Անդամական ընդհանուր ժողով Ֆիքսի մէջ
Հ.Կ.Խաչի Ֆիքսի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը հրաւիրէ իր բոլոր անդամուհիները անդամական Ընդհանուր ժողովի, որ տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի, 22 Սեպտեմբեր 2025-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Աւետիքեան» սրահէն ներս։
Ժողովի օրակարգ՝
1) Վարչութեան նիւթաբարոյական տեղեկագրի ընթերցում եւ քննարկում
2) Առաջարկներ Հ.Կ.Խաչի 85-րդ Պատգամաւորական ժողովի
3) Պատգամաւորներու ընտրութիւն
Կը հրաւիրուի Շրջանային Վարչութիւնը։
Բոլոր անդամներու մասնակցութիւնը անհրաժեշտ է։
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
***
Անդամական ընդհանուր ժողով Աթէնքի մէջ
Հ.Կ.Խաչի Աթէնքի «Ծովինար» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը հրաւիրէ իր բոլոր անդամուհիները անդամական Ընդհանուր ժողովի, որ տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, 24 Սեպտեմբեր 2025-ին, երեկոյեան ժամը 6-ին, Հ.Կ.Խաչի գրասենեակի սրահէն ներս։
Ժողովի օրակարգ՝
1) Վարչութեան նիւթաբարոյական տեղեկագրի ընթերցում եւ քննարկում
2) Առաջարկներ Հ.Կ.Խաչի 85-րդ Պատգամաւորական ժողովի
3) Պատգամաւորներու ընտրութիւն
Կը հրաւիրուի Շրջանային Վարչութիւնը։
Բոլոր անդամներու մասնակցութիւնը անհրաժեշտ է։
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ