Կիրակի, 15 Մարտ 2026-ի կէսօրուան ժամը 1։00-ին, Ս. պատարագի աւարտին, Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ սրահին մէջ մէջ պիտի կատարուի Մեծ Պահոց Միջինքի պահքի ճաշկերոյթը, յատուկ պատրաստուած եկեղեցւոյ Տիկնանց մարմնոյ անդամուհիներուն կողմէ:
Մուտք մէկ անձի համար 8 եւրօ, իսկ փոքրերը՝ ազատ։
Կը հրաւիրենք հաւատացեալ մեր ժողովուրդը, ներկայ գտնուելու Ս. պատարագին, ապա ճաշակելու Միջինքի առթիւ պահքի համեղ ճաշերը։
ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԱՐՄԻՆ










