Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեամբ եւ ­Յու­նաս­տա­նի Շրջ. ­Վար­չու­թեան օ­ժան­դա­կու­թեամբ, Ուր­բաթ՝ 10 ­Մա­յիս 2019ի ա­ռա­ւօ­տուն, Ա­թէն­քի «Novotel» հիւ­րա­նո­ցին մէջ, կա­տա­րո­ւե­ցաւ բա­ցու­մը Հ.Մ.Ը.Մ.ի ե­րի­տա­սար­դա­կան Ա. հա­մա­գու­մա­րին, մաս­նակ­ցու­թեամբ ­Հա­յաս­տա­նէն եւ սփիւռ­քի 18 գա­ղութ­նե­րէ մեծ թի­ւով ե­րի­տա­սարդ Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան ան­դամ­նե­րու։
­Մաս­նակ­ցող­նե­րուն ուղ­ղո­ւած բա­րի գալս­տեան մաղ­թանք­նե­րով հան­դէս ե­կաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ եղբ. ­Գառ­նիկ Մկր­տի­չեան, ա­պա հրա­ւի­րեց ­Յու­նաս­տա­նի Շրջ. ­Վար­չու­թեան ան­դամ քոյր ­Մար­լէն ­Տա­գէ­սեա­նը, որ փո­խան­ցեց ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Մ.Ը.Մ.ի ըն­տա­նի­քի ող­ջոյն­նե­րը եւ բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րը ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րուն։
­Յա­ջոր­դա­բար, ­Կեդր. ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տը ման­րա­մանս կեր­պով բա­ցատ­րեց ժո­ղո­վի նպա­տա­կը եւ ներ­կա­յա­ցուց ա­նոր օ­րա­կար­գի գլխա­ւոր բա­ժին­նե­րը, կա­րե­ւո­րե­լով սոյն հա­մա­գու­մա­րի ե­րի­տա­սարդ­նե­րու գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թիւ­նը եւ զբա­ղու­մը Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100ա­մեա­կէն ետք նոր մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու եւ ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րու ծրա­գիր­նե­րով։
­Կազ­մո­ւե­ցաւ ժո­ղո­վի դի­ւա­նը, որ պի­տի վա­րէ եր­կօ­րեայ աշ­խա­տանք­նե­րը։ Ա­ռա­ւել, պի­տի գոր­ծէ տե­ղե­կա­տո­ւա­կան յա­տուկ յանձ­նա­խումբ մը՝ որ պի­տի զբա­ղի հա­մա­ցան­ցի եւ ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րուն մէջ ժո­ղո­վի աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ ար­դիւնք­նե­րուն ներ­կա­յաց­ման աշ­խա­տանք­նե­րով։