Շաբաթ 13, եւ Կիրակի, 14 Սեպտեմբեր 2025-ին, Գավալայի մէջ նշուեցաւ «Սուրբ Խաչ» եկեղեցւոյ մէջ անուանակոչութեան տօնը, նախագահութեամբ թեմիս բարեջան առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ եպս. Եմիշեանի։
Տօնախմբութեան մեկնարկը եղաւ Շաբաթ առաւօտ, աղօրհնէքիով եւ ոչխարներու զենումով, ապա եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն կողմէ տեղի ունեցաւ մատաղի պատրաստութիւնը։
Սրբազան հօր այցելութիւնները
Նոյն կէսօր, թեմակալ Առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ եպս. Եմիշեան, ընկերակցութեամբ շրջանիս հոգեւոր հովիւ Տ. Դանիէլ քհնյ. Գալօղլեանի, Ազգային վարչութեան նախկին ատենապետ պրն. Թագւոր Յովակիմեանի, Գավալայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի աենապետուհի տիկ. Մարի Գալայճեանի եւ Գավալայի Հ.Գ.Խաչի մասնաճիւղի ատենապետուհի տիկ. Անուշ Դաւիթաւեանի այցելեց Ֆիլիփոնի, Նեափոլէոնի, Թասոսի եւ Գավալայի Մետրոպոլիտ Ստեֆանօ եպիսկոպոսը:
Հանդիպումին՝ երկու սրբազանները քննարկեցին հայ համայնքը վերաբերող հարցեր։ Առաջնորդ Սրբազան հայրը ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց ազգային գործունէութեիւնը եւ թեմի իրագործումները ծուխերէն ներս:
Աւարտին, Մետրոպոլիտը բարձր գնահատեց հայ համայնքի դրական ներկայութիւնը քաղաքաէն ներս: Ապա կատարուեցաւ նուէրներու փոխանակում:
Յաջորդաբար, Սրբազան հայրը եւ իր շքախումբը այցելեց Գավալայի մարզպետարանը եւ հանդիպում ունեցաւ փոխմարզպետ Թէոտորոս Մարքոփուլոսին հետ: Յոյն պաշտօնատարը ողջունեց Առաջնորդ Սրբազանի ներկայութիւնը շրջանէն ներս: Սրբազանը հայրը իր կարգին ներկայացուց հայ համայնքի յառաջիկայ ծրագիրները: Այս ծիրէն ներս քննարկուեցան նաեւ որոշ ծրագիրներու շուրջ համագործակցութեան հեռանկարները: Ապա կատարուեցաւ նուէրներու փոխանակում:
Եպիսկոպոսական հանդիսաւոր ս. պատարագ
Կիրակի, 14 Սեպտեմբեր 2025-ին, Գավալայի «Սուրբ Խաչ» եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ, որ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց ու մատաղօրհնութիւնը կատարեց թեմի բարեջան Առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ եպս. Եմիշեան։ Պատարագին ներկայ էին շրջանի յոյն Մետրոպոլիտը, պետական մարմնի ներկայացուցիչներ, Ազգային վարչութեան նախկին ատենապետ եւ Արեւելեան Մակեդոնիոյ ու Թրակիոյ ներկայացուցիչ անդամը, թաղային խորհուրդներու ներկայացուցիչներ, Հայ Գթութեան Խաչի անդամներ եւ զանազան շրջաններէն հաւատացեալներ։
Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց շրջանի միացեալ դպրաց դասերու երգչախումբը։ Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ նշեց, թէ կենարար խաչը մեզ ապաւէն թող ըլլայ։ Խաչը մեզի համար միայն տեսք մը չէ, այլ ուղեկից է, դէպի խաչեալը տանող ճանապարհ է իւրաքանչիւրիս համար։ Նաեւ յիշեցուց, թէ Քրիստոսի օրինակով, խաչի խորհուրդը կը նշանակէ ապրիլ սիրով, ներողամտութեամբ եւ հաւատարմութեամբ դէպի Աստուած։ Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղի օրհնութիւն կարգը։
Եկեղեցւոյ տօնախմբութենէն ետք տեղի ունեցաւ աւանդական ճաշկերոյթը քաղաքի ճաշարանի մը մէջ, որուն ընթացքին Գավալայի թաղային խորհուրդը գնահատեց Ազգային վարչութեան նախկին ատենապետ պրն. Թագւոր Յովակիմեանը՝ իր երկարամեայ ծառայութեան ու նուիրումին համար։
ԹՂԹԱԿԻՑ