Իր կարգին բացառիկ եւ յոյժ կարեւոր այցելութիւն մը կատարեցին «Ազատ Օր»-ի խմբագրատուն՝ Արեւմտեան Ատիիկէի համալսարանի խումբ մը ուսանողներ, որոնք ներկայիս իրենց բարձրագոյն ուսումը կը ստանան հիմնարկի Ընկերային աշխատանքի վարժարանէն ներս։
Ծանօթացման այցելութիւնը նախաձեռնութիւնն էր գանատահայ գիտաշխատող Ալին Պօղոսեանի, որ դասախօս է Մոնթրէալի համալսարանի Ընկերային աշխատանքի բաժինին մէջ, իսկ ներկայիս կը գտնուի Յունաստան՝ գիտական աշխատանք կատարելու համար վերոնշեալ յունական համալսարանէն ներս եւ կատարելագործելու իր մասնագիտութեան ասպարէզը։
20 ուսանողներէ բաղկացած խումբը, ուղեկցութեամբ իրենց դասախօս Էլէնի Փափուլիի, Հինգշաբթի, 18 Դեկտեմբեր 2025-ի առաւօտուն, այցելեցին «Ազատ Օր»-ի խմբագրատունը եւ դիմաւորուեցան թերթիս պաշտօնէութեան կողմէ։
Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումի ընթացքին, օրաթերթի տնօրէն ընկ. Մայք Չիլինկիրեան մանրամասն անդրադարձաւ յունահայ գաղութի պատմութեան, անոր ստեղծումէն մինչեւ մերօրեայ իրականութիւնը, տալով պատմական, ընկերային, կառուցային եւ միութենական պատկերը։ Ընկերը խօսեցաւ յունահայ գաղութի հոգեւոր, կրթական եւ հասարակական գործունէութեան մասին, տալով համապատասխան տեղեկութիւններ բովանդակ Յունաստանի մէջ գործող հայկական տարբեր համայնքներու կեանքին մասին։
Յատուկ տեղ գրաւեց յունահայ մամուլի իրականութիւնը, իր անցեալի պատմութեամբ ու ներկայ իրավիճակով։ Նշում եղաւ «Նոր Օր»-ի եւ «Ազատ Օր»-ի հրատարակութեան մասին, տալով տարբեր ժամանակաշրջաններու եւ հանգրուաններու համառօտ պատկերը։ Նաեւ, նշուեցաւ յունալեզու «Արմենիքա» պարբերաթերթի հրատարակութիւնն ու գիրքերու հրատարակման աշխատանքը։
Պէտք է նշել, թէ զեկուցական հաւաքը մեծ հետաքրքրութեամբ ընկալուեցաւ այցելուներուն կողմէ, որոնք բազմաթիւ հարցումներով, մատնանշումներով եւ կարծիքներով ստեղծեցին ընդարձակ զրոյցի մը ջերմ մթնոլորտը։
Նաեւ, ուսանողներու խումբին հնարաւորութիւն տրուեցաւ մօտէն ճանչնալու թերթի անցեալի թիւերու տոմարները եւ իրենց հիացումը յայտնելու յունահայ գաղութի երկարամեայ պատմական շտեմարանին համար, որ տեղ գտած է հատորներուն մէջ։ Միաժամանակ, իրազեկ դարձան թերթի արդի հրատարակութեան ձեւաչափին ու առօրեայ ներկայութեան յունահայ իրականութեան մէջ։
Նոյն օրը, ուսանողները եւ դասախօսները այցելեցին Նէոս Գոզմոսի Հ.Կ.Խաչի «Ճէնազեան» միջնակարգ ազգային վարժարանը, ուր դիմաւորուեցան տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին կողմէ։ Տեղւոյն վրայ, մօտէն ծանօթացան հայակրթական հիմնարկներուն, տեղեկութիւններ ստանալով մեր վարժարաններու կրթադաստիարակչական համակարգին մասին։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Համալսարանի ուսանողներու այցելութիւնը «Ազատ Օր»-ի խմբագրատուն










