­Յու­նա­հա­յու­թեան ծա­նօթ ա­րո­ւես­տա­գէտ ­Սա­րօ ­Տէ­միր­ճեան, իր գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բարձր ճա­շա­կը ան­գամ մը եւս հրամ­ցուց հան­րու­թեան, կազ­մա­կեր­պե­լով բա­ցա­ռիկ ցու­ցա­հան­դէս մը, նիւթ ու­նե­նա­լով հայ­կա­կան եւ բիւ­զան­դա­կան քրիս­տո­նէա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թիւ­նը, ո­րուն գլխա­ւոր ար­տա­յայ­տի­չները կը դառ­նան վան­քե­րու եւ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հնա­մեայ սրբա­կո­թող­նե­րը։
Ա­րո­ւես­տա­գէ­տը կը յայտ­նէ, թէ փոք­րուց զմայ­լած էր հայ հո­գե­ւոր ե­րաժշտու­թեան մե­ղե­դի­նե­րով, ո­րոնց հետ ըն­տե­լա­ցաւ իր ծննդա­վայր ­Լի­բա­նա­նի մէջ՝ ե­կե­ղե­ցի յա­ճա­խած պա­հե­րուն։ ­Տա­րի­ներ յե­տոյ, երբ ա­ռիթ ու­նե­ցաւ քա­նիցս ­Հա­յաս­տան այ­ցե­լե­լ, հրա­պու­րո­ւե­ցաւ հայ­րե­նի հո­ղին վրայ կանգ­նած տաս­նեակ վան­քե­րու ճար­տա­րա­պե­տա­կան իւ­րա­յա­տուկ ո­ճէն ու զար­դա­քան­դակ­նե­րէն։ Այս ըն­կա­լու­մը զինք մղեց լու­սանկա­րե­լու սրբա­վայ­րե­րու ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը, ա­պա հայ­կա­կան հո­գե­ւոր ե­րաժշ­տու­թեան հնչիւն­նե­րուն տակ զա­նոնք ներ­կա­յաց­նե­լու գե­ղա­րո­ւես­տա­սէր հան­րու­թեան։
­Հինգ­շաբ­թի, 4 ­Դեկ­տեմ­բեր 2025-ի ե­րե­կո­յեան, ­Սա­րօ ­Տէ­միր­ճեա­նի ցու­ցա­հան­դէ­սը իր դռնե­րը բա­ցաւ Ա­թէն­քի ­Մե­լի­նա ­Մեր­քու­րի ցու­ցաս­րա­հին մէջ։ ­Ցու­ցադ­րու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը ստանձ­նած էր ­Յու­նաս­տա­նի մէջ Հ.Հ. դես­պա­նա­տու­նը, Ա­թէն­քի մարզ­պե­տա­րա­նը, Ա­թէն­քի եւ հա­մայն ­Յու­նաս­տա­նի Իէ­րո­նի­մոս ար­քե­պիս­կո­պո­սը, ինչ­պէս նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեան։ ­Հայ հո­վա­նա­ւոր­նե­րու կող­քին, ներ­կայ ե­ղան ­Յոյն ար­քե­պիս­կո­պո­սի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ վար­դա­պե­տը, հո­գե­ւոր դա­սը, մարզ­պե­տա­րա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ­Նա­զար Ա­ւա­գեան եւ մեծ թի­ւով մշա­կու­թա­սէր ազ­գա­յին­ներ ու օ­տար ժո­ղո­վուրդ։
­Ցու­ցաս­րա­հին մէջ, ա­րո­ւես­տա­գէ­տը նրբօ­րէն զե­տե­ղած էր 26 տար­բեր վան­քե­րու եւ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը։ Իր լու­սան­կար­չա­կան ճա­շա­կով ու փոր­ձա­ռու­թեամբ կա­րո­ղա­ցած էր թուղ­թին վրայ ցո­լաց­նել լոյսն ու մու­թը, երկ­րոր­դին տա­լով երկ­նա­յին լու­սա­ւո­րու­մի ե­րանգ­ներ, ո­րոնք նշմա­րե­լի էին նոյ­նիսկ սեւ ու սպի­տակ լու­սան­կար­նե­րու վրայ։ ­Հոն կա­րե­լի էր տես­նել բա­ցա­ռիկ նմուշ­ներ ­Գե­ղար­դէն, ­Խոր ­Վի­րա­պէն, ­Սե­ւա­նա­վան­քէն եւ բազ­մա­թիւ այլ հայ­կա­կան գլուխ գոր­ծոց ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն, ինչ­պէս նաեւ ­Լի­բա­նա­նի քրիս­տո­նէա­կան տա­ճար­նե­րէն, Ան­թի­լիա­սի մայր տա­ճա­րէն, ա­պա նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի միջ­նա­դա­րեան հան­րա­ծա­նօթ վան­քե­րէ։
Իւ­րա­քան­չիւր ման­րա­մաս­նու­թիւն, գմբէթ­նե­րու եւ խո­րան­նե­րու վրայ զար­դա­րո­ւած սրբան­կար­նե­րու այ­լա­զա­նու­թիւ­նը, ե­կե­ղե­ցա­կան մայր դու­ռե­րու բարձր ա­րո­ւես­տի զար­դա­րանք­ներն ու քա­ռե­ղէն հիւ­սո­ւածք­նե­րը ա­րե­ւե­լեան քա­ղա­քակր­թու­թեան ամ­բող­ջու­թիւն մը կը կազ­մէին, տա­լով հա­մա­պատ­կե­րը հնա­մեայ եւ միջ­նա­դա­րեան ճար­տա­րա­պե­տա­կան ու գե­ղա­րո­ւես­տա­կան նո­ւա­ճու­մին։ ­Նոյ­նիսկ լու­սան­կար­նե­րու ընտ­րո­ւած թուղ­թը՝ ձեռ­քով պատ­րաս­տո­ւած ճա­փո­նա­կան բարձր ա­րո­ւես­տի ըն­տիր տե­սա­կը, իւ­րա­քան­չիւր լու­սան­կա­րին կու տար իւ­րա­յատ­կու­թիւն մը, հան­դի­սա­տե­սին մօտ ստեղ­ծե­լով նրբա­ճա­շակ գեղանկարչութեան մը տպա­ւո­րու­թիւ­նը՝ ար­տա­յայ­տո­ւած ըլ­լա­լով երկ­նա­յին զօ­րու­թեան մը կող­մէ։
­Սա­րօ ­Տէ­միր­ճեան չբա­ւա­կա­նա­ցաւ միայն նկար­նե­րու գե­ղա­զարդ յար­դա­րան­քով։ Ե­լոյ­թի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան լսո­ւե­ցան հայ եւ բիւ­զան­դա­կան հո­գե­ւոր ե­րաժշ­տու­թեան նմուշ­ներ, ո­րոնց ե­րաժշ­տա­կան ձե­ւա­ւո­րու­մը դա­սա­կան գոր­ծիք­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ կա­տա­րած էր ա­րո­ւես­տա­գէ­տը, ցոյց տա­լով նաեւ իր բազ­մա­տա­ղանդ կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը ա­րո­ւես­տի նրբա­գոյն ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն։
­Բազ­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ դես­պան ­Տիգ­րան Մկրտ­չեան, ընդգ­ծե­լով ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի մի­ջեւ մշա­կու­թա­յին գոր­ծակ­ցու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, ա­պա իր գնա­հա­տան­քը յայտ­նե­լով ա­րո­ւես­տա­գէ­տին, ար­ժե­ւո­րեց ցու­ցադ­րո­ւած նմուշ­նե­րու բարձր ո­րա­կը եւ ե­րաժշ­տա­կան զգես­տա­ւո­րու­մի խորհր­դա­ւո­րու­թիւ­նը, ո­րուն մէջ տի­րա­կան ներ­կա­յու­թիւն ու­նե­ցաւ հայ հո­գե­ւոր մե­ղե­դի­նե­րու եւ շա­րա­կան­նե­րու հնչու­մը։
Ն­շենք նաեւ, թէ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մի Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի ու ա­րո­ւես­տա­գէ­տի դա­սա­ւո­րու­մով, ­Չո­րեք­շաբ­թի, 10 ­Դեկ­տեմ­բե­րին ա­ռիթ տրուե­ցաւ մեր հայ­րե­նակ­ցի­նե­րուն այ­ցե­լե­լ ցու­ցաս­րա­հը եւ մօ­տէն վա­յե­լե­լ ցու­ցադ­րո­ւած լու­սան­կար­նե­րու զմայ­լիչ ար­դիւն­քը։
Ա­րո­ւես­տա­գէ­տին հա­մա­ձայն, սոյն ցու­ցա­հան­դէ­սը յա­ռա­ջի­կա­յին պի­տի կրկնո­ւի այլ քա­ղաք­նե­րու եւ եր­կիր­նե­րու մէջ եւս։