Երկուշաբթի, 22 Սեպտեմբեր 2025-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին, Ալեքսանտրուպոլսոյ «Սուրբ Յովհաննու Կարապետ» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, որուն աւարտին կատարուեցաւ Հանրապետական Մաղթանք եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի օրհնութիւն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 34-րդ տարեդարձին առիթով։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցան հայրենիքէն ժամանած Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած ուժերու հինգ երիտասարդներ, ներկայ էին շրջանի յունական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ Ալեքսանտրուպոլսոյ հաւատաւոր ժողովուրդը։ Ժամերգութեան աւարտին, համայնքի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում եւ հիւրասիրութիւն։ Ապա, կազմակերպուեցաւ ընթրիք «Խովոլի» ճաշարանին մէջ, ջերմ մթնոլորտի ստեղծումով։