­Կի­րա­կի 14 ­­­Սեպ­տեմ­բե­րին տե­ղի ու­նե­ցաւ մեր կազ­մա­կեր­պած քայ­լար­շա­ւը, ­­­Փար­նի­թա լե­ռան ան­տա­ռին մէջ, Trekking Hellas -ի փոր­ձա­ռու ա­ռաջ­նորդ­նե­րու ու­ղեկ­ցու­թեամբ։
Մաս­նակ­ցող­նե­րու տրա­մադ­րու­թիւ­նը բարձր էր եւ բո­լորս ան­մո­ռա­նա­լի ժա­մեր ան­ցու­ցինք բնու­թեան մէջ։
­Քա­լե­ցինք բնու­թեան գիր­կը, վա­յե­լե­լով կա­նա­չա­պատ շրջա­պա­տը եւ ­մա­քուր օ­դը, մինչ մեր պտոյ­տի ըն­թաց­քին հա­ճե­լի եւ զո­ւարթ մթնո­լորտ կար՝ ծի­ծաղ­նե­րով ու կա­տակ­նե­րով։ ­Քայ­լար­շա­ւի ա­ւար­տին հանգս­տա­ցանք եւ ­ճա­շե­ցինք ա­պաս­տա­րա­նի ճա­շա­րա­նը, ըն­կե­րա­յին մթնո­լոր­տի մէջ։
Մենք յատ­կա­պէս ու­րախ ենք որ այս մի­ջո­ցա­ռու­մը, բա­ցի մեզ պար­գե­ւած գե­ղե­ցիկ յի­շա­տակ­նե­րէն, ա­պա­հո­վեց կո­կիկ գու­մար մը՝ յատ­կաց­նե­լու հա­մար Հ.Կ.Խ.ի բա­րե­սի­րա­կան գոր­ծու­նէու­թեան, ա­ջակ­ցե­լով այս­պէս նաեւ մեր միու­թեան նպա­տա­կին։
Մեծ շնոր­հա­կա­լու­թիւն բո­լոր ա­նոնց. ո­րոնք մաս­նակ­ցե­ցան եւ ն­պաս­տե­ցին այս նա­խա­ձեռ­նու­թեան յա­ջո­ղու­թեան։
Ան­համ­բեր ենք ձեզ տես­նե­լու մեր յա­ջորդ ձեռ­նար­կին։

Հ.Կ.­Խա­չի Ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ­Յանձ­նա­խումբ (Հ.Կ.Խ. Youth)