Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ Քոնսթանթինոս Թասուլասի հրաւէրով, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան պաշտօնական այցելութեամբ գտնուեցաւ Աթէնք եւ ունեցաւ երկկողմանի շփումներ հելլէն պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու հետ։
17-20 Փետրուարի քառօրեայ այցելութեան ընթացքին, նախագահի յայտագիրը կը պարունակէր պաշտօնական հանդիպումներ, համաձայնագիրներու ստորագրում եւ այլ բնոյթի միջոցառումներ։ Հայաստանի նախագահին կ՚ընկերակցէին նախարարներ եւ պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ։
Հանդիպում յոյն պաշտօնակիցին հետ
Չորեքշաբթի, 18 Փետրուարի առաւօտուն, Հ.Հ. նախագահը դափնեպսակ զետեղեց Անծանօթ Զինուորի յուշադամբանին առջեւ, ապա ուղղուեցաւ դէպի նախագահական պալատ՝ պաշտօնական հանդիպում ունենալու համար Քոնսթանթինոս Թասուլասին հետ։ Նախագահական ապարանքի մուտքին, Վահագն Խաչատուրեան դիմաւորուեցաւ հելլէն նախագահին կողմէ, մինչ էւզոններու եւ զինուորներու ջոկատներ պատուի կանգնած էին։ Հնչեցին Հայաստանի եւ Յունաստանի ոգերգները, ապա ծայր առին պաշտօնական հանդիպումները երկու նախագահներուն միջեւ, որոնց յաջորդեց ընդլայնուած հանդիպում երկու երկիրներու պատուիրակութիւններուն միջեւ։ Նախագահները ունեցան ջերմ ու սիրալիր արտայայտութիւններ, ընդգծելով հայ եւ յոյն ժողովուրդներու բազմադարեայ բարեկամութիւնը, հասարակաց պատմական երթը, նաեւ ներկայ դարաշրջանի միջպետական բազմաոլորտ գործակցութիւնը։
Հայաստանի եւ Յունաստանի նախագահներու հանդիպումի օրակարգին վրայ քննուեցաւ երկկողամի գործակցութեան զարգացումը յատկապէս անվտանգութեան, տնտեսութեան, առեւտրաշրջանառութեան, արհեստագիտական զարգացման, գիտութեան եւ կրթութեան ոլորտներուն շուրջ։
Յուշագիրի ստորագրում
Պաշտօնական հանդիպումներու աւարտին, արհեստագիտական զարգացման մարզէն ներս տեղի ունեցաւ երկու երկիրներու գործակցութիւնը ամրապնդող յուշագիրի ստորագրում՝ Հ.Հ. բարձր արհեստագիտութեան եւ արդիւնաբերութեան փոխնախարար Գէորգ Մանթաշեանի եւ Յունաստանի թուային կառավարման փոխնախարար Խրիսթոս Տերմենծոփոլուսին կողմէ, որուն ներկայ եղան նաեւ երկու նախագահները։
Շքանշաններու տուչութիւն
Պաշտօնական հանդիպումներուն յաջորդեց շքանշաններու տուչութիւն, որուն ընթացքին նախ յոյն նախագահը Վահագն Խաչատուրեանին նուիրեց բարձրագոյն «Մեծ Խաչ» աստիճանի շքանշանը, ապա հայ նախագահը Քոնսթանթինոս Թասուլասին փոխադարձեց հայկական «Փառքի» շքանշանի տուչութեամբ։
Պաշտօնական ընդունելութիւն եւ ճաշկերոյթ
Երկկողմանի խօսակցութիւններու պսակումը եղաւ պաշտօնական ճաշկերոյթի սարքումը ի պատիւ Հ.Հ. նախագահին եւ իր գլխաւորած պատուիրակութեան, նախագահական ապարանքի շքեղ սրահին մէջ։ Բացի երկու նախագահներուն,զոյգ երկիրներու նախարարներուն եւ պետական բարձրաստիճան անձերուն, ճաշկերոյթին պաշտօնապէս հրաւիրուած էին եւ ներկայ եղան Թեմակալ Առաջնորդ Սրբազան հայրը, Ազգային վարչութեան ատենապետը եւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդր. կոմիտէի ներկայացուցիչը։
Նախագահները արտասանեցին ուղերձներ եւ նշեցին զոյգ երկիրներու ամրապնդուած գործակցութիւնն ու բարեկամական բարձր մակարդակը, ի խնդիր երկու ժողովուրդներու բարօրութեան ու եղբայրական կապերուն։
Հանդիպում խորհրդարանի նախագահին հետ
Հինգշաբթի, 19 Փետրուարի առաւօտուն, Յունաստանի խորհրդարանի նախագահ Նիքիթաս Քաքլամանիս պաշտօնական ընդունելութեամբ դիմաւորեց Հ.Հ. նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը ու իր պատուիրակութիւնը։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ ջերմ մթնոլորտի մէջ եւ երկուստեք եղան արտայայտութիւններ երկիրներու բարեկամական ու գործակցական կապերուն մասին, յատուկ նշում ընելով միջխորհրդարանական գործակցութեան նկատմամբ։ Յաջորդաբար հայ նախագահը ծանօթացաւ խորհրդարանի շէնքին մէջ ընթացող «Մեր սահմանադրութիւնը՝ 1975-2025» խորագիրով ցուցադրութեան։
Մշակութային եւ առեւտրատնտեսական ելոյթներ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի այցելութեան ծիրէն ներս, տեղի ունեցան շարք մը ելոյթներ, որոնց մասնակցեցաւ նախագահը ու իր պատուիրակութիւնը։
Չորեքշաբթի, 18 Փետրուարի երեկոյեան, Վահագն Խաչատուրեան ծանօթացաւ Պենաքի թանգարանի ցուցադրութեան, որուն մէջ ընդգրկուած են նաեւ հայկական պատմամշակութային ու ազգագրական նմուշներ։
Յաջորդաբար, իր յոյն պաշտօնակիցին հետ կատարեց նկարներու ցուցադրութեան պաշտօնական բացումը Բիւզանդական թանգարանին մէջ, նիւթ ունենալով «Աղօթք խաղաղութեան» համար, նուիրուած Գրիգոր Նարեկացիին:
Հինգշաբթի օր, նախագահը եւ իր պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցան յունական գործարար շրջանակներու հետ, Աթէնքի Առեւտրական եւ արդիւնաբերական պալատին մէջ։
Ուրբաթ, 20 Փետրուարին, նախատեսուած է այցելութիւն Աքրոփոլիսի թանգարանը, ուր նաեւ պիտի կատարուի փոխըմբռնումի յուշագիրի ստորագրում թանգարանի տնօրէն Նիքոս Սթամպոլիտիսի եւ Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի տնօրէն Դաւիթ Պօղոսեանի միջեւ։










