10 ­Յու­լի­սին, ­Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան ­Սուրբ ե­կե­ղե­ցին յի­շա­տա­կեց Սրբոց ­Թարգ­ման­չաց վար­դա­պե­տացն մե­րոց ­Սա­հա­կայ եւ ­Մես­րո­պայ տօ­նը: Այս ա­ռի­թով՝ ­Շա­բաթ, 12 ­Յու­լիս 2025-ի ե­րե­կո­յեան, Ս. եւ ան­մահ ­Պա­տա­րա­գով ու մա­տա­ղօրհ­նու­թեամբ նշո­ւե­ցաւ ­Գա­րէա­յի մատ­ռան՝ «Ս. ­Սա­հակ եւ Ս. ­Մես­րոպ» Ս. ­Խո­րա­նի օծ­ման ու ա­նո­ւա­նա­կո­չու­թեան տա­րե­դար­ձը, հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ թե­միս Ա­ռաջ­նորդ գերշ. Տ. ­Սա­հակ Ս. Եպս. Ե­մի­շեա­նի: Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը իր պատ­գա­մին մէջ վեր ա­ռաւ բնա­բա­նը օ­րո­ւան Ա­ւե­տա­րա­նէն «Ո­րով­հո­տեւ ուր որ է ձեր հարս­տու­թիւ­նը` հոն կ­՚ըլ­լայ ձեր սիր­տը»։ Իր խօս­քին մէջ Սր­բա­զա­նը հաս­տա­տեց այ­սօ­րո­ւան աշ­խար­հին մէջ մեր սրտե­րուն կա­պո­ւա­ծու­թիւ­նը տար­բեր «հարս­տու­թիւն­նե­րուն», ա­պա հրա­ւի­րեց մտա­ծել թարգ­ման­չաց վար­դա­պետ­նե­րու մե­զի փո­խան­ցած հարս­տու­թեան մա­սին` Աս­տու­ծոյ ճշմա­րիտ խօս­քին։ ­Տօ­նե­լով ­Սա­հակ եւ ­Մես­րոպ թարգ­մա­նիչ վար­դա­պետ­նե­րու տօ­նը ա­ռիթ կ­՚ու­նե­նանք վե­րաքն­նու­թեան են­թար­կել մեր ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը եւ տես­նել՝ ուր են մեր սիր­տե­րը, նա­խընտ­րու­թիւն­նե­րը, զո­հո­ղու­թիւն­նե­րը։ ­Հայ ժո­ղո­վուր­դի սիր­տը միշտ ե­ղած է ե­րեք ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ մէջ` Աս­տո­ւած-ե­կե­ղե­ցի, ըն­տա­նիք եւ հայ­րե­նիք։ Սր­բա­զա­նը նաեւ շեշ­տեց, թէ մեր կեան­քի նա­խա­սի­րու­թիւն­նե­րը, հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րը ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին կը փո­խո­ւին, սա­կայն ար­ժէք­նե­րը եւ ճշմա­րիտ հարս­տու­թիւն­նե­րը մնա­յուն են։ Իր խօս­քի ա­ւար­տին, Ա­ռաջ­նորդ սրբա­զա­նը յի­շե­ցուց, թէ ­Թարգ­մա­նիչ վար­դա­պետ­նե­րը այ­սօր Աս­տու­ծոյ խօս­քին հարս­տու­թիւ­նը կը փո­խան­ցեն մե­զի, այն խօս­քը որ կը մխի­թա­րէ, կը զօ­րաց­նէ, կը յու­սադ­րէ եւ կը միաց­նէ մեզ։ Ս. ­Պա­տա­րա­գը մա­տու­ցա­նեց շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վիւ արժ. Տ. ­Նա­րեկ քհնյ. ­Շա­հի­նեան, կող­քին ու­նե­նա­լով բրշ. ­Լե­ւոն Սրկ. Ու­նա­նեան, որ սպա­սար­կեց Ս. ­Սե­ղա­նին՝ եր­գե­ցո­ղու­թեամբ եւ խնկար­կու­թեամբ: Եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­Ֆիք­սի Ս. ­Յովհ. ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ դպրաց դա­սի ան­դա­մու­հի­նե­րու կող­մէ, խմբա­վա­րու­թեամբ բա­րեշ­նորհ ­Պետ­րոս սրկ. ­Պար­սա­մեա­նի: Ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ էին Ազգ. վար­չու­թեան ան­դամ տիկ. ­Շո­ղիկ ­Տա­տո­յեան, ­Գա­րէա-­Կե­սա­րեա­նիի, ­Նէոս ­Գոզ­մոս(­Ֆիքս)ի եւ ­Գո­քի­նիոյ ­Թա­ղա­յին խոր­հուրդ­նե­րու ան­դամ­ներ, տեղ­ւոյն Հ. Կ. ­Խա­չի մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան ան­դա­մու­հի­ներ, «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թի խմբագ­րա­կան կազ­մի ան­դամ­ներ եւ շրջա­նիս մէջ բնա­կող հա­մեստ թի­ւով հա­ւա­տա­ցեալ­ներ: ­Սուրբ ­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը օրհ­նեց մա­տա­ղը եւ նա­խա­գա­հեց հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօ­նին, շրջա­նիս հան­գու­ցեալ քա­հա­նա­նե­րու, սար­կա­ւագ­նե­րու, դպիր-դպրու­հի­նե­րու, ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ծա­ռա­յող­նե­րու եւ բա­րե­րար­նե­րու յի­շա­տա­կին։ ­Յա­ջոր­դա­բար, տե­ղի ու­նե­ցաւ հիւ­րա­սի­րու­թիւն, սրա­հի շրջա­փա­կին մէջ, ուր բաշ­խո­ւե­ցաւ մա­տա­ղը զո­վա­ցու­ցի­չի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ, որ գո­հու­նա­կու­թիւն եւ հա­ճե­լի տրա­մադ­րու­թիւն ստեղ­ծեց ներ­կա­նե­րուն մօտ: ­Վեր­ջաց­նե­լով՝ գնա­հա­տան­քի խօսք կ­՚ար­ժէ բո­լոր ա­նոնց ո­րոնք ի­րենց աշ­խա­տան­քով կամ նիւ­թա­կան ներդ­րու­մով սա­տա­րե­ցին մա­տա­ղի պատ­րաս­տու­թեան եւ այս տօ­նա­կան ե­րե­կո­յի յա­ջո­ղու­թեան հա­մար: ­Վարձ­քը կա­տար բո­լո­րին:

ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ