­Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պե­տի վեր­ջին յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հար­ցին շուրջ, ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն բա­ցա­յայ­տե­ցին երկ­րի ղե­կա­վա­րու­թեան խո­րա­գոյն ճգնա­ժա­մը ազ­գա­յին ինք­նու­թեան եւ պատ­մա­կան ար­դա­րու­թեան հան­դէպ։ ­Հա­յաս­տա­նի ներ­կայ իշ­խա­նա­կան խա­ւը կը շա­րու­նա­կէ որ­դեգ­րել քայ­լեր, ո­րոնք կը խա­թա­րեն հա­յու­թեան միաս­նա­կան կե­ցո­ւածք­նե­րը եւ ուղ­ղա­կի վնաս կը հասց­նեն ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման գոր­ծըն­թա­ցին։
­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը, որ հայ ժո­ղո­վուր­դի գո­յու­թեան պատ­մա­կան եւ բա­րո­յա­կան յե­նա­սիւ­նե­րէն մէկն է, այ­սօր վե­րա­ծո­ւած է ման­րադ­րա­մի՝ իշ­խա­նա­կան քա­ղա­քա­կան ընտ­րանք­նե­րուն պատ­ճա­ռով։ Ի­րե­րա­յա­ջորդ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով եւ քա­ղա­քա­կան վտան­գա­ւոր հնա­րամ­տու­թիւն­նե­րով, վար­չա­խում­բը պատ­րաստ է ար­ժեզր­կե­լու հա­յու­թեան պա­հան­ջա­տի­րա­կան զի­նա­նո­ցը, հե­տե­ւա­բար նաեւ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման քա­ղա­քա­կան, պատ­մա­կան ու հա­մազ­գա­յին նշա­նա­կու­թիւ­նը։
­Քա­ղա­քա­կան ճշմար­տու­թիւն է, որ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը միշտ ալ ե­ղած է բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան բա­ժին՝ յա­ճախ որ­պէս ճնշու­մի մի­ջոց Ան­գա­րա­յի դէմ։ ­Սա­կայն, այս բո­լո­րին մէջ, ­Հա­յաս­տան եր­բեք իր ներ­կա­յու­թիւ­նը չէր տե­սած գոր­ծըն­թա­ցը խո­չըն­դո­տե­լու կամ նսե­մաց­նե­լու դե­րին մէջ։ ­Նոյ­նիսկ երբ ա­ռա­ջին նա­խա­գա­հը կը յայ­տա­րա­րէր, թէ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հիմ­նա­հար­ցը մաս չի կազ­մեր ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, երկ­րի յա­ջոր­դա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րը եր­բեք չհա­կադ­րո­ւե­ցան հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ գոր­ծուած ո­ճի­րի մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման գոր­ծըն­թա­ցին, այլ հա­մա­հայ­կա­կան Հռ­չա­կա­գի­րի ճամ­բով, ի­րա­ւա­տի­րոջ դե­րին մէջ տե­սան ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան յանձ­նա­ռու­թիւ­նը։ Իսկ այ­սօր, ներ­կայ իշ­խա­նու­թիւ­նը սառ­նասր­տու­թեամբ լծո­ւած է ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ի­րա­ւա­կան ծրա­րի նսե­մա­ցու­մին, ա­նոր շուրջ կա­ռու­ցե­լով նոր «ի­րա­կա­նու­թիւն­ներ», ուր մեր պատ­մա­կան ի­րա­ւուն­քը կը ստո­րա­դա­սո­ւի քա­ղա­քա­կան մանր հա­շո­ւարկ­նե­րու։
Երբ ի պա­տաս­խան Իս­րա­յէ­լի վար­չա­պե­տին կող­մէ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան անձ­նա­կան ճա­նաչ­ման յայ­տա­րա­րու­թեան, ­Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պե­տը բթամտօ­րէն հրա­պա­րա­կաւ կը յայ­տա­րա­րէ, որ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը ­Հա­յաս­տա­նի ա­ռաջ­նա­յին կամ նոյ­նիսկ օ­րա­կար­գա­յին շա­հը չէ, ոչ միայն կը մեր­ժէ սե­փա­կան պատ­մու­թիւ­նը, այ­լեւ կը տա­պա­լէ ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան, նաեւ Ան­կա­խու­թեան հռչա­կա­գի­րի այն հիմ­նադ­րոյթ­նե­րը, ո­րոնք յստակ կը բնո­րո­շեն, թէ պե­տու­թիւ­նը սա­տար կը կանգ­նի ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման։ Այս դիր­քո­րո­շու­մը հա­կա­սահ­մա­նադ­րա­կան եւ հա­կա­պե­տա­կան ըն­թաց­քի մէջ կը դնէ վար­չա­խում­բը, յան­ցա­գոր­ծու­թեան սահ­ման­նե­րը հա­տե­լու ծանր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեամբ։
Ա­ւե­լի՛ն, ան յղի է վտան­գա­ւոր հե­տե­ւանք­նե­րով։ Այն­պէս ինչ­պէս Ար­ցա­խի քա­ղա­քա­կան եւ ռազ­մա­կան թա­տե­րա­բե­մին վրայ կա­տա­րո­ւե­ցաւ ազ­գա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու պար­տո­ւո­ղա­կան նա­հանջ, եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր նոյ­նը կը փոր­ձո­ւի գոր­ծադ­րել ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցին մէջ։ ­Նոր իշ­խա­նա­կան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւ­նը՝ «ի­րա­կան ­Հա­յաս­տան» ար­հես­տա­ծին վար­կա­ծը, բա­ցա­յայ­տօ­րէն կը մի­տի խզել հայ­րե­նի­քի ու սփիւռ­քի կա­պե­րը։ Ս­փիւռ­քա­հա­յու­թիւ­նը՝ որ եր­կար տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր կա­րո­ղա­ցաւ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շո­ղու­թիւ­նը վե­րա­ծել հա­մաշ­խար­հա­յին օ­րա­կար­գի, այ­սօր կը դադ­րի հայ ժո­ղո­վուր­դի պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ի­րա­ւա­տի­րոջ դե­րին մէջ ձայն ու­նե­նա­լէ։ Այս մեր­ժո­ղա­կա­նու­թիւ­նը մէկ կող­մէն կը կտրէ ժո­ղո­վուր­դի կէ­սէն ա­ւե­լիի ձայ­նը, միւս կող­մէն կը խարխ­լէ այն հսկա­յա­կան աշ­խա­տան­քը, ո­րով ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման գոր­ծը հա­սաւ մի­ջազ­գա­յին ա­տեան­նե­րուն առ­ջեւ։ Այն սե­րունդ­նե­րը, ո­րոնք զո­հա­բե­րու­թիւն կա­տա­րե­ցին ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը հա­մաշ­խար­հա­յին օ­րա­կար­գին վրայ բե­րե­լու հա­մար, այ­սօր կը տես­նեն ի­րենց ջան­քե­րու ար­դիւնք­նե­րը քայ­քա­յո­ւե­լու վտան­գի եզ­րին։ ­Հարկ է ըն­դու­նիլ, որ ­Հա­յաս­տա­նի ներ­կայ դրու­թիւ­նը բարդ է՝ եր­կի­րը գտնո­ւե­լով եր­կու թշնա­մա­կան պե­տու­թիւն­նե­րու շրջա­փա­կու­մին մէջ։ ­Սա­կայն, այս ի­րա­կա­նու­թիւ­նը չի կրնար ար­դա­րաց­նել ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րէ հրա­ժա­րու­մի քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։ Երբ Ան­գա­րա­յի եւ ­Պա­քուի նա­խա­պայ­ման­նե­րուն առ­ջեւ յանձ­նո­ւո­ղա­կան դիրք կ­՚ըն­դու­նո­ւի, ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն կը կոր­սուին դի­ւա­նա­գի­տա­կան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ հող կը տրա­մադ­րո­ւի թրքա­կան եւ ատրպէյ­ճա­նա­կան ժխտո­ղա­կա­նու­թեան նոր ար­շաւ­նե­րուն։ ­Մինչ թուրք-ատրպէյ­ճա­նա­կան զի­նակ­ցու­թիւ­նը կը ջա­նայ զո­հը վե­րա­ծել դա­հի­ճի, Ե­րե­ւան կը յայ­տա­րա­րէ, թէ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը «չի բխիր ­Հա­յաս­տա­նի շա­հե­րէն»։ Այս­պի­սով, հայ­կա­կան պե­տու­թիւ­նը կ­՚ընկրկի իր պատ­մա­կան պար­տա­ւո­րու­թե­նէն եւ կը դառ­նայ սե­փա­կան ժա­ռան­գու­թեան ու­րա­ցո­ղը։ ­
Դար մը ա­ռաջ հայ ժո­ղո­վուր­դը գին վճա­րեց իր գո­յու­թեան հա­մար։ Այ­նու­հե­տեւ, ար­դա­րու­թեան պա­հան­ջը դար­ձաւ սե­րունդ­նե­րու շար­ժիչ ու­ժը։ Այ­սօր սա­կայն, իշ­խա­նա­կան խում­բը կը փոր­ձէ այդ պա­հան­ջը վա­ճա­ռել՝ իբ­րեւ «բա­րե­գոր­ծա­կան զի­ջում» դի­ւա­նա­գի­տա­կան պա­տե­հա­պաշ­տու­թեան դի­մաց։ ­Մտայ­նու­թիւն մը, որ խո­րա­պէս կը խա­թա­րէ պատ­մա­կան ար­դա­րու­թիւ­նը եւ մեր ազ­գա­յին ինք­նու­թեան հի­մե­րը։ ­Պէտք է յստակ դառ­նայ. ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չու­մը միայն սփիւռ­քեան յուշ չէ, ո՛չ ալ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մանր գոր­ծիք։ Ան հա­մազ­գա­յին ի­րա­ւունք է, պե­տա­կան ռազ­մա­վա­րա­կան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն եւ բա­րո­յա­կան պար­տա­ւո­րու­թիւն։ Ո­րե­ւէ իշ­խա­նա­ւոր, որ կը մեր­ժէ այս ճշմար­տու­թիւ­նը, միայն ու միայն կը վնա­սէ հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­պա­գան եւ ­Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կա­նու­թեան գո­յու­թե­նա­կան հի­մե­րը։ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չու­մը պէտք է ըն­կա­լո­ւի որ­պէս ազ­գա­յին ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեան եւ պատ­մա­կան ար­դա­րու­թեան հարց, հե­ռու պա­հե­լով զայն դի­ւա­նա­գի­տա­կան փե­րե­զա­կու­թիւն­նե­րէ։
Այ­սօ­րո­ւան իշ­խա­նա­ւոր­նե­րու քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը ցոյց կու տայ թէ ինչ­պէս կա­րե­լի է քայլ առ քայլ քան­դել այն կա­մուրջ­նե­րը, ո­րոնք տաս­նա­մեակ­նե­րու զօ­րա­շար­ժով կա­ռու­ցո­ւե­ցան։ Ե­թէ այս ըն­թաց­քը չկա­սե­ցո­ւի, վա­ղը պի­տի արթն­նանք ի­րա­կա­նու­թեան մը մէջ, ուր ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման պայ­քա­րը վե­րա­ծուած պի­տի ըլ­լայ դա­տարկ թուղ­թի, իսկ մեր ժո­ղո­վուր­դի ա­մե­նա­մեծ ող­բեր­գու­թիւ­նը՝ ան­տե­սո­ւած է­ջի։