր ե­րի­տա­սար­դա­կան տա­րի­նե­րէն ցու­ցա­բե­րած է ե­րաժշ­տա­կան հմտու­թիւն եւ բա­ցա­ռիկ տա­ղանդ, ան­գամ մը եւս հմա­յեց իր յօ­րի­նած ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեամբ։ Ան ցոյց կու տայ ա­պա­գայ խոս­տա­ցող ե­րաժշ­տա­կան մեծ տա­ղանդ մը, որ ար­դէն յու­նա­կան եւ մի­ջազ­գա­յին բե­մե­րէն իր ա­նու­նը լսե­լի կը դարձ­նէ։
­Միհ­րան ­Չա­լը­քեան, ար­տա­յայ­տո­ւե­լով իր յօ­րի­նած կտո­րին մա­սին, կը յայտ­նէ.- «Exceptional people» (խմբ. բա­ցա­ռիկ մար­դիկ) կտո­րը նո­ւի­րո­ւած է հաշ­ման­դամ­նե­րու, ո­րոնք սա­կայն՝ ցոյց կու տան բա­ցա­ռիկ յատ­կու­թիւն­ներ։ Ե­րաժշ­տա­կան տա­ռե­րուն ընդ­մէ­ջէն, փոր­ձե­ցի ներ­կա­յաց­նել ա­ռօ­րեա­յի դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը, բայց նաեւ՝ ու­ժը, հո­գիի զօ­րու­թիւ­նը, ո­րոնց կա­րի­քը ու­նին այս կար­գի մար­դիկ՝ վա­յե­լե­լու հա­մար կեան­քի էու­թիւ­նը։ Կ­տո­րը կը սկսի բուռն մե­ղե­դի­նե­րով, որոնք ցոյց կու տան սաս­տիկ զգա­ցում­նե­րու ժայթ­քու­մը, երբ հաշ­ման­դամ մը խո­ցո­ւած կը զգայ «կա­նո­նա­ւոր» ըն­կե­րու­թեան կող­մէ։
­Յա­ջոր­դա­բար, ե­րաժշ­տա­կան բա­ժին­նե­րը կը դառ­նան ա­ւե­լի յստակ, ա­ւե­լի վստահ, ա­ւե­լի ու­ժա­կան՝ գով­քը հիւ­սե­լու հա­մար «տար­բեր ըլ­լա­լու» մե­ծու­թեան, ինչ­պէս նաեւ զար­գաց­նե­լու հա­մար այդ «տար­բե­րու­թեան» ազ­նիւ ըն­կա­լու­մը բո­լո­րիս կող­մէ, որ կը պա­հան­ջէ յանդգ­նու­թիւն, կրթու­թիւն եւ հո­գիի քա­ջու­թիւն։ ­Մե­ղե­դի­նե­րը ի­րենց գա­գաթ­նա­կէ­տին կը հաս­նին նուա­գա­խում­բի բո­լոր գոր­ծիք­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ եւ կը ստեղ­ծեն փա­ռա­ւոր տօ­նախմբու­թեան մը զգա­ցու­մը, նո­ւի­րո­ւած «մարդ­կա­յին տար­բե­րու­թեան»։
­Հա­մեր­գի ա­ւար­տին, ­Միհ­րան ­Չա­լը­քեան ստա­ցաւ շա­րու­նա­կա­կան ծա­փա­հա­րու­թիւն­ներ ներ­կա­նե­րուն կող­մէ եւ ար­ժա­նա­ցաւ ժո­ղո­վուր­դի բարձր գնա­հա­տան­քին։