Կիրակի, 24 Օգոստոսին, Ասթրոս Քինուրիասի քաղաքապետական բանակավայրը իր դռները բացաւ հիւրընկալելու համար Հ.Յ.Դ. Պատանեկան Միութեան 44-րդ ամառնային բանակումը։ Այս անգամ եւս, տասնեակ պատանիներ եւ իրենց վարիչները առիթը պիտի ունենան վայելելու 8-օրեայ հանգստաւէտ պահեր ծովափնեայ շրջանին մէջ։
Տարուան մը ժողովական եւ այլ հետաքրքրական զբաղումներու պսակումը կը հանդիսանայ սոյն բանակումը, որուն անխափան կազմակերպումը վերջին 44 տարիներուն ընթացքին, պատանեկան տարիքի ամէնէն սպասուած եւ հաճելի համախմբումներէն մէկն է։
Ընկերային ջերմ մթնոլորտը, այլեւ դաստիարակչական յայտագիրը կը սատարեն պատանի սերունդի ազգային կազմաւորման։ Զանազան նիւթերու, աշխատանոցներու, ձեռային աշխատանքներու, ռատիոժամի, թերթիկի, հայ երգի ու պարի զբաղումներով, մեր պատանիները իրենց ապրումները կը զարգացնեն հարազատ միջավայրի մը մէջ։ Պատանեկան Միութեան Ընդհ.Վարիչ մարմինը եւ օգնական վարիչները կը հսկեն պատանիներուն վրայ եւ կը ջանան բանակումի ժամանակաշրջանը վերածել անմոռանալի եւ փորձառութիւններով լեցուն հանգրուանի մը։
Այս առիթով, նշենք նաեւ, թէ 15-18 Օգոստոսին, Խալքիտիքիի Հ.Գ.Խաչի ամառանոցին մէջ, իրագործուեցաւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտ. Միութեան 4-օրեայ բանակումը, որուն ընթացքին կազմակերպուեցան դաստիարակչական նիւթեր եւ ընկերային հաճելի ժամեր։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Մեկնարկեց Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Պատանեկան Միութեան 44-րդ բանակումը