Տօն Սուրբ Ստեփանոս նախասարկաւագի

0
25

­­Կի­րա­կի՝ 21 ­­Դեկ­տեմ­բեր 2025-ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10-ին, ­­Նէոս ­­Գոզ­մոս (­Ֆիքս)ի ­­Սուրբ ­­Յով­հան­նու ­­Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, պի­տի նշո­ւի քրիս­տո­նէա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռա­ջին ­­սար­կա­ւագ եւ նա­խավ­կայ ­մար­տի­րոս՝ ­­Սուրբ Ս­տե­փա­նո­սի տօ­նը, ­­սուրբ եւ ան­մահ ­պա­տա­րա­գի մա­տուց­մամբ:
­­Պի­տի պա­տա­րա­գէ եւ քա­րո­զէ ե­կե­ղեց­ւոյս ­­հո­գե­ւոր հո­վիւ՝
ԱՐԺ. Տ. ՆԱՐԵԿ ՔՀՆՅ. ՇԱՀԻՆԵԱՆ

­­Սուրբ եւ ան­մահ պա­տա­րա­գէն ան­մի­ջա­պէս ետք, ­­Տիկ­նանց ­­Մար­մի­նը սի­րով կը հրա­ւի­րէ ձեզ, Ե­կե­ղեց­ւոյ ներք­նաս­րա­հին մէջ զար­դա­րո­ւած ու լու­սա­ւո­րո­ւած տօ­նա­ծա­ռին շուրջ հա­ւա­գո­ւե­լու, եւ ի պա­տիւ ե­կե­ղեց­ւոյս եր­կա­րա­մեայ ծա­ռա­յող ­սար­կա­ւագ­նե­րուն, կի­սա­սար­կա­ւագ­նե­րուն եւ դ­պիր­նե­րուն, հիւ­րա­սի­րո­ւե­լու տաք սուր­ճով ու տնա­յին ա­ղի եւ քաղցր բլիթ­նե­րով:

­­Սի­րե­լի ծ­խա­կան­ներ.- Ե­կէք միաս­նա­բար մեր ա­ղօթք­նե­րը բարձ­րաց­նենք առ Աս­տո­ւած, եւ մեր ներ­կա­յու­թեամբ` շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նենք ե­կե­ղեց­ւոյս բո­լոր ծա­ռա­յող­նե­րուն, ա­պա ջեր­միկ մթնո­լոր­տին ընդ­մէ­ջէն, հո­գե­պէս պատ­րաստո­ւինք յա­ջոր­դող տօ­նա­կան սուրբ օ­րե­րը դի­մա­ւո­րե­լու հա­մար:

ՀՈՎԻՒ, ԹԱՂԱՅԻՆ ԹՈՐՀՈՒՐԴ ԵՒ ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԱՐՄԻՆ