­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց ­Թե­մի 45-րդ Ե­րես­փո­խա­նա­կան ժո­ղո­վը գու­մա­րո­ւե­ցաւ 6 եւ 7 ­Սեպ­տեմ­բեր 2025-ին, ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նէն ներս, նա­խա­գա­հու­թեամբ ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր եւ մաս­նակ­ցու­թեամբ 40 հո­գե­ւոր եւ աշ­խար­հա­կան պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Ազ­գա­յին ­Կեդր. վար­չու­թեան ան­դա­մին։ Ա­ռա­ւել, ժո­ղո­վին մաս­նա­կից դար­ձան ծխա­կան շրջան­նե­րու ­Թա­ղա­յին խոր­հուրդ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։
­Ժո­ղո­վի սկիզ­բին կար­դա­ցո­ւե­ցաւ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տի նա­մա­կը, ո­րուն մէջ յա­տուկ կը նշո­ւէին ­Հայ­րա­պե­տին պատ­կե­րա­ցում­նե­րը, թե­լադ­րանք­նե­րը եւ յոր­դոր­նե­րը ­Թե­մի ազ­գա­յին կեան­քի վե­րա­նո­րոգ­ման ու ա­նոր առ­ջեւ ծա­րա­ցած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը նոր թա­փով դի­մագ­րա­ւե­լու առն­չու­թեամբ։
2025-ի ­Մա­յի­սի ­Թե­մա­կան ե­րես­փո­խա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րէն ընտ­րո­ւած ե­րես­փո­խան­նե­րը քննար­կե­ցին շրջա­նա­ւարտ Ազ­գա­յին վար­չու­թեան եւ Կ­րօ­նա­կան ժո­ղո­վի բա­րո­յա­կան ու նիւ­թա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ա­պա յան­գե­ցան կա­րե­ւոր գնա­հա­տում­նե­րու։
­Յա­ջոր­դա­բար, ժո­ղո­վը լու­սար­ձա­կի տակ ա­ռաւ եւ հան­գա­մա­նօ­րէն քննու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձուց նոր եր­կա­մեա­կի ազ­գա­յին կեան­քի բազ­մե­րես բնա­գա­ւառ­նե­րը։ ­Հո­գե­ւոր մա­տուց­ման, Հ.Կ.­Խա­չի ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու կրթա­կան եւ տնտե­սա­կան մա­տա­կա­րար­ման, ե­րի­տա­սար­դու­թեան ներգ­րաւ­ման, թե­մա­կան կեան­քի աշ­խու­ժաց­ման, ժո­ղո­վուր­դի հո­գե­ւոր եւ ըն­կե­րա­յին կա­րիք­նե­րու գո­հաց­ման խնդիր­նե­րը ա­ռաջ­նա­կարգ կա­րե­ւո­րու­թեամբ տեղ գտան օ­րա­կար­գին մէջ ու մշա­կո­ւե­ցան հա­մա­պա­տաս­խան բա­նա­ձե­ւեր, ար­դիւ­նա­ւէտ մի­ջոց­նե­րով հաս­նե­լու հա­մար յու­նա­հայ կեան­քի բո­լոր ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րու ի­րա­գործ­ման։
­Ժո­ղո­վի ա­ւար­տին, ընտ­րո­ւե­ցաւ նոր Ազ­գա­յին վար­չու­թիւն եւ Կ­րօ­նա­կան ժո­ղով, ո­րոնք ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տին կող­մէ վա­ւե­րա­ցո­ւե­լէ ետք, պի­տի ստանձ­նեն ի­րենց թե­մա­կան պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը յա­ջորդ եր­կա­մեա­կին հա­մար։

Դի­ւան ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց ­Թե­մի
45-րդ Ե­րես­փո­խա­նա­կան ժո­ղո­վի