ԳԷՈՐԳ ՓԱՓԱԶԵԱՆ (1892-1953) ­Հա­յու­թեան ձայ­նը՝ յու­նա­կան խորհր­դա­րա­նէն ներս

ԳԷՈՐԳ ՓԱՓԱԶԵԱՆ (1892-1953) ­Հա­յու­թեան ձայ­նը՝ յու­նա­կան խորհր­դա­րա­նէն ներս

0
18520

ՄԱՅՔ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ

10 ­Նո­յեմ­բեր 1953ին իր աչ­քե­րը յա­ւի­տե­նա­պէս փա­կեց յու­նա­հայ գա­ղու­թի ե­րախ­տա­շատ սպա­սար­կու մը՝ յու­նա­հա­յու­թեան եր­կար տա­րի­նե­րու շաղ­կա­պող օ­ղա­կը, եւ ա­նոր ձայ­նը՝ հել­լէն կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րուն ու պե­տու­թեան մօտ։ Ազ­նիւ եւ բազ­մա­տա­ղանդ անձ­նա­ւո­րու­թիւն մը՝ որ ­Փոքր Ա­սիոյ ա­ղէ­տէն ետք, իր ամ­բողջ կեան­քը նո­ւի­րեց հայ գաղ­թա­կա­նու­թեան օգ­նու­թեան հաս­նե­լու մե­ծա­գոյն գոր­ծին։
­Գէորգ ­Փա­փա­զեան ծնաւ ­Ռո­տոս­թօ 1892ին եւ իր նախ­նա­կան կրթու­թիւ­նը ստա­ցաւ քա­ղա­քի դպրո­ցէն ներս, ո­րուն տնօ­րէ­նը այդ տա­րի­նե­րուն ե­ղաւ ­Թով­մաս Ա­ճէ­մեան։ Ա­ւե­լի ուշ, իր ծնող­քը պա­տա­նի ­Գէոր­գը ղրկե­ցին ­Կէ­լի­պոլ՝ անձ­նա­կան երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րա­նը ու­սա­նե­լու հա­մար։ 1908 թո­ւա­կա­նին, ան ու­սա­նե­ցաւ ­Պոլ­սոյ «­Պէր­պէ­րեան» վար­ժա­րա­նէն ներս եւ ա­ռաջ­նու­թիւն ցու­ցա­բե­րեց բա­նա­սի­րու­թեան, լե­զո­ւա­գի­տու­թեան եւ ա­րուես­տի ուս­մանց մէջ։ ­Յա­ջոր­դա­բար, իր ու­սու­մը կա­տա­րե­լա­գոր­ծեց եւ ամ­բող­ջա­ցուց ­Պոլ­սոյ հա­մալ­սա­րա­նէն ներս, ի­րա­ւա­բա­նու­թեան ճիւ­ղին մէջ։
Ա­ռա­ջին մեծ Աշ­խար­հա­մար­տի ըն­թաց­քին, ծա­ռա­յեց օս­մա­նեան բա­նա­կին մէջ, որ­պէս զի­նո­ւո­րա­կան գոյ­քե­րու պա­տաս­խա­նա­տու։
­Բա­նա­կէն ար­ձա­կո­ւե­լէ ետք, ան վե­րա­դար­ձաւ իր ծննդա­վայ­րը՝ ­Ռո­տոս­թօ։ Լ­քո­ւած թրքա­կան տու­ներ այ­րած ըլ­լա­լու պատ­րո­ւա­կով, ամ­բաս­տա­նո­ւե­ցաւ սուտ վկա­յու­թեանց վրայ եւ ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ այլ հա­յե­րու հետ՝ թրքա­կան ոս­տի­կա­նու­թեան կող­մէ։ Շր­ջա­նի մը հա­մար բան­տար­կո­ւե­ցաւ, ա­պա ու­րիշ հա­յե­րու հետ աք­սո­րո­ւե­ցաւ ­Դա­մաս­կոս։ ­Հոն աշ­խա­տե­ցաւ որ­պէս թարգ­մա­նիչ՝ կարգ մը խնա­մա­տա­րա­կան հաս­տա­տու­թեանց քով։ Ի­մա­նա­լով՝ թէ իր հա­րա­զատ­նե­րը աք­սո­րո­ւած են հա­րա­ւա­յին ­Սու­րիոյ ­Տու­մա քա­ղա­քը, կը փու­թայ միա­նա­լու ա­նոնց եւ կարճ շրջա­նի մը հա­մար կ­՚աշ­խա­տի որ­պէս պաշ­տօ­նեայ։
­Զի­նա­դա­դա­րէն ան­մի­ջա­պէս ետք կը վե­րա­դառ­նայ ­Դա­մաս­կոս, ուր խումբ մը հա­յե­րու հետ կը հիմ­նեն «Ա­րա­րա­տեան եղ­բայ­րու­թիւն»ը։ Ի­րենց ջան­քե­րով կը ստեղ­ծո­ւի ըն­դու­նե­լու­թեան յա­տուկ կա­յան մը ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րող­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք ­Տէր ­Զօ­րի ճամ­բով հա­սած էին մին­չեւ ­Դա­մաս­կոս։ 1919ին ­Փա­փա­զեան կը վե­րա­դառ­նայ ­Ռո­տոս­թօ եւ հոն կը նշա­նա­կո­ւի որ­պէս հա­յու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ՝ լքո­ւած հարս­տու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւոր­ման պե­տա­կան յանձ­նա­խում­բին մէջ։
­Յա­ջորդ տա­րին, շրջա­նի մը հա­մար կը զբա­ղի ի­րա­ւա­բա­նա­կան գոր­ծով ­Պոլ­սոյ մէջ։ Երբ ա­րե­ւե­լեան Թ­րա­կիան կը միա­նայ ­Յու­նաս­տա­նի՝ շրջա­նի հա­յա­հոծ հա­մայնք­նե­րը ի­րա­ւունք կը ստա­նան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ե­րես­փո­խան մը ու­նե­նա­լու յու­նա­կան ­Խորհր­դա­րա­նէն ներս։
­Գէորգ ­Փա­փա­զեան քո­ւէ­նե­րու բարձր հա­մե­մա­տու­թեամբ կ­՚ընտ­րո­ւի հա­յու­թեան պատ­գա­մա­ւոր եւ կը հան­դի­սա­նայ ա­ռա­ջին հայ ե­րես­փո­խա­նը յու­նա­կան խորհր­դա­րա­նին մէջ՝ 1920-1922 ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին հա­մար, մին­չեւ ա­րե­ւե­լեան Թ­րա­կիոյ գրա­ւու­մը թրքա­կան բա­նա­կին կող­մէ։
Ե­րես­փո­խա­նի պար­տա­կա­նու­թեանց տակ, բե­ղուն ժա­մա­նա­կաշր­ջան մը ապ­րե­ցաւ ­Գէորգ ­Փա­փա­զեան, բազ­մա­պի­սի ճա­կատ­նե­րու վրայ։ Այդ ժա­մա­նա­կին, ան գոր­ծակ­ցե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան Ա­թէն­քի դես­պա­նու­թեան հետ՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ դես­պան ­Տիգ­րան ­Չա­յեա­նի, ինչ­պէս նաեւ՝ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի եւ Ա­թէն­քի հիւ­պա­տոս­ներ ­Գա­լուստ Աս­լա­նեա­նի եւ ­Յա­րու­թիւն ­Գը­լը­ճեա­նի հետ։ ­Վեր­ջի­նը մնաց որ­պէս հիւ­պա­տոս մին­չեւ 1925 թո­ւա­կա­նը, հա­կա­ռակ ­Հա­յաս­տա­նի խորհր­դայ­նաց­ման։ ­Նաեւ՝ գոր­ծակ­ցե­ցաւ ­Փա­րի­զի մէջ Հ.Հ. ­Պա­տո­ւի­րա­կու­թեան հետ, յատ­կա­պէս հայ գաղ­թա­կան­նե­րու կար­գա­ւոր­ման հա­մար։
­Գէորգ ­Փա­փա­զեա­նի գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը հայ­կա­կան դի­ւա­նա­գի­տա­կան ներ­կա­յա­ցուց­չու­թեան հետ ե­ղաւ ան­մի­ջա­կան եւ ար­դիւ­նա­ւոր, նոյ­նիսկ 1922էն յե­տոյ։ Իր ներդ­րու­մը եր­կու եղ­բայ­րա­կից եր­կիր­նե­րու դի­ւա­նա­գի­տա­կան կա­պե­րու ամ­րապնդ­ման մէջ ե­ղաւ ա­ռանց­քա­յին եւ ա­ւե­լի ուշ դրա­կան կեր­պով ար­ձա­նագ­րո­ւե­ցաւ հայ դի­ւա­նա­գէտ­նե­րուն կող­մէ։
1921ին, ­Սեւ­րի ­Դաշ­նագ­րի վե­րա­նայ­ման մի­տու­մը ­Մեծ Ու­ժե­րու կող­մէ խո­րա­պէս կը մտա­հո­գէ հայ ե­րես­փո­խա­նը, որ յու­նա­կան խորհր­դա­րա­նի ամ­պիո­նէն՝ 15 ­Փետ­րո­ւար 1921ի նիս­տին կը յայ­տա­րա­րէ.- «…Որ­պէս ներ­կա­յա­ցու­ցիչ հել­լէն խորհր­դա­րա­նէն ներս Թ­րա­կիոյ հա­յե­րու, ո­րոնց ջար­դե­րուն, տե­ղա­հա­նու­թեանց եւ կրած վնաս­նե­րուն դէմ պայ­քար­նե­րը սեր­տօ­րէն կա­պո­ւած են հել­լէ­նիզ­մին հետ, ա­նոնց ա­նու­նով բուռն կեր­պով կը բո­ղո­քեմ ­Սեւ­րի ­Դաշ­նագ­րի վե­րա­նայ­ման դէմ՝ հա­մա­րե­լով ա­տի­կա իբ­րեւ ջար­դե­րու շա­րու­նա­կու­թիւն, եւ յու­սա­լով որ մի­ջազ­գա­յին խիղ­ճը պի­տի տի­րա­պե­տէ աշ­խար­հի բնա­կիչ­նե­րուն վրայ, հա­մո­զե­լու հա­մար՝ թէ թրքա­կան բռնա­տի­րու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մը սեւ բիծ պի­տի հան­դի­սա­նայ հա­մաշ­խար­հա­յին պատ­մու­թեան հա­մար»։
­Հա­յազ­գի ե­րես­փո­խա­նը, հա­կա­ռակ իր ա­զա­տա­միտ գա­ղա­փար­նե­րուն, յատ­կա­պէս սի­րո­ւե­ցաւ եւ ըն­դու­նո­ւե­ցաւ թա­գա­ւո­րա­կան շրջա­նակ­նե­րէն, ո­րոնք ա­մէն կեր­պով զօ­րա­վիգ կանգ­նե­ցան ­Փա­փա­զեա­նի կող­մէ ներ­կա­յա­ցո­ւած հայ հա­մայնք­նե­րու հար­ցե­րուն լուծ­ման ճի­գե­րուն։ Իր ջան­քե­րով կա­րո­ղա­ցաւ մեծ գու­մար­ներ ա­պա­հո­վել պե­տու­թեան պիւտ­ճէէն՝ հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու կա­րիք­նե­րուն հա­մար։ Ա­ռա­ւել՝ ան կա­րո­ղա­ցաւ Թ­րա­կիոյ հա­յու­թիւ­նը զերծ պա­հել հան­րա­յին տուր­քե­րէ, ա­ւե­լի քան տա­րո­ւան մը հա­մար, շրջա­նի ա­զա­տագ­րու­մէն ետք։
­Նախ­քան ­Փոքր Ա­սիոյ ա­ղէ­տը ար­դէն մօտ 4000 գաղ­թա­կան­ներ ­Պո­լի­սէն, Իզ­մի­թէն, ­Կի­լի­կիա­յէն եւ ­Կէ­լի­պո­լէն հա­սած էին ­Յու­նաս­տան:
1922ին, հայ­կա­կան յա­տուկ բա­ժին մը կը կազ­մո­ւի յու­նա­կան բա­նա­կին մէջ՝ ­Հայ­կա­կան ­Լե­գէո­նը, զօ­րա­վար ­Թոր­գո­մի եւ Ա­րամ ­Կայ­ծա­կի հրա­մա­նա­տա­րու­թեամբ: ­Գէորգ ­Փա­փա­զեան կը կա­րո­ղա­նայ ա­պա­հո­վել յու­նա­կան պե­տու­թեան զօ­րակ­ցու­թիւ­նը՝ հայ կա­մա­ւոր սպա­նե­րու եւ զի­նո­ւոր­նե­րու կա­րիք­նե­րուն։
­Կարճ ժա­մա­նակ մը յե­տոյ, մար­զո­ւե­լու ծրագ­րով՝ ­Լե­գէո­նը տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ Իզ­միր։ ­Հայ­կա­կան ­Լե­գէո­նի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ­Փոքր Ա­սիոյ մէջ ե­ղաւ շատ կա­րե­ւոր եւ, ըստ պատ­մա­կան վկա­յու­թեանց, ա­նի­կա ե­ղաւ վեր­ջին զի­նո­ւո­րա­կան ջո­կա­տը, որ լքեց կո­րու­սեալ հո­ղե­րը՝ միա­ժա­մա­նակ մեծ օգ­նու­թիւն ըն­ձե­ռե­լով տե­ղա­կան բնակ­չու­թեան եւ ե­րաշ­խա­ւո­րե­լով, ըստ հնա­րա­ւո­րի, ա­նոր ա­պա­հով տե­ղա­հա­նու­մը քե­մա­լա­կան բա­նա­կի վայ­րա­գու­թեանց ա­լի­քին դի­մաց։
­Փոքր Ա­սիոյ ա­ղէ­տին պատ­ճա­ռով 80-100 հա­զար գաղ­թա­կան հա­յեր ա­պաս­տան կը գտնեն ­Յու­նաս­տա­նի մէջ։ ­Գէորգ ­Փա­փա­զեան կը փու­թայ հաս­տա­տո­ւե­լու ­Թե­սա­ղո­նի­կէ քա­ղա­քը եւ ան­կէ օգ­նու­թեան ձեռք եր­կա­րե­լու բազ­մա­հա­զար գաղ­թա­կան­նե­րուն։ ­Կը դառ­նայ ան­մի­ջա­կան կա­պը հայ տա­րագ­րեալ­նե­րու եւ յու­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան մի­ջեւ։
1923ի ­Փետ­րո­ւա­րին կը սկսի հրա­տա­րա­կել ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ա­ռա­ջին թեր­թը՝ «Ա­լիք» ա­նու­նով, խմբագ­րու­թեամբ ­Լե­ւոն ­Մո­զեա­նի, որ լոյս պի­տի տես­նէր մին­չեւ 1927։
­Միա­ժա­մա­նակ՝ ան աշ­խա­տակ­ցու­թիւն կը հաս­տա­տէ ­Պոլ­սոյ հայ­կա­կան օ­րա­թերթ­նե­րուն հետ, զա­նա­զան յօ­դուած­նե­րու հրա­տա­րա­կու­թեամբ։ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ կը դառ­նայ տեղ­ւոյն ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դի ան­դամ եւ կը ծա­ռա­յէ եր­կար տա­րի­ներ։ Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տէն ետք իր կնոջ ­Սի­րա­յի եւ դստեր ­Ռի­թա­յի հետ կը հաս­տա­տո­ւին Ա­թէնք։
«Ա­զատ Օր» օ­րա­թեր­թը կը դառ­նայ Գ. ­Փա­փա­զեա­նի աշ­խա­տակ­ցու­թեան նոր դաշ­տը՝ ստո­րագ­րե­լով գրու­թիւն­ներ եւ կա­տա­րե­լով թարգ­մա­նու­թիւն­ներ ֆրան­սա­կան թեր­թե­րէն։ 1948ին, «­Հա­մազ­գա­յին» մշա­կու­թա­յին միու­թեան հիմ­նու­մով Ա­թէն­քի մէջ, կը ստանձ­նէ ա­նոր ա­ռա­ջին ա­տե­նա­պե­տի պաշ­տօ­նը՝ մին­չեւ 1950։
­Գէորգ ­Փա­փա­զեան իր աչ­քե­րը կը փա­կէ 10 ­Նո­յեմ­բեր 1953ին՝ կար­ճա­տեւ հի­ւան­դու­թե­նէ մը ետք։ ­Թաղ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րո­ւե­ցաւ Ա­թէն­քի «Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ եւ իր մար­մի­նը ամ­փո­փո­ւե­ցաւ ­Գո­քի­նիոյ եր­րորդ գե­րեզ­մա­նա­տու­նը։
­Գէորգ ­Փա­փա­զեա­նի կեան­քը ե­ղաւ փո­թոր­կա­լից՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի տա­ռա­պանք­նե­րը եւ ցա­ւե­րը ա­մո­քե­լու մշտա­կան պայ­քա­րի մէջ գտնո­ւե­լով։ Իր ու­նե­ցած բո­լոր հան­գա­մանք­նե­րով, հա­յու­թեան ա­մէ­նէն դժո­ւար տա­րի­նե­րուն, ան­դուլ կեր­պով նո­ւի­րա­բե­րեց իր ու­ժե­րը գաղ­թա­կան­նե­րու կեան­քե­րը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար, միա­ժա­մա­նակ՝ ան մա­տու­ցեց հո­գեմ­տա­ւոր ծա­ռա­յու­թիւն, այն­քան կա­րե­ւոր՝ թշո­ւա­ռու­թեան մատ­նո­ւած հայ գաղ­թա­կա­նու­թեան բա­րո­յա­կան եւ հո­գե­կան վե­րել­քին հա­մար։
Իր թո­ղած վաս­տա­կը եւ ծա­ռա­յու­թիւ­նը անջն­ջե­լի կը մնան յու­նա­հայ գա­ղու­թի կազ­մա­ւոր­ման գոր­ծին մէջ։