Ընդառաջելով Նիքէայի քաղաքապետարանի հրաւէրին, Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեան եւ Թաղային խորհուրդի անդամներ պրն. Լեւոն Չէրչեան եւ Գարլօ Գույումճեան Երեքշաբթի, 28 Հոկտեմբեր 2025ի առաւօտեան ժամը 10։30-ին, ներկայ գտնուեցան «Օսիա Քսէնի» հրապարակը, ուր յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցաւ Յունաց ազգային տօնին առթիւ հոգեհանգստեան արարողութիւնը, օրուան պատգամի փոխանցումը, ապա դափնեպսակներու զետեղումը։
Յանուն Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ, պրն. Գարլօ Գույումճեան զետեղեց դափնեպսակը։ Ետքը տեղի ունեցաւ աշակերտական եւ սկաուտական տողանցքը, որուն մաս կազմեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գոքինիոյ մասնաճիւղի սկաուտական խումբը։
Աւարտին, հոգեւոր հովիւն ու Թաղային խորհուրդի անդամները մեկնեցան «Զաւարեան» կեդրոն, ուր տեղի ունեցաւ սկաուտներու դրօշակի արարողութիւնը։ Տ. Պարէտ քահանայ հայրը, խօսք առնելով շնորհաւորեց ազգային տօնին առթիւ սկաուտական կազմի պատուաբեր տողանցքը եւ անոնց մաղթեց քաջառողջութիւն ու յաջողութիւն։
Թղթակից










