4 տա­րի ան­ցած է ­Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ­Ճամ­պո­րիէն, ուր ան­մո­ռա­նա­լի օ­րեր ան­ցու­ցած էինք, ինչ­պէս նաեւ տխուր բա­ժա­նու­մի պա­հեր` ամ­բողջ աշ­խար­հէն հա­մախմ­բո­ւած մեր քոյ­րե­րուն եւ եղ­բայր­նե­րուն հետ:
2018ը բա­ցա­ռիկ տա­րի մը ըլ­լա­լով, տօ­նե­լով Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմ­նադ­րու­թեան 100ա­մեա­կը, որ կը զու­գա­դի­պի ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան 100ա­մեա­կին, դար­ձեալ ա­ռի­թը պի­տի ու­նե­նանք հան­դի­պե­լու մեր քոյ­րե­րուն ու եղ­բայ­րնե­րուն, ­Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­նա­լիք Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաու­տա­կան 11րդ ­ճամ­պո­րիի ըն­թաց­քին:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Յու­նաս­տա­նի սկաու­տա­կան խում­բը, որ կը մաս­նակ­ցի մեծ թի­ւով քոյ­րե­րով եւ եղ­բայր­նե­րով, դէ­պի հայ­րե­նիք կը մեկ­նի ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 18 ­Յու­լի­սի գի­շե­րո­ւան ժա­մե­րուն եւ Ա­թէնք կը վե­րա­դառ­նայ Եր­կու­շաբ­թի՝ 30 ­Յու­լի­սին:
­Յու­նաս­տա­նի մեր պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը կը բաղ­կա­նայ հե­տե­ւեալ­նե­րէն.-
Խմ­բա­պետ եղբ. ­Սի­մոն Ա­սի­պեան, փոխ-խմբա­պե­տու­հի քոյր Ա­րազ ­Պար­սա­մեան, ­Վա­րիչ Ա­ռաջ­նորդ քոյր Ա­լին Այ­վա­զեան, Ա­ռաջ­նոր­դի աս­տի­ճա­նով քոյ­րեր ­Թա­մար ­Պար­սա­մեան, Ա­նա­հիտ Ս­րա­պեան, Ե­րո­ւանդ ­Մա­նու­կեան. ինչ­պէս նաեւ 14 ե­րէց­ներ եւ սկաուտ­ներ՝ ­Գո­քի­նիոյ եւ ­Ֆիք­սի խում­բե­րէն:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան ուղ­ղու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւե­լով, մօ­տա­ւո­րա­պէս տա­սը ա­միս, աշ­խա­տե­ցանք ար­ժա­նա­վա­յել ներ­կա­յու­թիւն մը ու­նե­նա­լու հա­մար ճամ­պո­րիին, գիտ­նա­լով եւ ան­համ­բեր սպա­սե­լով այս օ­րե­րուն:
­Բա­րի ճա­նա­պարհ սի­րե­լի քոյ­րեր եւ եղ­բայր­ներ՝ մաղ­թե­լով, որ ան­մո­ռա­նա­լի յու­շե­րով եւ ազ­գա­յին հպար­տու­թեամբ վե­րա­դառ­նաք մեր մօտ:

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Ի ԴԻՄԱՑ՝ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ