Աշխարհի յարափոփոխ հոլովոյթին մէջ, ուր արժէքներու համակարգը անընդհատ վերատեսութեան կ՚ենթարկուի եւ կրթութեան մարտահրաւէրները յաճախ կ՚այլասերուին, հայ վարժարանը կը շարունակէ մնալ մեր ազգային ինքնութեան ուժեղ պահապանը։ Հայ դպրոցի առաքելութիւնը չի սահմանափակուիր սոսկ ուսումնական գործընթացով։ Ան նախ եւ առաջ հայ մարդու կերտման ու հայեցի արժէքներու փոխանցման կենսունակ դարբնոց մըն է, ուր կը կերտուին կրթուած, այլեւ ազգային ինքնագիտակցութեամբ ոգեշնչուած սերունդներ։
Հաւաքական կեանքին մէջ բազմիցս արտայայտուած է մտահոգութիւնը, թէ արդեօք հայ դպրոցը կը պահէ՞ իր կարողութիւնը համահունչ ըլլալու արդի աշխարհի գիտելիքներու մատուցման պահանջներուն։ Գուցէ ժամանակակից օտար վարժարանները կը հմայեն իրենց միջոցներով, սակայն ոչ մէկը կը կարողանայ փոխարինել հայ դպրոցի ներշնչող մթնոլորտը եւ անոր հայրենաճանաչ առաքելութիւնը։ Անարարկելի իրողութիւն է, թէ ընտանիք-դպրոց-գաղութ եռակողմ կապը այն յատկանշական ուժն է, որ ամուր հիմերու վրայ կը զարգացնէ հայ նոր սերունդին ազգային գիտակցութիւնը։
Հայ դպրոցի կենսունակութիւնը կը պայմանաւորուի երկու առաջնային գործօններով՝ գաղութի կառոյցներու կազմակերպուած ու հետեւողական գործունէութեամբ եւ իւրաքանչիւր հայ անհատի անձնական նուիրումով։ Առաջինին միջոցով կը ստեղծուին երկարաժամկէտ ծրագիրներ եւ հաստատութիւններու տնտեսական ապահովութիւնը, իսկ երկրորդը կու տայ անհրաժեշտ ջերմութիւնը՝ ամրապնդելու համար դպրոց-ընտանիք կապը եւ ամուր պատուանդանի վրայ դնելու աշակերտներու հոգեմտային զարգացումը։
Շաբաթ մը առաջ, գումարուեցաւ Յունաստանի հայոց 45-րդ Թեմական երեսփոխանական ժողովը, ուր հոն՝ հրամայական շեշտով, հայակրթութեան օրակարգը դառձաւ առաջնակարգ մտահոգութեան առարկայ, ապա հայ դպրոցը զօրացնելու եւ յունահայ սերունդները յաջողապէս հայակրթելու անյետաձգելի պահանջներուն մասին պատշաճ քննարկումներ ու առաջարկներ մէջտեղ եկան։
Այս առաքելութեան ամրապնդման համար անհրաժեշտ են նաեւ հաստատուն տնտեսական հիմքեր։ Կրթական կտակներու եւ ֆոնտերու ստեղծումը կրնայ դառնալ հայագիտական ուսման եւ ապագայի ապահով երաշխիք։ Առաւել, հակառակ իր արժէքին ու վաստակին, հայ դպրոցը չի կրնար կանգ առնել գոյութիւն ունեցող միջոցներուն առջեւ։ Ժամանակակից աշակերտը հասակ կը նետէ արագ զարգացող թուային արհեստագիտութեան, համացանցի եւ արհեստական բանականութեան պայմաններուն մէջ։ Մեր կրթական համակարգը եւս կը գտնուի նորարար մանկավարժական գործիքակազմերու եւ արդիական միջոցներու որդեգրման խաչմերուկին, միշտ պահպանելով հայեցի դաստիարակութեան հիմնական ուղենիշերը։
Վերջին տասնամեակներուն, շնորհիւ գաղութային կառոյցներուն եւ նուիրեալ ուսուցիչներու հետեւողական աշխատանքին, մեր վարժարանները յաջողած են պահպանել ոչ միայն գոյատեւման, այլեւ զարգացումի ուղին։ Իրենց որդեգրած նորաձեւութիւններով, մանկավարժական արդի միջոցներու կիրարկումով, ուսուցիչներու վերապատրաստման հետեւողական ծրագիրներով, Հ.Կ.Խաչի ազգային վարժարաններու ստացած պետական բարձր գնահատումը կը փաստէ երկարամեայ ծրագրուած աշխատանքին արդիւնաւէտութիւնը եւ նուաճողական յաջողութիւնը։ Այս ձեռքբերումները պէտք չէ ընկալուին իբրեւ վախճանական հանգրուան, այլ որպէս նոր եւ աւելի մեծ պատասխանատուութեան հիմնակէտ։
Այս առումով, անհրաժեշտ է հանրային մշտական իրազեկումը, մանաւանդ նոր ծնողներու հասցէին։ Յաճախ կը պատահի, որ օտար դպրոցներու փայլքն ու համբաւը կը հրապուրեն ընտանիքները, որոնք երբեմն կը թերագնահատեն հայ վարժարանի խորքային նպաստը։ Հարկ է հայ ընտանիքներու գիտակցութեան մէջ զարգացնել այն հաստատ համոզումը, թէ հայ դպրոցը՝ ժամանակակից գիտելիքներու փոխանցման զուգահեռ, կը սերմանէ ամէնէն հիմնականը՝ պատկանելիութեան գիտակցութիւնը։ Հայ կրթարանները աշակերտին մէջ կ՚արմատաւորեն հայ ինքնութեան հանդէպ հաւատարմութեան ու պատասխանատուութեան յանձնառութիւնը։
Այս բոլորին յաջողութիւնը կարելի պիտի ըլլայ աւելի ամրագրել երբ յունահայ ընդգրկուն հաւաքականութիւնը կարողանայ ամբողջապէս տէր կանգնիլ իր պատասխանատուութեան։ Հայ դպրոցը տասնամեակներու վրայ ծաղկած հաւաքական ժառանգութիւն մըն է, որուն գոյատեւումը չի սահմանափակուիր միայն գաղութային գործօններուն, նուիրեալ ուսուցիչներուն կամ ծնողական շրջանակին մէջ։ Ան մեր բոլորին սեփականութիւնն է ու բարոյական կտակի մը պահպանման պարտականութիւնը։
Այս օրերուն, երբ դպրոցական նոր տարեշրջանը կը մեկնարկէ, ջերմ մաղթանքներ կ՚ուղղուին աշակերտներուն եւ ծնողներուն, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներու նուիրեալ փաղանգին, որոնք եռանդով կը ծառայեն նորահաս սերունդներու ապագայի կերտումին։ Նոր տարեշրջանը պէտք է տեսնել ոչ միայն իբրեւ կրթական ընթացքի սկիզբ, այլ նաեւ ազգային արժէքներու խորացման եւ հայ կեանքի կենսունակութեան մտասեւեռում։
Հայ վարժարանը հոգի կը կերտէ։ Ան պիտի մնայ մեր աչքին լոյսը. այնտեղ է ուր կը ձեւաւորուի հայ մարդը՝ իր ամբողջական հաւատարմութեամբ ու յանձնառութեամբ։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ Հայ դպրոցը՝ սերունդներու կերտիչը եւ ինքնութեան պահապանը (դպրոցական վերամուտին առիթով)