Ե­րեք­շաբ­թի՝ 22 ­Մա­յիս 2018ի ա­ռա­ւօտեան, ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն տո­ւաւ ­Նի­քէա­յի Ա­լեք­սիոս ­Մետ­րո­պո­լի­տին։ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր կ­՛ը­կե­րա­նար Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան, ինչ­պէս նաեւ «Ս. ­Յա­կոբ» ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Վահ­րիճ Վրդ. ­Ղա­րա­խա­նեան, ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դի կող­մէ պրն. ­Լե­ւոն ­Չէր­չեան եւ ­Տիկ­նանց ­Մարմ­նոյ դի­ւա­նը՝ ա­տե­նա­պե­տու­հի տիկ. ­Մա­րօ ­Մի­քա­յէ­լեան եւ տիկ. ­Մէ­րի ­Կոր­կո­տեան։
Ա­լեք­սիոս ­Մետ­րո­պո­լի­տին բա­րի գա­լուս­տի ջերմ խօս­քե­րէն ետք, Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան ներ­կա­յա­ցուց Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նին հո­գե­ւո­րա­կան ծա­ռա­յու­թիւ­նը՝ սկսե­լով ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հո­գե­ւոր հո­վո­ւու­թեան եւ ­Լի­բա­նա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նոր­դու­թեան տա­րի­նե­րէն ու, ներ­կա­յիս, որ­պէս ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի նո­րըն­տիր Ա­ռաջ­նորդ։
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը ա­ռա­ջին հեր­թին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ­Մետ­րո­պո­լի­տին ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար՝ անդ­րա­դառ­նա­լով ­Յու­նաս­տա­նի թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ ընտ­րո­ւե­լէն ի վեր այն բո­լոր պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն­նե­րուն՝ ե­կե­ղե­ցա­կան թէ պե­տա­կան անձ­նա­ւո­րու­թեանց, ո­րոնց ա­ռա­ջի­նը ե­ղաւ Ա­թէն­քի եւ հա­մայն ­Յու­նաս­տա­նի Ար­քե­պիս­կո­պոս Իէ­րո­նի­մո­սին որ­պէս հո­գե­ւոր ա­ւագ եղ­բայր, ու նաեւ գլխա­ւո­րա­գոյ­նը՝ հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին պրն. Փ­րո­քո­փիս ­Բաւ­լո­փու­լո­սին, կա­րե­ւո­րու­թեամբ շեշ­տեց ­Նի­քէա­յի ­Մետ­րո­պո­լի­տին այ­ցե­լու­թիւ­նը, ո­րուն թե­մա­կան շրջա­նին մէջ կը գտնո­ւին բա­ւա­կան կա­րե­ւոր թի­ւով հա­յեր եւ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մին ծխա­կան մեծ շրջան­նե­րէն «Ս. ­Յա­կոբ» ե­կե­ղե­ցին։ Ն­կա­տի ու­նե­նա­լով «Ս. ­Յա­կոբ» ե­կե­ղեց­ւոյ եւ ա­նոր ծխա­կան մար­մին­նե­րուն կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը եւ շրջա­նի հա­յու­թեան աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը՝ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ­Մետ­րո­պո­լի­տին շրջա­նի հա­յու­թեան նկատ­մամբ ցու­ցա­բե­րած բա­րեա­ցա­կամ վե­րա­բեր­մուն­քին եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան բա­րի տրա­մադ­րու­թեան հա­մար։ Եւ այս բա­րե­պա­տեհ ա­ռի­թով՝ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը ­Մետ­րո­պո­լի­տին նո­ւի­րեց հայ­կա­կան խաչ­քա­րի փոքր նմա­նակ մը՝ բա­ցատ­րե­լով ա­նոր քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քին հայ­կա­կան ըմբռ­նու­մը ա­րո­ւես­տի եւ մշա­կոյ­թի ընդ­մէ­ջէն։
«Ս. ­Յա­կոբ» ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դի եւ ­Տիկ­նանց ­Մարմ­նոյ կող­մէ ­Մետ­րո­պո­լի­տին տրո­ւե­ցաւ Աս­տո­ւա­ծա­մօր պատ­կե­րով ար­ծա­թա­պատ սրբան­կար (ի­քօն) մը։
­Մետ­րո­պո­լիտ Ա­լեք­սիս հա­մակ­րա­կան՝ դրա­կան խօս­քե­րով անդ­րա­դար­ձաւ եւ վկա­յեց ­Գո­քի­նիոյ շրջա­նին մէջ ապ­րող ու գոր­ծող հա­յու­թեան մա­սին, եւ շնոր­հա­կալ ըլ­լա­լով ե­ղած այ­ցե­լու­թեան ու տրո­ւած նո­ւէր­նե­րուն հա­մար, ան­գամ մը եւս բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր, ինչ­պէս նաեւ ա­ռաջ­նոր­դա­կան բա­րի ծա­ռա­յու­թիւն եւ ար­գա­սա­բեր գոր­ծու­նէու­թիւն՝ միշտ եղ­բայ­րա­կան մթնո­լոր­տի մէջ գոր­ծակ­ցու­թեան տրա­մադ­րու­թեամբ։