Ոչ եւս է Էտուար Պալատիւր

0
32

97 տա­րե­կան հա­սա­կին, Օգոստոս 31- ին, իր մահ­կա­նա­ցուն կնքեց Ֆ­րան­սա­յի նախ­կին վար­չա­պետ­նե­րէն Է­տո­ւար ­Պա­լա­տիւր (1929-2026)։ Ֆ­րան­սա­յի ա­ջա­կող­մեան քա­ղա­քա­կան ճամ­բա­րի տի­րա­կան եւ ա­մե­նա­հե­ղի­նա­կա­ւոր կեր­պար­նե­րէն մին էր Է­տո­ւար ­Պա­լա­տիւր, ո­րու կո­րուս­տին լայ­նօ­րէն ար­ձա­գանգ կը հան­դի­սա­նան երկ­րի զան­գո­ւա­ծա­յին լրա­տո­ւու­թեան մի­ջոց­նե­րը։ ­Բո­լոր հա­ղոր­դում­նե­րուն մէջ կ­՚ընդգ­ծո­ւի, որ ան ե­ղած էր ան­փո­խա­րի­նե­լի եւ անշր­ջա­դար­ձե­լի անձ­նա­ւո­րու­թիւն մը։
Է­տո­ւար ­Պա­լա­տիւր 1929 թո­ւա­կա­նին ծնած էր Իզ­մի­րի մէջ՝ սե­րած ըլ­լա­լով հայ կա­թո­ղի­կէ ըն­տա­նի­քէ մը, ո­րու ար­մատ­նե­րը կը հաս­նին մին­չեւ ­Նա­խի­ջե­ւան։ 1932 թո­ւա­կա­նին դար­ձած էր Ֆ­րան­սա­յի ­Հան­րա­պե­տու­թեան քա­ղա­քա­ցի։
Ս­փիւռ­քա­հայ բա­զում ըն­տա­նիք­նե­րու ճա­կա­տա­գի­րը բաժ­նած Է­տո­ւար ­Պա­լա­տիւր Ֆ­րան­սա­յի մէջ զբա­ղած էր քա­ղա­քա­կա­նու­թեամբ եւ ո՛չ միայն այդ երկ­րի, այ­լեւ, ընդ­հան­րա­պէս, ամ­բողջ սփիւռ­քէ ներս իր սե­րուն­դի պա­րա­գա­յին քա­ղա­քա­կան բնա­գա­ւա­ռի մէջ ա­մե­նա­բարձր կէ­տե­րու հա­սած մե­ծա­նուն գոր­ծիչ մը ե­ղած էր։ Այս­պէս, Է­տո­ւար ­Պա­լա­տիւր Ֆ­րան­սա­յի մէջ ե­ղած էր վար­չա­պետ, նա­խա­րար, ե­րես­փո­խան (ընտ­րո­ւած ­Փա­րի­զէն), ինչ­պէս նաեւ վա­րած էր Է­լի­զէի պա­լա­տի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րի պաշ­տօ­նը։
Ֆ­րան­սա­յի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էմ­մա­նի­ւէլ ­Մաք­րոն ­Պա­լա­տիւ­րի մա­հո­ւան առ­թիւ հրա­պա­րա­կած է ցա­ւակ­ցա­կան պատ­գամ մը։
Է­տո­ւար ­Պա­լա­տիւր Ֆ­րան­սա­յի ի­րե­րա­յա­ջորդ ղե­կա­վար­նե­րու ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին վա­րած էր շատ նուրբ պաշ­տօն­ներ՝ որ­պէս բարձ­րաս­տի­ճան պե­տա­կան գոր­ծիչ։ ­Նա­խա­գահ ­Ժորժ ­Փոմ­փի­տո­ւի պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան տա­րի­նե­րուն ղե­կա­վա­րած էր ա­նոր գրա­սե­նեա­կը՝ Է­լի­զէի պա­լա­տէն ներս։ Է­տո­ւար ­Պա­լա­տիւր ա­զատ Ֆ­րան­սա­յի հիմ­նա­դիր զօ­րա­վար ­Շարլ տը ­Կո­լի հետ եւս աշ­խա­տած էր, իսկ ըն­կեր­վա­րա­կան նա­խա­գահ Ֆ­րան­սո­ւա ­Մի­թե­րա­նի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին գլխա­ւո­րած էր երկ­րի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը։ ­Սա շատ կա­րե­ւոր ժա­մա­նա­կաշր­ջան մըն էր, ո­րով­հե­տեւ ­Մի­թե­րա­նի իշ­խա­նու­թեան տա­րի­նե­րուն Ֆ­րան­սա­յի մէջ ստեղ­ծո­ւած էր հա­մա­կե­ցու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն։ Այդ նուրբ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին մէջ տի­րա­բար վա­րած էր վար­չա­պե­տի պաշ­տօ­նը։ Ե­ղած էր ­Մի­թե­րա­նի պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան տա­րի­նե­րու վեր­ջին վար­չա­պե­տը։
Ֆ­րան­սա­յի նախ­կին նա­խա­գահ­նե­րէն ­Ժաք ­Շի­րա­քի հետ ալ ե­րե­սուն տա­րի մեր­ձա­ւոր բա­րե­կամ եւ լծա­կից ե­ղած էր Է­տո­ւար ­Պա­լա­տիւր, սա­կայն, քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ան­խու­սա­փե­լի բնոյ­թին բե­րու­մով՝ ա­նոր հետ հա­սած էր ճամ­բա­բա­ժա­նի մը։ Ար­դա­րեւ, 1995 թո­ւա­կա­նին Ֆ­րան­սա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն Է­տո­ւար ­Պա­լա­տիւր եւ ­Ժաք ­Շի­րաք դար­ձած էին մրցա­կից­ներ։ ­Պարզ է, որ այդ մրցակ­ցու­թե­նէն յաղ­թա­կան դուրս ե­կած էր ­Ժաք ­Շի­րաք, իսկ շատ ա­ւե­լի ուշ, հար­ցազ­րոյ­ցի մը ըն­թաց­քին ­Պա­լա­տիւր պա­տաս­խա­նած էր այն հար­ցու­մին, թէ ին­չո՞ւ ֆրան­սա­ցի­նե­րը իշ­խա­նու­թիւն չէին տո­ւած ի­րեն։ «Ո­րով­հե­տեւ ան­տե­սե­ցի քա­ղա­քա­կա­նու­թեան զգա­ցա­կան կող­մը», նշած էր ան։
­Նա­խա­գահ Էմ­մա­նի­ւէլ ­Մաք­րոն ցա­ւակ­ցա­կա­նին մէջ ընդգ­ծած է, որ Է­տո­ւար ­Պա­լա­տիւր կեան­քը զո­հա­բե­րած, նո­ւի­րած է Ֆ­րան­սա­յի 5-րդ ­հան­րա­պե­տու­թեան։ ­Պատ­գա­մին մէջ մաս­նա­ւո­րա­պէս ընդգ­ծո­ւած է ­Ժորժ ­Փոմ­փի­տո­ւի եւ Է­տո­ւար ­Պա­լա­տիւ­րի ան­մի­ջա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։ ­Մաք­րոն «հա­ւա­տա­րիմ ու չա­փա­ւոր սպա­սա­ւոր մը» ո­րա­կած է նախ­կին վար­չա­պե­տը, ո­րուն հրա­ժեշտ պի­տի տրո­ւի յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն։ 2007 թո­ւա­կա­նին Է­տո­ւար ­Պա­լա­տիւր վերջ­նա­կա­նօ­րէն լքած էր քա­ղա­քա­կան աս­պա­րէ­զը։
­Պա­լա­տիւ­րի ըն­տա­նի­քը տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը նա­խա­տե­սո­ւած է ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թեամբ, որ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ շատ նեղ ու սահ­մա­նա­փակ շրջա­նա­կի մը մէջ։

«­Ժա­մա­նակ»