­Կի­րա­կի 18, ­Յու­նո­ւար 2026-ին, Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ Ս. ­Յով­հան­նու ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ նշո­ւե­ցաւ հա­մա­նուն ե­կե­ղեց­ւոյ ա­նո­ւա­նա­կո­չու­թիւ­նը:
Ուր­բաթ, 16 ­Յու­նո­ւա­րի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 8։00-ին, կա­տա­րո­ւե­ցաւ ա­ղօրհ­նէք եւ ոչ­խար­նե­րու զե­նում, ո­րոնց­մէ ետք մա­տա­ղի պատ­րաս­տու­թիւն, ո­րով թա­ղա­կա­նու­թեան ան­դա­մու­հի­նե­րը եւ հա­ւա­տա­ցեալ տի­կին­ներ սկսան պատ­րաս­տել մա­տա­ղը մին­չեւ ե­րե­կո­յեան ուշ ժա­մե­րը։

ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԴՊՐԱՑ ԵՒ ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳԱՑ 

­Նոյն օ­րո­ւան ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7:00-ին, Սր­բա­զան հայ­րը կա­տա­րեց դպրաց եւ կի­սա­սար­կա­ւա­գաց ձեռ­նադ­րու­թիւն, ո­րուն ներ­կայ էին բազ­մա­թիւ հա­յոր­դի­ներ, հիւ­րեր եւ Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ քա­ղա­քա­պե­տը: Դպ­րու­թեան աս­տի­ճան ստա­ցան Եոր­ղոս ­Մա­մա­ջա­նեան, ­Դա­ւիթ ­Պետ­րո­սեան եւ ­Գոռ ­Սո­ղո­մո­նեան, իսկ կի­սա­սար­կա­ւա­գու­թեան կարգ ստա­ցան ­Դա­նիէլ  ­Թա­դէո­սեան եւ ­Թա­դէոս  ­Թա­դէո­սեան:

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱԼԵՔՍԱՆՏՐՈՒՊՈԼՍՈՅ ՄԵՏՐՈՊՈԼԻՏ ԱՆԹԻՄՈՅԻՆ 

17 ­Յու­նո­ւար 2026-ին, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մի Ա­ռաջ­նորդ գերշ. ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեան, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Դա­նիէլ քհնյ. ­Գա­լօղ­լեա­նի, թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ ­Վարդ­գէս ­Մա­րու­քեա­նի եւ ան­դամ ­Կա­րէն ­Մե­լիք­սէ­թեա­նի այ­ցե­լու­թիւն կա­տա­րե­ցին տեղ­ւոյն ­Մետ­րո­պո­լիտ Ան­թի­մո­սին։ ­Յոյն բարձ­րաս­տի­ճան կրօ­նա­ւո­րը բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց Սր­բա­զան հօր եւ շնոր­հա­ւո­րեց ­Նոր ­Տա­րո­ւան եւ ­Սուրբ Ծ­նուն­դի տօ­նե­րուն ա­ռի­թով: Իր կար­գին, Սր­բա­զան հայ­րը խնդակ­ցու­թիւն յայտ­նեց հիւ­րըն­կա­լու­թեան հա­մար, ա­պա իր ցա­ւակ­ցու­թիւն­նե­րը յայտ­նեց քա­նի մը օր ա­ռաջ ա­նա­կըն­կալ մրրի­կի պատ­ճա­ռած վնաս­նե­րուն հա­մար: Սր­բա­զան ­Հայ­րը Ար­ցա­խի ­Գան­ձա­սար ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­կե­րո­ւած գորգ մը նո­ւի­րեց ­Մետ­րո­պո­լի­տին, յի­շեց­նե­լով մեր ժա­ռան­գու­թիւն­նե­րու պահ­պան­ման եւ ա­նոնց մա­սին բարձ­րա­ձայ­նե­լու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը: ­Նաեւ, Ա­ռաջ­նորդ սրբա­զա­նը ­Մետ­րո­պո­լիտ Ան­թի­մո­յին հրա­ւի­րեց Ս. ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ ­Կի­րա­կի օ­րո­ւան ա­նո­ւա­նա­կո­չու­թեան տօ­նին, ո­րուն ըն­թաց­քին պի­տի կա­տա­րո­ւի ա­ւան­դա­կան ջրօրհ­նէ­քը:

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ  ԱՅՑԵԼԵՑ ԱԼԵՔՍԱՆՏՐՈՒՊՈԼՍՈՅ ՏԱՐՕՆԵԱՆ ՄԻՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

17 ­Յու­նո­ւար 2026-ին, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մի Ա­ռաջ­նորդ գերշ. Տ. ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեան, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Դա­նիէլ քհնյ. ­Գա­լօղ­լեա­նի եւ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ ­Վարդ­գէս ­Մա­րու­քեա­նի, այ­ցե­լեց Հ.Գ.­Խա­չի  Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ «­Տա­րօ­նեան» միօ­րեայ վար­ժա­րա­նը:
Դպ­րո­ցի սա­նե­րը աղ եւ հա­ցով դի­մա­ւո­րե­ցին Սր­բա­զան հայ­րը, ա­պա բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րով եւ եր­գե­րով ներ­կա­յա­ցու­ցին կո­կիկ յա­տա­գիր մը:
Սր­բա­զան հայ­րը գնա­հա­տեց տնօ­րէ­նու­թիւ­նը եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մը ի­րենց ժրա­ջան եւ նո­ւի­րո­ւած աշ­խա­տան­քին հա­մար, ի նպաստ հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեան եւ հա­յա­պահ­պան­ման:

Ս. ԿԱՐԱՊԵՏԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԼԷՔՍԱՆՏՐՈՒՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ

­Կի­րա­կի, 18 ­Յու­նո­ւար 2026-ին, հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու հոծ բազ­մու­թեամբ, նշո­ւե­ցաւ Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ Ս. ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ տօ­նը: ­Պա­տա­րա­գեց եւ յա­ւուր պատ­շա­ճի քա­րո­զեց ­Թե­միս բա­րե­ջան Ա­ռաջ­նորդ գերշ. Տ. ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեան: Իր քա­րո­զին մէջ Սր­բա­զան հայ­րը շեշ­տեց Աս­տուծ­մով վե­րա­նո­րո­գո­ւե­լու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը եւ հրա­մա­յա­կա­նը: ­Պա­տա­րա­գին ներ­կայ էին Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ ­Մետ­րո­պո­լի­տը, քա­ղա­քա­պե­տը, ե­րես­փո­խան­ներ, զի­նո­ւո­րա­կան բարձրաս­տի­ճան սպա­ներ եւ այլ հիւ­րեր:
­Պա­տա­րա­գէն ետք տե­ղի ու­նե­ցաւ պաշ­տօ­նա­կան ճաշ­կե­րոյթ, ո­րուն ըն­թաց­քին ե­լոյթ ու­նե­ցան շա­բա­թօ­րեայ վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը, Թ­րա­կիոյ շրջա­նի երգ­չա­խում­բը խմբա­վա­րու­թեամբ Տ. ­Դա­նիէ­լի եւ Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ նո­րա­կազմ պա­րա­խում­բը:
Ա­ւար­տին, թա­ղա­յին խոր­հուր­դը պա­տուեց ­Դա­նիէլ ­Թա­դէո­սեա­նը, եր­կար տա­րի­նե­րու ծա­ռա­յու­թեան եւ նո­ւի­րու­մին հա­մար: Իր փակ­ման խոս­քին մէջ Սր­բա­զան հայ­րը շեշ­տեց եւ յոր­դո­րեց ըլ­լալ հա­մայն­քին ներ­կան որ­պէս­զի հա­մայն­քը ըլ­լայ գա­լիք սե­րունդ­նե­րուն ա­պա­գան:

ԹՂԹԱԿԻՑ