Յունաստանի հայոց թեմի Առաջնորդ Տ. Սահակ եպս. Եմիշեան Երեքշաբթի, 9 Դեկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան, ընդունեց Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի նորընտիր կազմի այցելութիւնը Ազգային Առաջնորդարանէն ներս։
Առաջնորդ Սրբազան հայրը, բարի գալուստի իր խօսքէն ետք, շնորհաւորեց նորընտիր Կեդր. կոմիտէի անդամները եւ յաջողութիւն մաղթեց յառաջիկայ բոլոր ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն մէջ։
Հանդիպման ընթացքին առիթը տրուեցաւ զրուցելու յունահայ գաղութը վերաբերող տարբեր հարցերու շուրջ եւ կեդրոնանալ յատկապէս ազգային ու միութենական մեր կառոյցներու վերակենսաւորման աշխատանքներուն վրայ, կառուցողական ու բովանդակալից մթնոլորտով։ Երկուստեք շեշտուեցաւ համադրուած ու կենսունակ գործունէութեան անհրաժեշտութիւնը՝ յունահայութեան ազգային կեանքը աշխուժ եւ կազմակերպուած պահելու համար։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի այցելութիւնը թեմակալ Առաջնորդ Սրբազան հօր










