Կազմակերպութեան հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութեան, Երկուշաբթի, 16 Փետրուար 2026-ի երեկոյեան, Ֆիքսի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ Վարդանանց հերոսամարտը հրապարակային ձեռնարկով, որուն յայտագիրը կը պարունակէր բանախօսութիւն եւ գեղարուեստական բաժին։ Ելոյթը կը վայելէր հովանաւորութիւնը հայ կաթողիկէ վիճակաւոր Տ. Միքայէլ վրդ. Պասալէի։ Ներկայ էին Կրետէի հոգեւոր տեսուչ Տ. Եզնիկ արք. Պետրոսեան, Նէոս Գոզմոսի հոգեւոր հովիւ Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեան, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ կոկիկ թիւով հայրենակիցներ։ Ելոյթի բացումը կատարեց Սարին Մանոյեան, որ ողջունեց հիւրերու եւ ժողովուրդի ներկայութիւնը եւ հակիրճ անդրադրաձաւ Վարդանանց տօնի իմաստին։
Յաջորդաբար, բեմ հրաւիրուեցաւ Եզնիկ սրբազանը, որ մղուած օրուան բանախօսութեան ներկայացումէն, իր անձնական ապրումները արտայայտեց Յակոբ Ճէլալեանի մասին, որպէս մտաւորական եւ բանասէր անձ, որ կարեւոր ներդրում ունեցաւ հայ գիրին ու հայ ազգագրական գանձարանին վրայ։
Օրուան խօսողն էր Արտա Ճէլալեան, ներկայացնելով իր հօր՝ Յակոբ Ճէլալեանի աշխատութիւնը Վարդանանց հերոսապատումին մասին։
Ան իր խօսքի յառաջաբանին ընտրելով «Վարդանանց՝ սկզբնաղբիւր մեր բոլոր պայքարներուն» խօսքը, նշեց. «Հայ ժողովուրդը ազգային գիտակցութիւն ունեցած օրէն՝ պայքարի մէջ է: Ու այդ պայքարի յաջող ելքին համար լարած է իր բնական եւ հոգեկան ուժերը: Հայկի ընդդէմ Բէլի պայքարին մէջ աղետի ու նետի կողքին, երկունքի մէջ էր նաեւ երկինք ու երկիր,Վահագն՝ Զէուսի համազօրը, արքայ էր եւ աստուածութիւն, ուրարտական շրջանի Արգիշտին ծուարած էր աստուածութիւն խորհրդանշող Ուրարտու լերան փեշերուն, իսկ Հայ ազգի կազմութեան արշալոյսին Մեսրոպ – հայութեան այդ հիմնաքարը – զինուորական էր ու միաժամանակ՝ հոգեւորական:
Ահա՛, այդ օրէն է որ կողք կողքի ընթացան Սուրն ու Խաչը: Եւ ինչպէս բոլոր ազգերուն համար՝ հայութեան համար եւս տրուած էր ծննդեան հաստատագրին հետ, պայքարի ազդանշանը: Միայն թէ, որոշ ազգերու համար այդ պայքարը աւելի սուր է եւ առնչուած իր լինելիութեան հետ: Պայքարը հայուն համար սովորոյթ է, մտայնութիւն ու մասն իր կեանքի՝ որուն հետ հաշտուած է: Տեւական պատերազմ մըն է այն, բաժնուած անթիւ կռիւներու, որոնք – ըստ իրենց կարեւորութեան – կոչած ենք ճակատամարտ, դիւցազնամարտ, մահու — կենաց գուպար՝ գոյամարտ»:
Խօսողը ուրուագծեց հերոսամարտի պատմական տուեալները, տալով անոր յաջորդած պատմաքաղաքական հոլովոյթները։ Շարունակելով, զուգահեր գիծեր քաշեց հայ ազատագրական պայքարի եւ Մայիսեան անկախութեան սխրագործութիւններուն հետ, հասնելով մինչեւ մերօրեայ ազատագրական պատումները եւ դրուատեց հայ ժողովուրդի պայքարելու անթուլ կամքը։
Երեկոյի գեղարուեստական յայտագիրը հայկական ժողովրդային եւ աշուղական երաժշտութեան փունջ մըն էր, հրամցուած Վահան Գալստեանի կողմէ տուտուկի վրայ եւ Լեւթերիս Խավուծասի կողմէ կիթառի վրայ։ Երկու արուեստագէտները մեկնաբանեցին Սայաթ Նովայի եւ Կոմիտասի ստեղծագործութիւններ, գոհացնելով ներկաներու ճաշակը։
Ելոյթի աւարտին յաջորդեց հիւրասիրութիւն եւ մտերմիկ զրոյց։
ԹՂԹԱԿԻՑ










