­Շա­բաթ, 14 ­Մարտ 2026-ին, ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7:30-ին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Ե­ղիա վրդ. ­Մալ­խա­սեա­նի նա­խա­գա­հու­թեամբ եւ ե­կե­ղեց­ւոյս սար­կա­ւագ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ, բա­րե­պաշտ ու հան­դի­սա­ւոր մթնո­լոր­տի մէջ նշո­ւե­ցաւ Սր­բոց ­Քա­ռաս­նից ­Ման­կանց տօ­նը եւ ­Մի­ջին­քը։ Այս ա­ռի­թով, կա­տա­րո­ւե­ցաւ ե­րե­կո­յեան հո­գե­պա­րար ժա­մեր­գու­թիւն, ո­րուն ըն­թաց­քին հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դը միաս­նա­բար մաս­նակ­ցե­ցաւ ա­ղօթ­քի եւ հո­գե­ւոր խո­կու­մի։ ­Ժա­մեր­գու­թեան ա­ւար­տին, ե­կե­ղեց­ւոյ ա­տեա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ նա­խա­տօ­նա­կի ա­րա­րո­ղու­թիւն, ուր զե­տե­ղո­ւած էին քա­ռա­սուն փոք­րիկ ջա­հեր՝ ի յի­շա­տակ Սր­բոց ­Քա­ռաս­նից ­Ման­կանց։ ­Խորհր­դան­շա­կան այս գե­ղե­ցիկ պատ­կե­րին մէջ ար­տա­ցո­լե­ցաւ մեր հա­ւատ­քի կեն­դա­նի վկա­յու­թիւ­նը եւ նա­հա­տակ սրբե­րուն յի­շա­տա­կը։
­Ժա­մեր­գու­թեան եւ նա­խա­տօ­նա­կի ա­ւար­տին ­Հայր սուր­բը իր հայ­րա­կան խօս­քը ուղ­ղեց հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն՝ ներ­կա­յաց­նե­լով օ­րո­ւան տօ­նի խոր­հուր­դը եւ Սր­բոց ­Քա­ռաս­նից ­Ման­կանց նա­հա­տա­կու­թեան օ­րի­նա­կով գօ­տեպն­դե­լով ներ­կա­նե­րուն հա­ւատ­քը։ Ան յատ­կա­պէս շեշ­տեց նա­հա­տակ սրբե­րուն անձ­նո­ւի­րու­թիւ­նը, տո­կու­նու­թիւ­նը եւ ան­խախտ հա­ւատ­քը, ո­րոնք այ­սօր եւս կը ծա­ռա­յեն որ­պէս հո­գե­ւոր ու­ղե­ցոյց եւ ներշն­չում քրիս­տո­նէա­կան կեան­քին մէջ ամ­րապն­դո­ւե­լու հա­մար։ ­Հայր սուր­բը հրա­ւի­րեց հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը մնալ հա­ւա­տա­րիմ ե­կե­ղեց­ւոյ եւ ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րուն, պահ­պա­նել միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը եւ շա­րու­նա­կել ի­րենց հո­գե­ւոր ա­ճի ճա­նա­պար­հը։
­Հո­գե­ւոր ա­րա­րո­ղու­թե­նէն ետք հա­մայն­քի սրա­հին մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւած էր ճաշ­կե­րոյթ՝ ­Տիկ­նանց մար­մի­նի նա­խան­ձախն­դիր եւ հո­գա­տար աշ­խա­տան­քին շնոր­հիւ։ Ե­րե­կո­յին սկիզ­բը, ­Տիկ­նանց մար­մի­նի ա­տե­նա­պե­տու­հին բա­րի գա­լուս­տի խօս­քով դի­մա­ւո­րեց ներ­կա­նե­րը եւ հա­մա­ռօտ ներ­կա­յա­ցուց օ­րո­ւան հա­ւա­քոյ­թի նպա­տա­կը՝ շեշ­տե­լով նման հան­դի­պում­նե­րու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը հա­մայն­քա­յին հա­մախմբ­ման եւ հո­գե­ւոր-ազ­գա­յին կեան­քի զօ­րաց­ման մէջ։ Ան ա­պա հրա­ւի­րեց հո­գե­ւոր նհո­վի­ւը որ­պէս­զի իր սրտի խօս­քը փո­խան­ցէ ներ­կա­նե­րուն։ ­Հայր անդ­րա­դար­ձաւ տօ­նի խոր­հուր­դին, հա­մայն­քա­յին միաս­նա­կա­նու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թեան եւ ե­կե­ղեց­ւոյ շուրջ հա­մախմ­բո­ւե­լու կա­րե­ւո­րու­թեան։
Այ­նու­հե­տեւ խօսք ա­ռաւ նաեւ ­Փա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ պ. Ք­րիս ­Ղա­լի­լէաս, որ շնոր­հա­ւո­րեց տիկ­նանց միու­թեան ան­դա­մու­հի­նե­րը, որ այս գե­ղե­ցիկ ե­րե­կոն կա­րո­ղա­ցան հրամց­նել մեր սի­րե­լի ժո­ղո­վուր­դին:
Ե­րե­կո­յին ներ­կայ գտնո­ւե­ցան հո­գե­ւոր հո­վի­ւը, թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետն ու ան­դամ­նե­րը, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հայ հա­մայն­քի միու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ մե­ծա­թիւ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուրդ։ Ս­րա­հին մէջ տի­րող ջերմ եւ մտեր­միկ մթնո­լոր­տը ա­ռիթ տո­ւաւ ներ­կա­նե­րուն փո­խա­դար­ձա­բար շնոր­հա­ւո­րե­լու, զրու­ցե­լու եւ նո­րո­գե­լու հա­մայն­քա­յին կա­պե­րը։
Այս հա­մախմ­բո­ւած հան­դի­պու­մը վե­րա­ծո­ւե­ցաւ ոչ միայն տօ­նա­կան, այ­լեւ խո­րա­պէս հա­մայն­քա­յին ու ազ­գա­յին նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող ի­րա­դար­ձու­թեան, ուր զգա­լի էր փո­խա­դարձ յար­գան­քը, եղ­բայ­րա­կան սէ­րը եւ հա­մե­րաշ­խու­թեան ո­գին։ ­Ներ­կա­նե­րը գնա­հա­տան­քով անդրա­դար­ձան ­Տիկ­նանց մար­մի­նի կազ­մա­կերպ­չա­կան ջան­քե­րուն եւ ա­նոնց շա­րու­նա­կա­կան ծա­ռա­յու­թեան հա­մայն­քա­յին կեան­քի աշ­խու­ժաց­ման մէջ։
Ե­րե­կոն դար­ձաւ հա­ւատ­քի վե­րա­նո­րոգ­ման եւ հա­մայն­քա­յին միաս­նա­կա­նու­թեան գե­ղե­ցիկ ար­տա­յայ­տու­թիւն, հաս­տա­տե­լով որ Սր­բոց ­Քա­ռաս­նից ­Ման­կանց վկա­յու­թիւ­նը այ­սօր եւս կը շա­րու­նա­կէ ո­գեշն­չել եւ ամ­րապն­դել մեր ժո­ղո­վուր­դը՝ հա­ւատ­քի, տո­կու­նու­թեան եւ նո­ւի­րու­մի ճամ­բուն վրայ։

ԹՂԹԱԿԻՑ